ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ. «ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ»
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները մօտաւոր ապագային աշխատանքի պիտի ձեռնարկեն Ատրպէյճանէ ներս՝ Ռուսաստանի հետ համատեղ դիտարկման կեդրոնին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին հետ այս շրջանին անմիջական շփման մէջ կը գտնուի:
Գեղամ Մանուկեան. «Նիկոլ Փաշինեան ամէն օր թոյն կը ներարկէ հանրութեան, տէր չի կանգնիր զինուորին»:
Երեք նոր նամականիշ՝ «Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ» նիւթով։ «Հայփոստ»ը, նոյեմբերի 30-ին, շրջանառութեան մէջ դրած է երեք նամականիշ՝ «Պատմամշակութային յուշարձաններ. Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններ» նիւթով։
Համավարակ, պատերազմ, բայց Պարոնեանի անուան թատրոնին նոր ներկայացման փորձեր կ՚ընթանան։ Այսպէս, Հայաստանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնը տակաւին մարտ ամիսին պէտք էր թատերասէրներու դատին յանձնէր Ռոտոլֆօ Սանթանայի ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած «Յարդասենեակ կանանց համար» ներկայացումը:
Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը հանդէս կու գայ հետաքրքրական նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, չնայած համավարակին, պատերազմին, մշակութասէր հանրութեան աջակցելու նպատակով Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը կը շարունակէ բուռն գործունէութիւն ծաւալել:
Համերգ-ցուցահանդէս՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներուն։ Այսօր՝ դեկտեմբերի 2-ին, ժամը 16.00-ին, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը կը հրաւիրէ մասնակցելու Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներու՝ հռչակաւոր երաժիշտներ Կարէն Խաչատուրեանի 100-ամեայ եւ Էմին Խաչատուրեանի 90-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած համերգ-ցուցահանդէսին։
Կեանքէն հեռացաւ Գորիսի տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեան։ Գորիսի «Վ. Վաղարշեան» տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեանի մահուան մասին կը տեղեկացնէ թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը։
Հայաստանի ֆութսալի դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէ կանանց ֆութսալի բաց առաջնութիւն։ Սոյն մրցաշարքը տեղի կ՚ունենայ երեք՝ մինչեւ 12, մինչեւ 15 եւ 15-էն բարձր տարիքային խումբերու համար։
Լուվր թանգարանը աճուրդի կը հանէ «Մոնա Լիզայի»՝ առանց ցուցափեղկի ստուգումը։ Այսպէս, Փարիզի Լուվր թանգարանը աճուրդի կը դնէ ժամանակակից նկարիչներու աւելի քան քսան աշխատանք, ինչպէս նաեւ եզակի ծառայութիւններ՝ «հազուագիւտ փորձը վերապրելու համար», այդ կարգին՝ «Ճոքոնտա» («Մոնա Լիզա») կտաւի ամենամեայ ստուգման ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւնը, երբ զայն դուրս կը բերեն յատուկ պաշտպանիչ ապակիի տակէն։