ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս առաւօտ պաշտօնապէս ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ղեկը:
Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Տուշանպէի գագաթաժողովին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս առաւօտ պաշտօնապէս ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ղեկը:
Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Տուշանպէի գագաթաժողովին:
Մինչ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը կը շարունակուի սերտօրէն, Անգարայի եւ Պաքուի ռազմական ղեկավարութիւններուն միջեւ ալ յաճախակիօրէն այցելութիւններ կը փոխանակուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ Անգարա այցելեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, որ հիւրընկալուեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի «Կազփրոմ» բնական կազի ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը։ Այս առթիւ վարչապետը նշեց, որ «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ուժանիւթի ոլորտէ ներս Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է, կառավարութիւնը կը կարեւորէ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը։
Մեծն քսանեակի (G20) Միջհաւատքային ֆորումի ծիրէն ներս, Տ. Խաժակ Արքեպսկ. Պարսամեան երէկ շահեկան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պոլոնիայի մէջ, Իտալիա:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիարկը զեկուցում մը ներկայացուց «Առողջացման ժամանակը» հաւաքի ընթացքին։ Նորին Սրբազնութեան համոզմամբ, միջեկեղեցական շարժումը մեր օրերուն կրնայ լաւ օրինակ դառնալ երկխօսութեան համար. «Հաւատքի հիմը սէրն է եւ եթէ հիմնական կէտերու պարագային ըլլայ միութիւն, ապա մնացեալ տարբերութիւնները բաժանման պատճառ չեն կրնար դառնալ»:
Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու խնդիրը նոր հարթութեան մը վրայ եկած է՝ Գորիս-Կապան մայրուղիի վրայ հաստատուած անցակէտով եւ բեռնատարերու համար ստեղծուած խոչընդոտներով։ Խնդիրը արդէն երկկողմանի բնոյթ ունենալէ դադրած է, որովհետեւ Իրանի բեռնատարերը այդ խոչընդոտներու դէմ յանդիման կը մնան Հայաստան մուտք գործելու ժամանակ, միջազգային բեռնափոխադրումներու ընթացքը կը խախտուի։
Երէկ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիզքոնթի շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Իր հետ էր նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի բաժանմունքի փոխ-տնօրէն Սիլվեն Կիորկէ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանին ուղղեալ դրական պատգամներ կու տայ, Հայաստանէն ալ կարգ մը դրական պատգամներ կը հասնին, սակայն այս բոլորը միայն խօսք պէտք չէ մնայ։

Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվան Քորչոք այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Քերիմ Վելիեւ երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլուի եւ յատուկ նշանակութեամբ զօրքերու հրամանատար զօրավար Էօմէր Էրթուղրուլ Էրպաքանի հետ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ շահեկան զրոյց մը ունեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիրուած աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Հրակ Փափազեան՝ մին զրուցավարի, իսկ միւսը զրուցակիցի դերով։
Պէյրութ ծնած երիտասարդ մարդաբանը, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած էր, այժմ գիտական ծրագրի մը համար բռնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճանապարհը։