ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ
Ատրպէյճանի մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ղարաբաղի յաղթանակի առաջին տարեդարձը։ Համատարած տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ամէն ինչ։
Ատրպէյճանի մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ղարաբաղի յաղթանակի առաջին տարեդարձը։ Համատարած տօնախմբութեան մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ ամէն ինչ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը՝ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին՝ «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքին զուգահեռ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին զուգադիպած խօսակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։
«Ատրպէյճան հնարաւորութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու»:
Ըստ Փաշինեանի, Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն տարածաշրջանի մթնոլորտին վրայ:
Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս:
Զեքիեան Գերապայծառը ներկայացուց Վենետիկով խորհրդանշուած բազմադարեայ ծաւալուն գործունէութիւնը:
Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը սգայ իր մօր՝ Նորա Վահանի Սարգսեանի կորուստը։ Երէկ, Նորա Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մահկանացուն կնքած է 92 տարեկան հասակին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 4-րդ «Լսարանական երեկոյ»ն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ երկլեզու դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին Քէօլնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը՝ հայ երաժշտութեան մեծանուն երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Donforum» հանդիսասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը թեւակոխած՝ հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սահակ Սարգսեանն ու Նաղաշ Յակոբեանը:
Հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, «Թուրքուազ» գրավաճառատան կողմէ մասնակցութիւն:
Իսթանպուլի հնութիւններու եւ գեղարուեստի տօնավաճառը՝ Հայպիյէի «Լիւթֆի Քըրտար» համագումարներու կեդրոնին մէջ: