Արխիւ

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նորընտիր նախագահին յայտարարութիւնները:
Ըստ Աշոտ Սաղեանի, կրթութեան եւ գիտութեան օրէնքի բարեփոխումները վերատեսութեան պէտք է ենթարկուին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

Շաբաթավերջին Ատրպէյճան Հայաստանին վերադարձուց եւս 15 ռազմագերի։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ ռազմագերիներու վերադարձի յապաղման հարցը կը շարունակէ նուրբ նշանակութիւն ունենալ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց նորաօծ Տ. Աթանաս Աբեղայ Սարգսեանը՝ ուղեկցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանի։ Նորաօծ հայր սուրբը վերջերս քահանայակոչման արժանացած էր Գանձասարի վանքէն ներս եւ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը անցուցած՝ Դադիվանքի մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց կղզեաց հոգեւոր Հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Համավարակի սահմանափակումներէն յետոյ առաջին կիրակին էր, որ ժողովուրդը եւս մեծ ոգեւորութեամբ փութաց եկեղեցի։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Վերջին պատերազմներու մէջ յաճախակի օգտագործուած անօդաչու սարքերու սերունդ մը սկսած է ինքնուրոյն գործել՝ աւելի վտանգաւոր դառնալով: «Ուիք» կայքը այս մասին վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, ուր նոյնպէս կը նշուի ապագայ պատերազմի մասին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Մեսեչուսեց նահանգի Փլիմութհ քաղաքէն։ Մեր պատմութեան կորիզը կը կազմէ Մարք Քենի անունով մարդ մը, որ երկու անգամ արժանացած է մաս կազմելու «Guiness Book of Records»ի արձանագրութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի մէջ կայ վերլուծաբաններու խումբ մը, որու համար շատ պարզ ու յստակ է, թէ այսօր իսկ երկիրը պէտք է արագ քայլերու դիմէ, որպէսզի յարաբերութիւններ հաստատէ Թուրքիոյ հետ։ Այս ընկալումը գուցէ նորութիւն մը չէ եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ «ընդգծուած» ու ձեւով մըն ալ շրջանառուած թեզ մըն է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ընկերային հոգեբաններ, որոնք տարատեսակ փորձեր կատարած են պատմութեան որոշ ողբերգական իրադարձութիւններու մասին, յանգած են այն եզրակացութեան, թէ «վկայ մը ունենալը աւելի ձեռնտու է, քան տասնեակ վկաներ»։ Ուրիշ խօսքով, առաւել հաւանական է, որ դուք օգնէք փողոցը վատ բան մը պատահած մարդու մը, եթէ առանձին էք։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին երէկ կէսօրուան ժամերուն համախմբեց հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք փութացած էին իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու նորոգ հանգուցեալ ելմտագէտ եւ համայնքային գործիչ Եդուարդ Գովանի նկատմամբ։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021

Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ։ Հայկական դեսպանատան աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021

Էսաեան վարժարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցան միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու շրջանաւարտներու հրաժեշտի արարողութիւնները։ Այսպէս, 8-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ընթացաւարտները դպրոցի պարտէզէն ներս կազմակերպուած բացօթեայ արարողութիւններով ստացան իրենց վկայականները։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021

Եւրոյանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէի կը պատրաստուի տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս ծիրէն ներս ան երկօրեայ այցելութիւն մըն ալ պիտի տայ Հայաստան։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բազմաթիւ հանգամանքներով անցեալ հինգշաբթին կը համարուի Վատիկանի մէջ «Լիբանանի օր»։ Խօսքը միայն Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած կրօնական արարողութեան եւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին մասին չէ, այլ՝ այս բոլորը ունի քաղաքական յստակ շեշտաւորում։

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յետպատերազմեան շրջանին ինչպէս շատեր, ես ալ տակաւին ներքին ապրումներուս եւ տուայտանքներուս գերին դարձած եմ եւ դեռ ուժը չեմ գտած բնական ընթացքին վերադառնալու (չնայած դժուար այլեւս 9 նոյեմբերէն առաջուան վիճակին վերադառնամ կամ գոնէ մօտենամ): Նոյն ապրումները ունեցած եմ եւ տակաւին կը շարունակեմ կրել 2012 սեպտեմբերի առաջին օրերերէն ի վեր…

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու վարչայիններէն Մարիամ Տրամէրեանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էին դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Նուրհան Սոյքանը, որ Գերմանական միջկրօնական ծրագրի մը համակարգողն է։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երէց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանն ու թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Էնկինը։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021

Կեդրոնական վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը նախընթաց օր աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ կրթօճախին։ Դպրոցը այս տարի ունի 53 շրջանաւարտ։

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021

Ամեն. Ս. Պատրիրարք Հայրը նախագահեց երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած համայնքային խորհրդակցութեան՝ դպրոցներու նիւթական անելին շուրջ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու ժողովի ընթացքին հերթական անգամ կրկնեց, որ երեք հազարի շուրջ աշակերտութեան համար աւելի է թրքահայ վարժարաններու այժմու ցանցը:

Ուրբաթ, Յուլիս 2, 2021

Վատիկանի երէկուան հանդիպման ժամանակ Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը:
Միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին Սրբազան Պապը պատգամին մէջ Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն մէջբերում մը ըրաւ:

Էջեր