Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ «ծնած են» ու «կ՚ապրին» արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՚անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ՝ «պահուըտած է» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Տիկին Մարին եկեր է Քուէյթէն, ով գիտէ ինչե՜ր բերեր է այս տարի: 
-Սաւանի պէտք ունիմ, արդեօք բերա՞ծ է:
-Շուտ պէտք է հասնիս, սաւանները արագ կը սպառին:
-Այո, իրաւունք ունիս, աճապարելու եմ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արցախը Հայաստանին կապող երկրորդ ճամբան կը գործէ… Հայութիւնը ունեցաւ ապահով ճամբայ մը եւս, որ Հայաստանէն կը հասցնէ Արցախ: Լեռնային Սեւանայ լիճի երկայնքով եզրագծուող ինքնաշարժներու երթեւեկելի գեղեցիկ ճանապարհը իրականութիւն դարձած է համայն հայութեան նուիրատուութեամբ եւ կամքով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տարբեր առիթներով շարունակեց միջօրեայ Ս. Գրային սերտողութիւնները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը ունեցած է մեծ կորուստ մը։ Հայ կաթողիկէ կղերը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն Հայր Գասպար Վրդ. Պէյլէրեանի վախճանումը։ Ան ի Տէր հանգած է 89 տարեկան հասակին, քահանայագործութեան 58-րդ տարուան մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ կան եւ մեծամեծ յորջորջուածներուն մէջ, երբ առիթ մը ներկայանայ անոնց մասին արտայայտուելու, սրտի եւ հոգիի բարեմասնութիւն մը գտնելու համար մարդ երկա՜ր փնտռտուքներ ընելու կը ստիպուի։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Թուրքիա երէկ կորսնցուց երէց սերունդի հեղինակաւոր մտաւորականներէն մին, որ ընկերաբանութեան եւ քաղաքագիտութեան բնագաւառներէն ներս նոր հորիզոններ բացած էր երկրին առջեւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի ժողովուրդը ծանր թախիծով դիմաւորեց բանակի արձանագրած յաղթանակը ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ: Պատճառը՝ այդ թուականին լիբանանեան բանակի գերեվարեալ զինուորներու սպաննուած գտնուելու մասին տեղեկութիւնն էր, որ բողոքի «լուռ» ալիք մը կը ստեղծէր ամբողջ երկրին մէջ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2017

Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն վեցերորդ խորհրդակցութիւնը:
Անգարա, Պաքու եւ Թիֆլիզ յառաջիկայ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ պիտի շեշտադրեն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Աբխազիոյ հարցերը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ծաւալուած իրադրութեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը շարունակուին եռակողմանի ձեւաչափով բազմաբնոյթ ուղղութիւններով նիւթերու քննարկումները:
Արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Միխէյիլ Ճանելիծէ եւ Էլմար Մամետեարով կարծիքներ կը փոխանակեն տարածքաշրջանային համագործակցութեան շուրջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Հայաստանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» ազգային օփերայի եւ պալէի թատրոնը երէկ երեկոյեան հանդիսաւորապէս բացաւ նոր խաղաշրջանը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Հայկական կերպարուեստի 25 գլուխ գործոցներ՝ Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառէն ներս:
Մինչեւ ամսավերջ պիտի շարունակուի ձեռնարկը, որու բացման պատուոյ հիւրն էր Վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գործի մը, առաքելութեան մը յաջողութեան գլխաւոր չափանիշներէն մին է շարունակականութիւնը։ Հաւաքական կեանքէ ներս յարատեւութիւնը շատ յաճախ ինքնին կը նշանակէ նուաճում։ Հետեւողականութիւնը նախապայման մըն է ամէն տեսակ ձեռքբերումի համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Վարդանանց երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ շատ լաւ տպաւորութիւններ ունին դէպի Հայաստան ուղեւորութենէն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի երգեցողութեան աւարտին ան հակիրճ զրոյց մը ունեցաւ մեզի հետ՝ բաժնելով զգացումներն ու տպաւորութիւնները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Դէմքերը, ախ, բութ են այնպէս, կարծես շինուած են տապարով» 
Ե. Չարենց

Յուզումները փոխանցիկ են ելեկտրական հոսանքի նման. տխրութիւնը՝ տխրութիւն. ուրախութիւնը՝ ուրախութիւն կը տածէ առանց հիմնաւոր պատճառի: 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ

Եթէ Հալէպի մէջ գորգի գործածութիւնը, ձմրան, միայն առտնային անհրաժեշտութենէն մէկը կը համարուէր ու գետինը որպէս փռոց կը գործածուէր, Հայաստանի մէջ փռոցէն անդին կը ծառայէ նաեւ որպէս բազկաթոռի ծածկ, պատերէն կախուած վարագոյր եւ տունը տաքցնելու կամ նոյնիսկ զարդարելու միջոց:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Կեանքի իւրաքանչիւր պահը հնարաւորութիւն է» (Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէս)։
Ահա այս սկզբունքով գործեց, ստեղծագործեց, պայքարեցաւ անմահանուն արձակագիր, լրագրող, ֆիլմերու հեղինակ (scenarist), հրապարակախօս, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եւ լատին-ամերիկեան գրականութեան ակնառու ներկայացուցիչ՝ Գաբրիէլ Կարսիա Մարքէսը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքը, սիրելի՜ բարեկամներ, կը նմանի ճամբու մը՝ որ երբեմն մութ փապուղիներէն անցնելու կը հարկադրուի ճամբորդը։
Արդարեւ, այն որ կ՚ապրի կեանք մը, ստիպուած է հանդուրժել անոր մութ ճամբաներուն, որքան սիրով կը վայելէ լոյսը նոյն ճամբուն վրայ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջոյնի խօսք մը փոխանցեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ պատգամը, զոր ներկայացուց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան։

Էջեր