Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ այս եկեղեցւոյ քարոզիչ ու հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ զրոյց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի (2)
Եկուր-տե՛ս, որ ուղեւորութիւնները միշտ ալ յղի են անակնկալներու։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ մեծանուն բանաստեղծ Զահրատի համբաւը վաղուց ելած է իր ծննդավայրէն, հասած հեռաւոր երկիրներ, իսկ Հայաստանի մէջ ալ միշտ ջերմութեամբ եւ ակնածանքով կը վերաբերին հայալեզու գրողին, որ հայերէնը առանձնակի մակարդակի մը հասցուցած է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ կերտելով մեր ժամանակներու լաւագոյն քերթողութիւններէն մէկը:
Միջազգային հանրային կարծիքի՝ մանաւանդ Եւրոպայի ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Փարիզի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի մայր տաճարի՝ պատմական Նոթրը Տամի պաշտամունքի վերաբացման փառաշուք արարողութիւնը։
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները այս շաբաթավերջին հետաքրքրական ձեռնարկներու շարք մը կազմակերպած էին՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ընդհանրապէս ամանորեան սեղաններու եւ խոհանոցի մշակոյթի վերաբերեալ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ կեանքի կոչուեցաւ գրքի տօնավաճառի ձեւաչափին մէջ։
Սուրիոյ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները առիթ հանդիսացան, որպէսզի միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւնը վերստին թեքուի Թուրքիոյ վրայ։ Անգարայի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր անդրդուելի քաղաքականութիւն մը կը վարէր Դամասկոսի պարագային։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շատ յատկանշական իրադարձութիւն մը, որ հոգեւոր հրճուանքի առիթ հանդիսացաւ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ վերաօծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Կիւմրիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, որ քաղաքի ամենայատկանշական կառոյցներէն մին է։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ զրոյց Նիւ Եորքի մէջ՝ ներկայութեամբ ամերիկահայ ազգային գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի (1)
Տեղափոխութիւնը միշտ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է մարդկային կեանքին մէջ։ Վաղեմի հռետորական հարցադրում մըն է, թէ շատ կարդացածը՞ գիտէ կամ շատ պտտածը… Կա՛մ-կամը միշտ աւելի արմատական է՝ քան ե՛ւ-եւը…
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շուրջ տասն տարուան ներքին պատերազմէն վերջ Պեշար Էսատ պարտաւորուեցաւ Դամասկոսէն հեռանալ եւ իր ընտանիքին հետ ապաստան գտաւ Մոսկուայի մէջ:
Տակաւին շատ վաղ է Սուրիոյ ապագային շուրջ կանխատեսումներու համար, սակայն, անվիճելի է, որ Թուրքիոյ ծաւալուն ազդեցութիւնը դարձած է անշրջադարձելի առանցքային գործօն մը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարկոս Գրիգորեան մեր ժամանակներու արդի արուեստի նուիրական անուններէն մէկն է, որ երկրէ երկիր անցնելով՝ իր հանգրուանը գտաւ Հայաստանի մէջ, բայց այնքան ալ իր երազած պայմանները չէին կեանքի վերջին տարիները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն՝ «Նարեկ»էն աղօթք մը՝ որ հրաշագործ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր կեանքին վրայ՝ մեր զանազան նեղութիւններուն մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կեանքը ժամանակ մը ետք կը սորվեցնէ, որ խօսքը ինչքա՛ն ալ ազդեցիկ ըլլայ, որոշ հասունութենէ ետք մարդ գործն է, որ կը փնտռէ, լաւապէս համոզուած ըլլալով, որ խօսքը նման է երազներու, զորս կարելի է հիւսել ու յօրինել, մինչ գործը յստակ ապացոյցն ու հայելին կը դառնայ իրականութեան:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը այս օրերուն կ՚ապրի խանդավառութիւն։ Արդարեւ, Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբը կը պատրաստուի ամանորեան համերգի մը՝ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։
Կեդրոնականի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ հրճուանք ապրեցաւ՝ Ամանորի ընդառաջ վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քերմէսին առթիւ։
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուած էին՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ընդհանուր առմամբ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկուան համախմբումը զօրակցութեան եւ լաւատեսութեան ողջունելի միջավայրի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան մասնակցեցաւ Պահրէյնի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած՝ «Մանամայի երկխօսութիւն» միջազգային ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած ասուլիսի մը ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհը, ներառեալ եկեղեցականները կը հաւատային, թէ մեծագոյն իմաստութիւններէն մէկն է «աջ ձեռքին տուածը ձախը պիտի չգիտնայ» համոզումը. սակայն, ժամանակին հետ միասին կը փոխուին նաեւ համոզումները, մանաւանդ նման համոզում մը, որ ծագած է հազարամեակներ առաջ, թշնամիներ դարձնելով ձախն ու աջը:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Կանաչ լուացումը կեղծ տպաւորութիւն կամ ապակողմնորոշիչ տեղեկատուութիւն փոխանցելու գործընթաց մըն է այն մասին, թէ ինչպէ՞ս շրջակայ միջավայրին եւ բնապահպանութեան համար անվտանգ կրնան ըլլալ՝ ընկերութեան մը կամ երկրի արտադրանքները:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կարօ Փօլատեան անունը երբ կարդանք կամ լսենք, առաջին հերթին մեր միտքերուն մէջ կու գայ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» գիրքը, որու հեղինակն է Փօլատեան Կարօն կամ Կարապետը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան ատենապետուհի Սիլվա Ալաչամն ու գործակիցները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։