«ԽՈՀՔ ԵՒ ԽՕՍՔ» - Ա -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ը սնարի գիրք մը եղած է մեզի համար՝ ուր կարելի է գտնել բազմաթիւ պատմական դէպքեր, որոնք կու տան դասեր, որպէս շահեկան, օգտակար տիպարներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ը սնարի գիրք մը եղած է մեզի համար՝ ուր կարելի է գտնել բազմաթիւ պատմական դէպքեր, որոնք կու տան դասեր, որպէս շահեկան, օգտակար տիպարներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ դարձեալ նախընտրական պայքարի շրջան մըն է. հասարակ ժողովուրդի միջոցով մեծատուն դարձողները դարձեալ ժողովուրդին մէջ են՝ շատ աւելին յափշտակելու համար առիթ խնդրելու։ Ի դէպ, այս մէկը կը վերաբերի բոլո՛ր քաղաքական ուժերուն, որովհետեւ մեր օրերուն իրապէս ամբողջովին ժողովուրդի շահերուն համար գործող ուժ դժուար թէ գտնուի թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ այլուր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աւելի քան հինգ հարիւր տարի առաջ ապրած իտալացի գրող Նիքոլօ Մաքիավելլի (Niccolò Machiavelli) իր յայտնի «Իշխանը» աշխատութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Քաղաքականութեան մէջ ճշմարտութիւնը հազուադէպ յաղթէ ուժին»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սէրը քանի որ ուրախութիւն է եւ քանի որ ընտանիքը սիրոյ վրայ հիմնուած միութիւն մըն է, ապա ուրեմն ընտանիքը ուրախութեան օճախ մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակակից աշխարհը իր նորարարութիւններով հասարակութեան շա՜տ բան տուաւ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, անաղմուկ ձեւով շա՜տ բան տարաւ մարդկութենէն. ինչպէս օրինակ՝ ընտանեկան ու բարեկամական ջերմութիւնը, համբերութիւնը, ուշադրութիւնը, պարզութիւնը, վստահութիւնը եւ գրեթէ բոլոր այն բաները՝ որոնք անցեալին մարդը մա՛րդ ընող արժէքներ էին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի առածը կ՚ըսէ, թէ լճացած ջուրը կ՚ապականի, կը վատանայ։ Ասիկա կը պատահի նաեւ երբ սիրոյ այն կեանքը՝ մանաւանդ ամուսնութեան ընթացքին, կը լճանայ, կ՚անշարժանայ եւ կը դադրի զինք յառաջ բերող եւ մղող շարժունութիւնը ունենալէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայերէն լեզուն ոչ-շատ հեռու անցեալին ապրեցաւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջան մը. շրջան՝ ուր գրաբարը սկսաւ դիտուիլ որպէս «եկեղեցական լեզու» եւ մեր կեանք մուտք գործեց աշխարհաբարը՝ իր զանազան ճիւղաւորումներով, որոնք վերջաւորութեան ամփոփուեցան Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն բաժանումներու տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք, նեղութիւններով լեցուն է. վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ամբողջ կեանքի մը մէջ աւելի՛ շատ են տրտում, տխուր օրերը, քան ուրախ, զուարթ օրերը։ Անշուշտ, ասիկա նոյն համեմատութիւնը չունի բոլոր կեանքերու մէջ՝ ոմանց համար մէկը երկար եւ միւսը կարճ, եւ փոխադարձաբար…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ գրականութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ մոռցուած դէմքեր ու անուններ, որոնք իրենց իմաստութեամբ, իրենց գրական շնորհներով ու արժէքներով աւելի պակաս տաղանդաւոր չեն՝ քան ազգի մը իրենց անունը անմահացնել յաջողած գրողները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները Քու վրադ». (ՀՌՈՄ. ԺԱ 18)։