Լրահոս

ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքին հետեւելու համար ստեղծուելիք համատեղ կեդրոնի հարցին շուրջ:
Անգարա եւ Մոսկուա ի վերջոյ պայմանաւորուեցան ռազմակայանի գործունէութեան շուրջ: Ատրպէյճանի բանակը Լաչին մտաւ: Թուրք զինեալ ուժերը կը մասնակցին ականազերծման աշխատանքներուն:

ՆԱՄԱԿ՝ ՓՈՒԹԻՆԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Այս առթիւ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանէ ներս գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցին վրայ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ՑՈՅՑԵՐԸ ՉԵՆ ԴԱԴՐԻՐ

Երեւանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Երէկ ալ՝ մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցան նման ցոյցեր, որոնց միջամտեցին իրաւապահ մարմինները։

ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՑՈՅՑԵՐ, ԲՈՂՈՔՆԵՐ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Երեւանի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերը եւ երթերը իրարու կը յաջորդեն։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաքի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ համախմբուեցան երկրի մտաւորականութեան եւ գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչները, որոնք եւս բարձրաձայնեցին իրենց մտահոգութիւնները քաղաքական փակուղիին բերումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած։

ԼԸՄՈՒԱՆ. «ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅ ԿԷՏԵՐ»

Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանը։ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրող օդանաւով ան մեկնած էր Երեւան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։

ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի վարչապետը ժողովուրդին կոչ ուղղեց՝ չտարուիլ երկրի անապագայութեան քարոզէն:
Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա: Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ նախագահ Փութինի գլխաւորութեամբ:

ԼԸՄՈՒԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական շարժումով Հայաստանի համար նախատեսուած լայնածաւալ օժանդակութեան ամբողջին մէջ, երէկ, երկրորդ օդանաւ մը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։

ԹԱԹՈՅԵԱՆ. «ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼ»

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել՝ այս պատերազմէն յետոյ երկրի սահմաններու հետ կապուած ի՞նչ յստակ զարգացումներ կամ լուծումներ նախատեսուած են։

Էջեր