ՀԱԿԱԴԻՐ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐ
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի անորոշութիւնը կը մնայ առկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով երկիրը կը ջանայ դիմագրաւել մեծ ձախողում մը, ինչ որ կ՚ուղղորդուի ցնցումներով եւ լարուածութեամբ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի անորոշութիւնը կը մնայ առկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով երկիրը կը ջանայ դիմագրաւել մեծ ձախողում մը, ինչ որ կ՚ուղղորդուի ցնցումներով եւ լարուածութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրով՝ Արա Այվազեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեամբ պայմանաւորուած քաղաքական ցնցումներու մթնոլորտին մէջ, Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն լքած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները, որոնց հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը եւ հիմնախնդրի կարգաւորման ճանապարհին ապագայ միջնորդական ջանքերու վերաբերեալ հարցեր։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի յայտարարութիւնը ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Այդ յայտարարութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ երէկ Ուաշինկթընի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմք մը այցելեց Հարաւային Կովկաս։
Երեւանի մէջ այս առաւօտ մահկանացուն կնքեց զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան, որ «Արցախի հերոս» էր։ 1990-ականներու պատերազմի ժամանակ իր գլխաւորած զօրքերը արձանագրած էին կարեւոր յաջողութիւն։
Հայաստանի մէջ մշուշապատ միջավայրը կը մնայ առկայ։ Անհեռանկար սպասումը կը շարունակուի երկրի քաղաքական կեանքէն ներս։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ձախողումը բոլոր առումներով կաթուածահար դարձուցած է երկիրը։
Մոսկուայի մէջ դիւանագէտներ կ՚անդրադառնան հաստատուած հրադադարի մանրամասնութիւններուն:
Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա հետամուտ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնը պայմաններ կը ստեղծէ հիմնախնդրի արդար հիմքով երկարատեւ կարգաւորման համար։ «Կարեւոր է, որ պայմանաւորուածութիւնները պահպանուին։ Մարտական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, իրավիճակը կայունացած է։
Ազգային մեծ ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ պատրաստուած հրամանագրին, որով Պաքուի ղեկավարութեան պահանջին ընդառաջ, Թուրք զինեալ ուժերէն զինուորներ պիտի գործուղղուին Ատրպէյճան։
Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան երէկ դիմաւորեց առաջնագիծէն վերադարձած փրկարարներու գումարտակը ու տեղեկացուց, որ իր ձեռքերը արդէն ազատ են։