ԼԸՄՈՒԱՆ. «ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅ ԿԷՏԵՐ»
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանը։ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրող օդանաւով ան մեկնած էր Երեւան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։
Հայաստանի վարչապետը ժողովուրդին կոչ ուղղեց՝ չտարուիլ երկրի անապագայութեան քարոզէն:
Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական շարժումով Հայաստանի համար նախատեսուած լայնածաւալ օժանդակութեան ամբողջին մէջ, երէկ, երկրորդ օդանաւ մը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ։ Ըստ իրեն, իշխանութիւնները պարտաւոր են բացայայտել՝ այս պատերազմէն յետոյ երկրի սահմաններու հետ կապուած ի՞նչ յստակ զարգացումներ կամ լուծումներ նախատեսուած են։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան զուգահեռ արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը։ Համաձայնութեան գործադրութեան իւրաքանչիւր փուլին նոր բարդութիւններ կը յառաջանան հայկական կողմին տեսակէտէ։ Երէկ, Հայաստանէն խումբ մը երեսփոխաններ ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճանի զինուորականներ ներխուժած են Սոթքի ոսկիի հանքը։
Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին անմիջական կապի մէջ է Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ, թէ Ատրպէյճան ետ կ՚առնէ իր հայրենիքի տարածքները։