Արխիւ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան 146-րդ տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Վաղը ամուսինիս տարեդարձն է, իրիկունը մեր բոլոր հարազատներն ու բարեկամները պիտի գան. պէտք է ամէն ինչ իր ուզածին պէս պատրաստեմ, մանաւանդ իրեն ամենասիրելի քաղցրեղէնին՝ Նափոլիոնին համը պէտք է իր քիմքին գոհացում տայ: Ուրիշ ի՞նչ պատրաստեմ, կ՚ուզեմ որ ամէն ինչ ձեռքիս գործը ըլլայ, դուրսէն պատրաստ բան մը պիտի չապսպրեմ»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ձեռագրաց հաւաքածոյին մէջ կը պահպանուին Գրիգոր Նարեկացիի երկերու, ձեռագիր մատեաններու եւ հնատիպ գիրքերու կարեւորագոյն հաւաքածոն՝ զանազան դարերէ եկած եւ այսօրուան ու գալիք սերունդներուն համար պահ դրուած:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 43-44), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 1-4)։
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեանի կարծիքով՝ «ԻՇԻՊ-ը, ամբողջովին դուրս պիտի չգայ Իրաքէն եւ տեղափոխուի Սուրիա, քանի որ անոր ինքնութիւնը, գոնէ իր ողնաշարը՝ իրաքեան է»: Ան շարունակեց. «Մուսուլի անկումէն ետք, ԻՇԻՊ-ի ամենամեծ քաղաքը՝ սուրիական Ռաքքան պիտի դառնայ: Չեմ գիտեր, թէ անոնք որքանով պատրաստ են Ռաքքայի համար մեծ ճակատամարտ մղելու եւ կամ անապատային շրջաններու մէջ հաստատուելու»:
Յայտնի նկարչուհի Ասիլվա վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Փարիզի մէջ, ի շարունակութիւն անցեալ Սեպտեմբերին Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի իր գործերու ներկայացման։ Արդարեւ, Փարիզի Փանթէոնի հրապարակին վրայ գտնուող 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի շքեղ սրահներուն մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան բացումը կատարուեցաւ Ասիլվայի ցուցահանդէսին, նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին։
Երեւանի մէջ այս եղանակին արդէն ձիւնած է առաջին անգամ։ Հայաստանի լրատուական գործակալութիւնները արդէն կը սփռեն ձիւնածածկ մայրաքաղաքէն դրուագներ։ Ընդհանրապէս, այս տարի ձմեռը կանուխ վրայ հասած է Հայաստանի մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը շփումներ պիտի ունենայ Պերլինի մէջ։ Նախատեսուած է իր հանդիպումը Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի հետ։
Թուրք զինեալ ուժերը յառաջխաղացման կ՚անցնին ըստ Իրաքի եւ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար երէկ կարեւոր շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Կը ժպտան, կը ժպտիս, կը սորվիս ծափիկ-ծափիկ, յետոյ կը քալես, կը վազես, կ՚իյնաս, կ՚ելլես... ապա՝ պայուսակ մը կու տան ձեռքդ.- Դպրո՛ց...
Նուրհան Տավուլճեան մասնակցեցաւ JUNWEX Yerevan Show 6-րդ ցուցահանդէսին:
Իսթանպուլահայ երիտասարդ վարպետը կը պատմէ արծաթագործութեան արհեստին գաղտնիքները:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս ամիս Երեւանի մէջ կ՚ոգեկոչուի հայկական երաժշտութեան տիրական անուններէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան՝ իր ծննդեան 145-ամեակին առթիւ։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը նախաձեռնած է մեծանուն յօրինողի ոգեկոչման ծրագրին, որ սկսաւ երէկ ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկեան ծեռակոյտին կողմէ վաւերացուած ՃԱՍԹԱ (Justice Against Sponsors of Terrorism Act) օրէնքը յարաբերութիւններու նոր ընթացակարգ մը կրնայ գծել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ սիւննի աշխարհի յառաջատար երկիր համարուող Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս «նախապաշարումը», մարդկային թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին համար վտանգաւոր եւ վնասակար ունակութիւն մըն է։
Հաքքեարիի Եիւքսէքովա գաւառակին մէջ երէկ նահատակուեցան Թուրք զինեալ ուժերէն երեք զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ յառաջացուց ամբողջ երկրին մէջ։ Հիսարտաղըի եւ Տաղլըճայի շրջաններէն ներս երէկ ժամը շուրջ 14.00-ին բախում մը ծագեցաւ անվտանգութեան ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ ժողովը՝ յոբելենական մթնոլորտի պայմաններով:
Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 17-րդ տարեդարձը նշուեցաւ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, հանդիսապետութեամբ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Հայաստանի «Սիվիլնեթ» համացանցային հեռուստակայանը շաբաթավերջին ծաւալուն հարցազրոյց մը սփռեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի համոզմամբ, երբեք պէտք չէ ակնկալել, որ հոգեւոր իշխանաւորին եւ աշխարհականներուն խօսքը ըլլայ նոյնը, անոնք անշուշտ տարբեր կը խօսին:
Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս զօրակոչի մէջ է՝ պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը ապահովելու հեւքով:
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Գաւառէն ձայներ» անուն գործ մը, որ կողքի մը տակ կը հաւաքէ՝ Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած համանուն ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակուած յօդուածաշարք մը, որ այդ շրջանին արժանացած է մեծ ժողովրդականութեան եւ որու հեղինակն է հոգելոյս Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ խորհող, դատող էակ մըն է, այս կը նշանակէ, որ մարդիկ յաճախ գաղափարներու եւ համոզումներու տարբերութիւններ կ՚ունենան։ Ասիկա շատ բնական է, քանի որ անոնք նոյն տեսանկիւնէն չեն դիտեր իրերը եւ իրողութիւնները եւ անոնք աշխարհը չեն տեսներ նոյն աչքով։