ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ ՇՈՒՇԻ ԵՒ ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ՇՐՋԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը վաղը դաշտի վրայ պիտի սկսի գործնականօրէն։ Հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։
Հռչակաւոր դերասան Արմէն Ճիկարխանեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքեց Մոսկուայի մէջ։ Ան 86 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրէն ներս ստեղծուած ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ խորհրդակցութիւններ ունենալ քաղաքական շրջանակներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հեղինակաւոր անհատներու հետ։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ դարձեալ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, հնչեցին բողոքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր ուշ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ այս վերջինը Տէր-Պետրոսեանին այցելեց՝ իր մտահոգութիւնները արտայայտելով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման որոնումները յառաջ կը տարուին՝ Երեւանի բազմամարդ հանրահաւաքներու ու երթերու զուգահեռ:
Ռուսաստանի խաղաղապահները կը տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս:
Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հայաշխարհէն հեղինակաւոր կերպարներ հանդէս կու գան բուռն հակազդեցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սամուէլ Պապայեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Արցախի մէջ հաստատուած հրադադարէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։
Ռազմաճակատի ծանր ձախողումէն վերջ, հայութիւնը ստիպողութեան դէմ յանդիման՝ համակերպելու համար այն իրողութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը այլեւս գործնականօրէն գոյութիւն չունի: Արցախի եւ յարակից շրջաններու ժողովուրդը գաղթի ճանապարհը բռնած է: Եկեղեցիներէն եւ վանական համալիրներէն դուրս կը բերուին ամենասուրբ մասունքներն ու նուիրական արժէքները. գործընթացը կը համակարգէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: