Լրահոս

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ «3+3» ՁԵՒԱՉԱՓԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ ամբողջական ձեւաչափով Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւններու շուտափոյթ վերսկսումը։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը լայն միջազգային աջակցութիւն կը վայելէ։

ՊԱՅՏԸՆ ԵՒ ԾԻՆՓԻՆ ՊԻՏԻ ԽՕՍԻՆ ՏԵՍԱԿԱՊՈՎ

Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ մէկ կողմէ մրցակցութիւնն ու լարուածութիւնը կը շարունակուի, իսկ միւս կողմէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ երկխօսութեան որոնումներ յառաջ կը տարուին։ Միջազգային աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի միջեւ մօտակայ ժամանակներուն տեսակապով հանդիպում մը կը նախատեսուի։

ՓԱԹՐՈՒՇԵՒ-ՇԱՄԽԱՆԻ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւ Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի քննարկեցին երկու երկիրներու անվտանգութեան ոլորտի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը։ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին շրջանին շփումները խտացած են՝ մանաւանդ տարածաշրջանային նոր իրադրութեան մթնոլորտին մէջ։

ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ ԿԸ ՎԵՐՅԻՇԷ՝ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԿԱՐՕՏՈՎ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 83-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐՈՎԻ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը հերթական անգամ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի գործերէն մին։ Պոլսահայ արդի գրականութեան վրայ հետք թողած անուններէն մին է Զաւէն Պիպեռեան, որու գրական ժառանգութիւնը նորովի կ՚արժեւորուի այս նոր գիրքով։

ՈՐԵՒԷ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ՉԿԱՅ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է օգտուի պատմական հնարաւորութենէն ու պատասխանէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հնչեցուած խաղաղութեան կոչերուն։ Հրադադարի առաջին տարուան համար Ատրպէյճան այցելութեան մեկնած Հուլուսի Աքար իր յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որու բացման հետամուտ են Պաքուն եւ Անգարան։

ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարի մը առաջ ստորագրուած յայտարարութիւնը չափազանց կարեւոր փաստաթուղթ մըն է։ Արցախի երկրորդ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ չափազանց կարեւոր յայտարարութեան նշանակութիւնը դժուար է գնահատել։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՓԱՐԻԶ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ։ Իր ուղեւորութիւնը կը սկսի այսօր։ Արարատ Միրզոյեան կը մասնակցի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանին, որու ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մը։

ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը՝ հրադադարի առաջին տարելիցին:
Երեւան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ ու տեւական լուծումը հնարաւոր կը համարէ միայն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ:

Էջեր