Լրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութեան ծրագրի առանցքային փուլերը նախատեսուած են Ուաշինկթընի մէջ, ուր Յունաց Պատրիարքը ժամադրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի դեսպաններուն եւ այլ յառաջատար դէմքերու հետ։

ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ սա դէպի Ատրպէյճան Էրտողանի հերթական այցելութիւններէն մին է, որու ծրագիրը չ՚ընդգրկեր մայրաքաղաք Պաքուն։

ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

«Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ համալսարանի վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ ԱՆՁ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Պատմաբան Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուեցաւ։ 2017 թուականին, Ֆոչայի բաց կալանավայրէն խոյս տալով ան ապաստանած էր Եգէականի Սամոս կղզին։

«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ. «ԱՐԴ ԵՒՍ»

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը արեւմտահայ մշակոյթի յարատեւման ու խրախուսման տեսլականով նոր ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած է։ Կը հաղորդուի, որ այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի ներքին ու հարազատ կապը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական այցելութիւն մը տուաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ ու մտաւորական Վանօ Սիրադեղեանի ընտանիքին։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վանօ Սիրադեղեանի մահուան զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան բարոյական զօրակցութիւն յայտնած է անոր ընտանիքին։

Էջեր