Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ յայ­տա­րա­րեց, որ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ուղ­ղեալ հան­րա­քուէն հա­ւա­նա­բար տե­ղի ու­նե­նայ Ապ­րիլ ամ­սուան մէջ։ Ըստ ի­րեն, Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան ուղ­ղեալ ա­ռա­ջար­կը ներ­կա­յա­ցուած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հա­ւա­նու­թեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Ֆրան­սա­յի նախ­կին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րէն Ժագ Շի­րաք ա­ռա­ջադ­րուե­ցաւ Նո­պէ­լեան խա­ղա­ղու­թեան թեկ­նա­ծու։ Ըստ ֆրան­սա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան թղթած­րարն ու նա­մա­կը ներ­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին յանձ­նուած է Նո­պէ­լեան կո­մի­տէին։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Մի­քա­յէլ Ժա­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէնն ու քար­տու­ղա­րու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Մոս­կուա։ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու շրջագ­ծով Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի կեդ­րո­նին ծաղ­կեպ­սակ մը զե­տե­ղեց Ան­ծա­նօթ զի­նուո­րի յու­շար­ձա­նին մօտ։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

ԱՄՆ-ի նոր վարչախումբը ի՞նչ դիրքորոշում պիտի որդեգրէ հայկական հարցին շուրջ:
Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսըն պատրաստակամ է՝ նպաստելու համար Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ուժանիւթի շաբաթ 2017» խորագրեալ ձեռնարկներու շարքը՝ բազմակողմանի քննարկումներով:
Սերժ Սարգսեան. «Իրանի եւ Վրաստանի հետ ելեկտրահաղորդման գիծերու օգտագործումը նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ Հայաստանի համակարգը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին զրոյց՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավարին հետ:
Նարեկ Գալստեան. «Մեր երկրի առկայ լուրջ մարտահրաւէրները պէտք է լուծուին մեծ միաւորումներու ճանապարհով»:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Յու­նուա­րի 22-ին, Ե­րու­սա­ղէ­մի Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թիւ­նը՝ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն կազ­մա­կեր­պած էր դէ­պի Յոր­դա­նան գետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Նա­մակ մըն է, որ կը հնչէ. նախ ձայն կու տայ, ա­յո ձայն մ­­՚է ան, որ կը տե­ղե­կաց­նէ նա­մա­կի մը գա­լուն մա­սին: Ա­մէն ինչ դիւ­րին է հի­մա, աշ­խարհն ամ­բողջ ա­փիդ մէջն է կար­ծես, բջի­ջա­յի­նիդ դո­ղը, ձայ­նէն ա­ռաջ, կը յու­շէ լու­րի մը մա­սին: Ար­դեօք ի՞նչ է նա­մա­կին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը:

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­սուս երբ մկրտուե­ցաւ ե­րին­քէն լսուե­ցաւ ձայն մը, որ կ՚ը­սէր. «Ա­տի­կա է իմ սի­րե­լի Որ­դիս, ո­րուն ես հա­ճե­ցայ»։ Յե­տոյ Յի­սուս Սուրբ Հո­գիին կող­մէ տա­րուե­ցաւ ա­նա­պատ՝ Սա­տա­նա­յէն փոր­ձուե­լու հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ծրագ­րին ծի­րէն ներս՝ ըն­թա­ցիկ տա­րուան Ապ­րի­լին, Ար­ցա­խի դպրոց­նե­րու մի­ջեւ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի «Ազ­գա­յին պար» մրցոյթ-ո­ղիմ­պիա­կա­նը

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2017

Ժը­նե­ւաբ­նակ գոր­ծա­րար եւ Մար­սէյ­լի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վար­դան Սրմա­քէ­շի, սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար Քրիս­տիան Կե­րի­ճիի եւ ար­թիկ­ցի Վա­րա­գեան եղ­բայր­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Շի­րա­կի մար­զի Վար­դա­գոյն քա­ղա­քին մէջ մօտ ա­պա­գա­յին պի­տի բա­ցուի ե­րեք հա­րիւր աշ­խա­տա­տե­ղի, բայց մինչ այդ գոր­ծա­րա­նը հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տու­ժով ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նախ կա­րի ու­սուց­ման կեդ­րոն բա­ցուե­ցաւ Ար­թի­կի մէջ. կը մնայ գտնել գոր­ծա­րա­նին շէնքն ու վե­րա­նո­րո­գել զայն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Թաւ­րի­զի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, ձե­ռամբ Ատր­պա­տա­կա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր  Եպսկ. Չիֆթճ­եա­նի։ Այս մասին Ատր­պա­տա­կանի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րանէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագ­րութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Թուր­քիոյ, Ռու­սաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ՝ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Աս­տա­նա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը հա­սան ի­րենց ա­ւար­տին։ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ նման ձե­ւա­չա­փի մը մէջ նստան նոյն սե­ղա­նին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պէն ներս զո­հուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը։ Հա­լէ­պի մեր­ձա­կայ գիւ­ղե­րէն մէ­կուն մէջ զո­հուե­ցաւ հա­յազ­գի զի­նուոր Ժան Քո­րա­ճեան։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վը։ Նա­խա­րար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին եւ այդ ամ­բող­ջէն բխած ար­դի հար­ցե­րուն շուրջ։ Ա­նոնք աչ­քէ ան­ցու­ցին նաեւ երկ­կող­մա­նի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ծրա­գի­րը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Եւ­րո­պա­յի յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րէն ղե­կա­վար­ներ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րե­րա­յա­ջորդ պի­տի այ­ցե­լեն Թուր­քիա։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ Անգ­լիոյ Վար­չա­պետ Թե­րե­զա Մէ­յը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները գրեթէ աւարտած:
Նախարար Արսլանի խօսքերով, բեռնափոխադրումներու լուրջ շարժում մը պիտի սկսի:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը երէկ քննարկուեցաւ վարչապետներու մակարդակին վրայ:
Կարէն Կարապետեան. «Վստահ եղէք՝ Հայաստան յառաջիկային պիտի ըլլայ հայոց համար ամենալաւ երկիրը»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2017

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը յառաջիկային ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին:
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս. «Մենք միշտ յստակ նշած ենք, թէ հաշտութեան համար անհրաժեշտ է, որ ըլլայ լիարժէք, արդար եւ անկեղծ ճանաչում այն դէպքերուն համար, որոնք տեղի ունեցած են հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին»:

Էջեր