ԹԻՖԼԻԶ ԿԸ ՁԳՏԻ ԿԱՊԵՐԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ԱՆԳԱՐԱՅԻ, ՊԱՔՈՒԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ Թիֆլիզի դիւանագիտութեան հիմնական ուղղութիւններէն մին պէտք է ըլլայ հարեւանութեան արդիւնաւէտ քաղաքականութեան մը հետամուտ ըլլալը։ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տասնամեայ ծրագրի ներկայացման ընթացքին վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը շատ լաւ յարաբերութիւններ ունի երեք հարեւաններուն՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան միջկառավարական հարթակը (IPCC) ահազանգային տեղեկագիր մը հրապարակեց, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային օրակարգի վրայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս հրապարակուեցաւ այս տեղեկագիրը, որ իր նմաններու շարքին վեցերորդն է։
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան վերջերս միջազգային մրցոյթի մը մասնակցեցաւ Հնդկաստանի մէջ։ Այս մրցոյթի արդիւնքով ան նուաճեց առաջնութեան մրցանակը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախագահ Սարգսեան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։
«Ատրպէյճան որեւէ ձեւով պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ ներթափանցել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը»:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուր կ՚իրականացնէ երկօրեայ շփումներ։
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ շրջանառութեան դրուեցաւ տեսաձայնային դրոշմաթուղթ մը:
Համակարգի հաստատման զուգահեռ կը նախատեսուի նաեւ կարգ մը նոր տուրքերու սահմանումը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջրային փոլոյի կանանց խումբը ոսկէ մետայլ նուաճեց Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած ամառնային ողիմպիականներուն։ Այս երեւոյթը ամերիկահայութեան տեսակէտէ ունեցաւ բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ ողիմպիականներու ոսկէ մետայլ նուաճած խումբի մարզիչն էր հայազգի Էտըմ Գրիգորեան։
Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օր շարք մը կարեւոր վճիռներ արձակեց՝ վերջին շրջանին երկրի օրէնսդիր մարմնին կողմէ ընդունուած շարք մը օրէնքներու կապակցութեամբ։ Այսպէս, Բարձրագոյն դատարանի կողմէ Սահմանադրութեան ներհակ նկատուեցան շարք մը օրէնքներ, որոնց կարգին կը գտնուի նաեւ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին ընդունուած նոր օրէնքը։