ՅԱՄԱՌ ՊԱՀԱՆՋ
Երեւան սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին տեսակէտէ բարենպաստ ազդեցութիւն կը տեսնէ՝ Պաքուի զօրքերու իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերուելու հեռանկարին մէջ:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ նահատակուած է հայ զինուոր մը։
«Ընդդէմ մամլոյ սահմանափակումներու, յանուն խօսքի ազատութեան եւ տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի»:
«Ատրպէյճան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ հրապարակային սադրիչ քայլեր կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ»:
Մալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղւոյն երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի ձեւաչափին մէջ վերականգնուած է Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու։ Ան համոզուած է, որ տարածքաշրջանէ ներս զգալի է նոր ու շինիչ մօտեցումներու կարիքը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 99-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալւի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Սա Արարատ Միրզոյեանի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ նախարար նշանակուելէ վերջ։
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան գործընթացը պիտի վերսկսի յառաջիկայ ամսուայ երկրորդ կէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մայիսին վախճանած էր Հայ Կաթողիկէից Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որու յաջորդը ընտրել հնարաւոր չէր եղած յունիսին Զմմառի մէջ տեղի ունեցած Ս. Սինոդի երկարատեւ նստաշրջանին ժամանակ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց հեղինակաւոր իրաւաբան եւ վաստակաւոր պետական գործիչ Տարիէլ Բարսեղեան։ Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւաբանական ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ ան այնտեղ դարձած էր դասախօս եւ տարիներու ընթացքին ստանձնած էր զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ ամպիոններ։