ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Պաքուի հետ Ուաշինկթընի դիւանագիտական կապերու 30-ամեակին ընդառաջ:
ԱՄՆ միշտ յանձնառու՝ գործընկերային յարաբերութիւնները զանգացնելու եւ անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցելու:
Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Պաքուի հետ Ուաշինկթընի դիւանագիտական կապերու 30-ամեակին ընդառաջ:
ԱՄՆ միշտ յանձնառու՝ գործընկերային յարաբերութիւնները զանգացնելու եւ անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցելու:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպումներ կը նախատեսուին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեամբ:
Փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեան խորհրդարանի յանձնաժողովներու նիստին. «Մօտաւոր ապագային պայմաններ պիտի ստեղծուին՝ խաղաղութեան գործընթացի լիարժէք վերսկսման համար»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ նշեց, որ Անգարա պատրաստակամ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթ մը ունեցաւ ծրագրաւորման ու պիւտճէի յանձնաժողովի նիստին ժամանակ, մինչ կը քննարկուէր 2022 թուականի պիւտճէի նախագիծը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը անկայուն է Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործողութիւններու հետեւանքով։ «Հակառակ, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի յայտարարութիւնով վերջ տրուած է ռազմավարական գործողութիւններուն, իրավիճակը կը մնայ անկայուն։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան անպատասխան թողած է իր երկրի կողմէ ներկայացուած՝ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու վերաբերեալ առաջարկը։ Պաքուի 8-րդ կլոպալ համաժողովին ժամանակ Ալիեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր հարթակի ստեղծումը, բազմակողմանի տարածաշրջանային համագործակցութիւնը կը բխի տուեալ ձեւաչափի ենթադրեալ բոլոր մասնակիցներու շահերէն։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կողմնակից է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու առաջարկին՝ տարածաշրջանային նմանօրինակ խորհրդատուական դրութիւն մը ստեղծելու շուրջ։
Երեւան ռազմավարական երկխօսութիւն կը վարէ՝ Ուաշինկթընի հետ կապերու զարգացման միտումով:
Փաշինեան Օլսոնի հետ հանդիպման ընթացքին խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման շուրջ:
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու մօտակայքին անհրաժեշտ է անվտանգութեան գօտի ձեւաւորել։
Երէկ, Արման Թաթոյեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) երդիքին տակ։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութիւնը կը շարունակուի, սակայն, դժբախտաբար, իր այցելութիւնը կ՚ուղղորդուի առողջական վերիվայրումներով։ Ճամբորդութեան սկզբնական փուլին Յունաց Պատրիարքը Ուաշինկթընի մէջ հիւանդանոց փոխադրուելով կարճ դարմանումի մը ենթարկուած էր։
ԻՒՆԷՍՔՕ որոշեց Մենտելէեւի անունով հաստատուած միջազգային մրցանակը շնորհել երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Անոնք են Եուրի Յովհաննիսեան եւ Վինչենցօ Պալցան։