«ԿԷՕԹԷ» ԿԱՃԱՌԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
24 սեպտեմբեր-3 հոկտեմբեր թուականներուն Իսթանպուլի մէջ կեանքի պիտի կոչուի գերմանական ժապաւէններու ցուցադրութեան ծրագիր մը։ «Կէօթէ» կաճառի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է «Քինօ 2021. Գերմանական ժապաւէնները Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ նախագիծը, որու ծիրէն ներս 11 ժապաւէնի ցուցադրութիւն պիտի կատարուի։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը՝ որպէս գլխաւոր բանախօս մասնակցեցաւ «Summit of Minds»ին:
Մոսկուայի մէջ տեւական բանակցութիւններ վարուած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Զրուցակից նախարարները այս առթիւ գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման կապակցութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի թատերական ներկայացում մը։ «Moda Sahnesi»ին մէջ թատերասէրները համախմբուած էին «Պողազիչի» գեղարուեստից հաւաքականութեան բեմադրած խաղին հետեւելու համար։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վիճակէն կ՚ազդուի նաեւ Իրան:
Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն կ՚արձագանգեն Գորիս-Կապան մայրուղիի երեւոյթներուն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքարի հետ։ Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներու հանդիպումը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ՝ հոգելոյս Հրանդ Տինքի ծնած օրը, համանուն հիմնարկը կազմակերպեց իր իսկ անունով, իրեն ի յիշատակ հաստատուած հերթական մրցանակաբաշխութիւնը: