ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 97-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 97 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։
Ատրպէյճանի բանակը ռումբ կը տեղացնէ Արցախի բնակավայրերուն վրայ՝ ներառեալ Շուշին եւ Ստեփանակերտը, ուր երէկ թիրախաւորուեցաւ քաղաքի ծննդատունը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովին մէջ անդրադարձաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ նախընթաց օր ունեցած հեռախօսազրոյցին, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած էր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Այսպէս, ան առաջարկած է համագործակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Ժընեւի մէջ՝ մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Նկատի ունենալով ռազմաճակատի թէժ իրադարձութիւնները՝ այս ժամադրութիւնը կը համարուի կարեւոր։
Ստեփանակերտի ծննդատան ռմբակոծուիլը մեծ ցասում յառաջացուց հայկական կողմին մօտ։ Ստեղծուած բողոքի ալիքի մթնոլորտին մէջ ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեան տեղեկացուց, որ պիտի վերականգնէ զայն։
Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերը կը շարունակուին ու սա ափսոսանքի եւ անհանգստութեան տեղի կու տայ։ Հակառակ հրադադարի վերաբերեալ ընդունուած որոշումներուն՝ ռազմական գործողութիւններու շարունակուիլը մտահոգիչ կը համարուի Մոսկուայի տեսակէտէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ աշխոյժ շփումները կը շարունակուին։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ժընեւի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ դիւանագիտական յառաջընթացի համար սպասումներ:
Տարուան այս եղանակին ժահրերը շատ տարածուած կ՚ըլլան, ինչ որ յատկապէս վտանգաւոր է երեխաներու համար: Փոքրիկներու շրջանակին մէջ լուրջ հիւանդութիւններու տարածումէ խուսափելու համար ամերիկացի բժիշկ Հաուըրտ Պերօ ծնողներուն տուած է քանի մը օգտակար խորհուրդ, որոնք երեխան կը պաշտպանեն վտանգաւոր ժահրերէ:
Ջուրը կենսական նշանակութիւն ունեցող հեղուկ մըն է, առանց որու մարմինը չի կրնար կատարել իր գործառոյթները։ Բժիշկները յաճախ կը շեշտեն օրուան ընթացքին բաւարար քանակութեամբ ջուր խմելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն կ՚ըլլան պարագաներ, երբ ծարաւը յագեցնելու համար մարդիկ ստիպուած կը գնեն շիշալեցուած ջուր, մինչդեռ այն այնքան անվտանգ չէ, որքան շատեր կը կարծեն։