Լրահոս

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթ մը ունեցաւ COP26 համաժողովին, Կլասքով:
Արմէն Սարգսեան. «Երեւանի երկարաժամկէտ նպատակն է՝ այս դարու երկրորդ կէսին հասնիլ կլիմայի չէզոքութեան»:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցը կը մօտենայ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան երէկ ընդունեց Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

ԼԱՒՐՈՎ-ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ռուս նախարարը օր մը առաջ ալ հեռաձայնով զրուցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով թաղման պաշտօնական յանձնաժողով ստեղծուեցաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ եւ գրող Վանօ Սիրադեղեանի մահուան կապակցութեամբ։ Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ

Տագնապներու պատճառով, աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանիշային ցուցանիշ է, կը հաղորդէ ներքին տեղահանուած անձերու հարցերու ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Հիմենես Տամարի:

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԼԱՍՔՈՎԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ՝ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային պայմանագրի (COP26) ստորագրադիր երկիրներու 26-րդ համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կլասքովի մէջ, Անգլիա։ Միեւնոյն ժամանակ, ան մասնակցութիւն բերաւ զուգահեռաբար կազմակերպուած Համաշխարհային առաջնորդներու գագաթաժողովին։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Բացի երկկողմանի բնոյթով նիւթերէ, անոնք անդրադարձան բազմակողմանի համագործակցութեան, միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի վերաբերեալ հարցերու։

ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԷՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան պատուոյ գիրը Շահան Գանտահարեանին յանձնուեցաւ կառոյցի նախագահութեան անդամ Եուրի Սուվարեանի կողմէ, որ ակադեմիայի Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղարն է։

Էջեր