Արխիւ
Լիբանանի մէջ արուեստագէտ Հրայր Սարգիսեանի «Հայրենակարօտ» խորագրեալ առաջին անհատական ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի այսօր։ Անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 2-ը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
The Economist հեղինակաւոր պարբերականը անդրադարձաւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն:
Երեւանաբնակ 61-ամեայ Հրայր Ակուլեան համոզուած է, թէ քրիստոնեաները ապագայ չունին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Լոյսը խաւարի մէջ» պատկերագրքի շնորհանդէսը։ Այս գիրքին մէջ տեղ գտած են լիբանանահայ փորձառու լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներէն Մերի Պատալեանի եւ Գայիանէ Թադէոսեանի ստեղծագործութիւնները։
Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուին մտահոգիչ իրադարձութիւնները։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջին օրերուն դարձեալ լարուածութիւնը բարձրացած է աննախընթացօրէն։
Համպուրկի մէջ վաղը պիտի սկսի Մեծն քսանեակի (G-20) գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքոյթին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Գերմանական աղբիւրներու հաղորդումներով, G-20-ի գագաթաժողովի բացման ընդառաջ, այսօր, առանձին հանդիպում մը տեղի կրնայ ունենալ Էրտողանի եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի միջեւ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան որոշած է՝ հրաժարեալ Պետրոս Շիրինօղլուի փոխարէն չկատարել նոր նշանակում մը կազմին մէջ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնին առաջին ժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ Երկուշաբթի, 10 Յուլիսին:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քուէյթահայ յայտնի ազգային գործիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով Ծոցի նոր իրավիճակը:
Կիրակոս Գույումճեան. «Մենք անմիջական վնաս կամ դժուարութիւններու չենթարկուեցանք գոնէ մինչեւ հիմա, սակայն հետեւանքներէն կրնայ մեզի եւս բաժին հասնիլ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հայ Գիրերու Գիւտը. պայծառագոյն է՛ջը հայոց պատմութեան։ Հայ Գիրերուն Գիւտարարը. ազնուական դէ՛մքը հայ ժողովրդեան՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ դարե՜րու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառա՛ժ…»։
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Պատահմամբ, բայց մեծ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով գտայ բժիշկ Ալպերթ Աբէլեանի «Մատեան մանկանց» գիրքը, որ հրատարակուած է 1925-ին, Պոսթըն:
Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը կազմելու առաջադրութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Ս. Արքեպս. Պէքճեանի հրաւէրով Պատկ. Կրօնական Ժողովի անդամներ, համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուեցան 4 Յուլիս 2017, Երեքշաբթի, ժամը 17.00-ին։
Պատրաստեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր բանաստեղծ աշխարհը դարձեալ կ՚արարէ իր բանաստեղծութեամբ՝ կրկին ու նորովի: Բանաստեղծութեան խորհրդաւոր ծնունդը ինքնարարման, ինքնաբաւարարման ծէս է, որով բանաստեղծը կը կարողանայ իր խոհերն ու մտորումները կիսել իր ընթերցողին հետ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հազիւ կէսօրէ ետք էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա, գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք, արագ մը պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց իրեն հետ տանելիք լոյս ընծայած իր բոլոր հատորները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ղուկաս Աւետարանիչ իր «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Յիսուս պատասխանեց.- Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է» (ԳՈՐԾ. Ա 7)։ Արդարեւ, Համբարձումէն ետք, Քրիստոսի փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է, բայց մարդուս բոլորովին անծանօթ է անոր ժամանակը։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու մերժեց մաս կազմել նախաձեռնարկ մարմնին։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Պատրիարքարանի քոթայէն իր անունը դրած էր նախաձեռնարկ մարմնի կազմին մէջ։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու առաջադրութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին փորձառու յայտնի ազգայիններ:
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած երէկուան խորհրդակցութեան մասնակցեցան համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներն ու Կրօնական ժողովի անդամները:
Երեւանի մէջ սկսած է Creative Armenia մշակութային կազմակերպութեան գործունէութիւնը:
Ախալքալաքի Գաւառագիտական թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է գորգերու, Հայաստանի տարբեր մարզերու հայկական ազգային տարազներու եւ հայկական հնագոյն նախշերով արծաթեայ զարդերու ցուցահանդէս-վաճառք:
Պատրիարքարանի մէջ, նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան համար երէկ տեղի ունեցած համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան հանդէս եկաւ թրքերէն ելոյթով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Նորին Սրբազնութեան ելոյթին հայերէն թարգմանութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Անկուտի սիրահարներ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Մեթելիքսիզ աշըքլար» անունով լոյս տեսած է գիրքը, որու յառաջաբանը գրի առնուած է յայտնի գրականագէտ Մարկ Նշանեանի կողմէ։
Եւրոյանձնաժողովի յանձնակատարներէն Եոհաննէս Հահն պիտի այցելէ Թուրքիա:
Անգարա եւ Պրիւքսել կը ջանան յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց բնականոն հունը: