Արխիւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վիշտ» եւ «գե­ղեց­կու­թիւն». ի­րա­րու բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ, թե­րեւս եր­բեք ի­րա­րու չհա­մա­ձայ­նող, ի­րա­րու հետ ար­տա­սա­նել նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի եր­կու ի­րո­ղու­թիւն…։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Ե­րե­ւա­նի «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի սա­նե­րը ու­շագ­րաւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րեն մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ­նե­րու շրջագ­ծով։ «ԹՈՒ­ՄՕ»էն խումբ մը սա­ներ վեր­ջերս դար­ձան «Ա­րե­ւոր­դի» մի­ջազ­գա­յին բնա­պահ­պա­նա­կան 6-րդ փա­ռա­տօ­նի «Ման­կա­պա­տա­նե­կան» ա­նուա­նա­կար­գի յաղ­թող։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կեն­դա­նի ա­ռաս­պել­նե­րէն Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը վա­ղը պի­տի հնչեն Կիւմ­րիի մէջ նա­խա­տե­սուած մաս­նա­ւոր հա­մեր­գի մը ըն­թաց­քին։ Այս­պէս, Ման­սու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պի­տի նուա­գուին քա­ղա­քի «Սեւ բերդ» ամ­րո­ցէն ներս։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ Ազատ Սուրիոյ բանակի յառաջխաղացումը խանգարեց ԵՓԿ-ի ծրագիրը:
«Եփրատի վահան» գործողութիւնները կը պայմանաւորեն տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Մոլ­տա­վիոյ Փոխ-վար­չա­պետ,  ար­տա­քին գոր­ծոց եւ Եւ­րո­պա­յի հետ հա­մարկ­ման գծով նա­խա­րար Անտ­րէյ Քալ­պուր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին։ Սա Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հան­դի­պումն էր։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Այ­սօր, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ան­պաշ­տօն հան­դի­պու­մը, որ ու­թե­րորդն է իր նման­նե­րու շար­քին։ Այս հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի տան­տի­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Եդուարդ Նալպանտեան Պրիճիթ Պրինքի հետ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ կը պատ­րաստուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Մոս­կուա։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 5-6 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն եւ ան պի­տի հիւ­րըն­կա­լ­ուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Մոս­կուա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած են Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հան­դի­պում­նե­րը՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի յա­ջորդ շաբ­թուան մէջ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Ե­րե­ւան։ Ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի այս այ­ցե­լու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պի այն­պի­սի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը, երբ եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գին վրայ կը գտնուին շարք մը կա­րե­ւո­րա­գոյն ծրագ­րեր, ո­րոնք կրնան փո­խել տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կլի­ման։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայէր երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Չավուշօղլու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դատապարտելի որակեց Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց թրքահայ համայնքին համար:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանը:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ՝ Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին բազմակողմ քննարկումներուն լոյսին տակ - 1:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ի վերջոյ, աշխարհի վրայ քանի՞ երկրի ղեկավար ունի նոյնաժամանակ երեսունմէկ երկիրներէ մամլոյ սպասաւորներու հետ շփուելու»:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Ի­ԿՈՐ ՏՈՐՖ­ՄԱՆ-ԼԱ­ԶԱ­ՐԵՒ

Հա­յոց աշ­խար­հը ին­ծի հա­մար Կաս­պից ծո­վե­զեր­քէն՝ Պա­քուէն սկսաւ, իր ներ­քին բա­կե­րէն, լայ­նա­տա­րած պատշ­գամ­նե­րէն, գոյնզ­գոյն կե­րա­կուր­նե­րով ծած­կուած եր­կար սե­ղան­նե­րէն, ղա­րա­բա­ղեան բար­բա­ռին հնչիւն­նե­րէն, հայ­կա­կան պա­րե­րու մէջ փռուած ձեռ­քե­րու ու­րուա­գի­ծե­րէն, «Քա­մի­նե­րու քաղաք»ի սօ­սի­նե­րու ան­դադ­րում սօ­սա­ւիւ­նէն:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

 ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Մի քա­նի օր ա­ռաջ հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի մը մէջ ա­կա­նա­տե­սը ե­ղայ ա­րար­քի մը, ո­րուն ե­թէ ու­զենք ա­նուն մը տալ, մի միայն կրնանք ազ­գա­սի­րու­թիւն ա­նուա­նել:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

ՅՈ­ՎԻԿ ՇԷ­ՀԻ­ՐԵԱՆ

Հա­լէ­պա­հայ ե­րի­տա­սարդ՝ Խա­չիկ Տաու­տեան կը պատ­մէ իր ապ­րած վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը՝ սկսած Հա­լէ­պի հետզ­հե­տէ վատ­թա­րա­ցած ի­րա­վի­ճա­կէն մին­չեւ Լի­բա­նա­նի վա­տա­ռողջ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րը: 26-ա­մեայ ե­րի­տա­սար­դը, նախ­քան հար­ցազրոյ­ցի սկսի­լը, պահ մը ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով խնդրեց, որ բո­լոր ը­սած­նե­րը գրի առ­նուին:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշ­խար­հը ի­մաս­տու­թեամբ ստեղ­ծուած է, ա­պա ու­րեմն աշ­խար­հի վրայ ա­նի­մաստ ու անն­պաս­տակ բան չկա՛յ։ Ինչ որ կը տես­նենք մեր շուր­ջը, ա­մե­նէն անն­շան նկա­տուածն իսկ ան­պայ­ման պատ­ճառ մը, նպա­տակ մը, այ­սինքն ի­մա՛ստ մը ու­նի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ներ­կա­յիս Էլ Պապ քա­ղա­քը ա­ռար­կայ կը դառ­նայ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը սաս­տիկ հա­րուած­ներ կը հասց­նէ՝ այս քա­ղա­քը ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար Ի­ՇԻՊ-էն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Սղեր­դի եւ Թուն­ճե­լիի մէջ այ­սօր ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ձեր­բա­կա­լուե­ցան քա­ղա­քա­պետ­նե­րը։ Այդ եր­կու քա­ղաք­նե­րու հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւն­նե­րուն կող­մէ քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րէն ներս կա­տա­րուե­ցան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հրա­ւէ­րով՝ Մոլ­տա­վիոյ Փոխ-վար­չա­պետ, Ար­տա­քին գոր­ծոց ու Եւ­րո­պա­յի հետ հա­մարկ­ման գծով նա­խա­րար Անտ­րէյ Քալ­պուր այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Էջեր