ՄԻՇՏ ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին յաճախ պատգամներ կը տրուին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով։
Կարսի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեակին առթիւ վաղը միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ «Շուշա» համագումարներու կեդրոնէն ներս նախատեսուած է ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին ստորագրադիր պետութիւններէն ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ եւ մասնագէտներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անգարա Երեւանէն անկեղծ կամք կ՚ակնկալէ Պաքուի հետ առկայ հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութիւնը՝ նոր մեկնարկ մը Երեւան-Ռիատ առանցքին վրայ:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փակ քննարկում մը՝ Ատրպէյճանի հետ շփման գծի առկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին շուրջ։ Խորհրդարանական դռնփակ լսումներէն վերջ, հրատապ բնոյթով քննարկումներուն կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալու համար համաձայնութիւն չգոյացաւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս լոյս ընծայեց համանուն հայագիտական հանդէսի 41-րդ թիւը։ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի հերթական համարի հրատարակութեան առթիւ անցեալ շաբաթավերջին շնորհանդէս մըն ալ տեղի ունեցաւ համալսարանի համալիրէն ներս։
Վատիկանի պետական քարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ Արքեպիսկոպոս Էտկար Փենիա Փարա այսօր երկօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ Երեւան, ուր կը մասնակցի Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացման պաշտօնական արարողութեան։ Այսպէսով Հայաստանի մէջ պիտի սկսի պաշտօնապէս գործել պապական նուիրակի պաշտօնական գրասենեակը։
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով վերջերս հրատարակուած է նոր սերունդին ուղղեալ Ս. Գիրք մը։ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ» կը կոչուի այս հատորը, որ որակաւոր հրատարակութիւն մըն է։