ԹԵՀՐԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՄԵՂՄԱՑՈՒՄ
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցան։ Վերջին շրջանին Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ նախարարները քննարկեցին կողմերու յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը։
Հայաստանի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը կը շարունակուի։ Վերջին շրջանին վիճակագրական տուեալները հասած են մտահոգիչ համեմատութիւններու։
Անգլիական հեղինակաւոր BBC լրասփիւռը ծաւալուն յօդուած մը հրապարակեց Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի մասին։ Թողարկուած նիւթին մէջ տեղ գտաւ նաեւ Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին Շուշիի մէջ ռմբակոծուած Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ թաւջութակահար Սեւան Աւանէսեանի կողմէ՝ Կոմիտասի ստեղծագործութեան նուագման հոլովակը։
Երկար ընդմիջումէ մը ետք, Կիպրոսի Համազգայինը 15 հոկտեմբերին վերսկսաւ իր մշակութային երեկոներուն, նոր տարեշրջանի առաջին երեկոն նուիրելով բանաստեղծ Համօ Սահեանին։
Մեր աշխատակից Անուշ Թրուանց Երեւանէն կը տեղեկացնէ.-
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը, որու համալիրէն ներս կառուցուած նոր մասնաշէնքը այս շրջանին ողջունելի ձեռքբերում մը կը համարուի պոլսահայ կրթական համակարգին տեսակէտէ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակի կարգաւորումը անկարելի է՝ առանց Ռուսաստանի:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ վճռական մնալ Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին շուրջ։ Նախագահ Էրտողան յաջորդ շաբթուայ սկիզբին՝ 26 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի հարցերու գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Եւրոպացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի Եւրոպայի ու Եւրոասիոյ հարցերու գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։