Արխիւ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Իր կատարած մարդահամարի քննութենէն յայտնի եղած է, որ 1930 թուականէն առաջ Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ հայոց թիւը 67 հազարի կը հասնէր, որոնց մեծագոյն մասը 64 հազարը՝ Ֆրանսայի մէջ. Փարիզի մէջ՝ 45 հազար, Լիոնի մէջ՝ 2.500, եւ Մարսէյլի մէջ՝ 4 հազար։ Ֆրանսայէն դուրս մօտաւորապէս 3 հազար հայութիւն։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Խօսքի ազատութիւնը ոչ թէ օրէնքով իրականացած է, այլ գիտական նուաճումով: Թէեւ գիտութեան ընձեռած ազատութիւնը ճշդումի կարիք ունի՝ չշփոթուելու համար խառնիճաղանճի, անհեթեթութեան եւ այլ բացասականութիւններու հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ քաղաքական հարթակի վրայ եղած որեւէ «մեծ» զարգացում արագօրէն կը փոխակապակցուի Արցախի ընդհանուր իրադրութեան եւ, մանաւանդ, արցախեան հիմնախնդրին վերաբերեալ «սպասելի» յառաջընթացներու հետ։
Եւ այս առումով ալ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք անցեալ ապրիլին Հայաստանի զարգացումները, բողոքի ցոյցերն ու տեղի ունեցած «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը կ՚առընչեն արցախեան ճակատի վրայ առկայ զարգացումներով կամ նոյնիսկ «սպասելի» դէպքերով։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր Սաքըզաղաճըի Արքեպիսկոպոսարանին մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի գլխաւոր միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազը։ Այցելութեան ընթացքին միւֆթիին ընկերացաւ իր օգնականը՝ Ճանէր Աքտեմիրլի։
Ֆրանսահայ համայնքէն ներս վերջին շրջանին անանտեսելի ձեւով օրակարգի վրայ են կրթական կեանքի վերաբերեալ նոր խմորումներ կամ ծրագրեր, որոնք հետամուտ են ֆրանսահայ իրականութենէն ներս կրթական կեանքի վերակազմակերպման։ Վերջին օրերուն այս տեսակէտէ կարեւոր քայլ մըն ալ առնուած է Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդին (CCAF) կողմէ։
«Քալաշնիքով» ընկերութիւնը «ԱԿ-12» 50 նոր գնդացիրներ պիտի մատակարարէ Հայաստանին: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ յունուարի 24-ին յայտնած է «Քոմերսանթ» թերթը:
Նոթրը Տամ տը Սիոն լիսէն մեծարեց իր յաջող շրջանաւարտուհիները, որոնք ներդրում կը բերեն գիտութեան:
Փրոֆ. Լիւսի Քարայեան Թափոն բարձր գնահատանքի արժանացաւ՝ Ֆրանսայի մէջ ծաւալած բժշկական աշխատանքով:
Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» հին ձեռագրերու Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան յայտարարած է, թէ վերջին տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ վնասուած ձեռագրերը պիտի վերականգնուին Մատենադարանին մէջ, Հայաստանի մասնագէտներու օգնութեամբ:
«Կը նախատեսուի իրականացնել նոր խոշոր ծրագիր մը, որու հիմքերը դրուած են 2018 թուականին։
Հայաստանի Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ այցելեց «Բարի մամա» բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած «Բարի տնակ» մանկական ժամանակաւոր կացարանը։ Նունէ Սարգսեան այս առթիւ ծանօթացաւ առանձնայատուկ առաքելութեամբ այս կառոյցի ընթացիկ գործունէութեան եւ զարգացման հեռանկարներուն։
«Freedom House» մարդ-կային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան 2018 թուականի զեկոյցին համաձայն՝ համացանցի ազատութեան ցուցիչով (index) Հայաստանը «մասամբ ազատ»էն անցած է «ազատ» երկիրներու շարք: Արդիւնքները կազմուած են քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու հիման վրայ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) 33-րդ ընդհանուր ժողովը, որ կազմակերպուած էր Արցախի մէջ, հասաւ իր աւարտին։ ՀՅԴ-ի ընդհանուր ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ ընդգծուեցաւ կուսակցութեան զօրակցութիւնը Արցախի համար։
Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Օրհնաբեր այցելութեան ընթացքին Գերապայծառին ընկերացաւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ստանձնէ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը՝ այսօրուան գագաթաժողովով:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց 49-րդ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ծիրէն ներս վերջին օրերու բազմակողմանի հանդիպումները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն» (ՅՈՎՀ. Բ 11)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ժողովուրդներու բուն առաջնորդը իրենց մեռելներն են եւ ոչ թէ ողջերը»
Ռուբէն, «Հայ Յեղափոխականի մը յիշատակները» Ե. հատոր, էջ 146
Մեր համայնքէն երկու արուեստագիտուհիներ՝ Սօսի Ճնտոյեան եւ Հայկան Քըլըչճան երէկ բացին համատեղ ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Գոյներու սէրը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսին Սօսի Ճնտոյեան կը մասնակցի իր երանգաւորման, իսկ Հայկան Քըլըչճան՝ նկարչական ստեղծագործութիւններով։
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը հանդէս եկաւ նախազգուշացումներով՝ ընկերային ցանցերու վտանգներուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց Սրբազան Քահանայապետի պատգամը՝ Ընկերային հաղորդակցումներու համաշխարհային օրուան առթիւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կրնայ «բարի «մարդ» անուանուիլ, կրնայ նաեւ «յաջող մարդ» ըլլալ, չարութիւններէ հեռու ապրիլ, խուսափիլ վատ գործերէ, կրնայ ո՛չ ոքի չարութիւն ընել, բայց եթէ գործնականապէս բարիք չընէր, անիկա «չէզոք անձ» մը կը նկատուի, որ կը նշանակէ՝ «ամուլ, անշահ եւ անօգուտ մարդ» ըլլալ։ Ամուլ մարդը անշարժ եւ անաշխատ մարդ է, որ եթէ վնաս չի պատճառեր ուղղակի, բայց օգուտ եւ բարիք ալ չ՚ունենար իր շուրջիններուն եւ անուղղակի կերպով վնասակար մէկը կ՚ըլլայ իր միջավայրին մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս ահռելի դէպքը պատահած է Ուիսքանսըն նահանգի Պեռըն քաղաքին մէջ, անցեալ տարուան հոկտեմբեր ամսուան մէջ։ Արդարեւ, 21 տարեկան Ճէյք Փեթըրսըն (տես նկարը) տեսած է 13 տարեկան Ճէյմի Քլոսը (տես նկարը), որ դպրոցական օթօպիւսէն իջնելով տուն կ՚երթար։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Պրն. Քալսահակեան, նախ եւ առաջ կը փափաքիմ, որ հակիրճ կերպով դուք ձեզ ներկայացնէք եւ խօսիք ձեր կատարած ուսումնական եւ կազմակերպչական աշխատանքներու մասին: Այս առումով, կրնա՞ք մեզի խօսիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հայերէն լեզուի վիճակին, մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին, միաժամանակ ի՞նչ աշխատանքներ կը տանիք դիմագրաւելու համար բոլոր այդ դժուարութիւնները: