Արխիւ
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երիտասարդ կրթական մշակ Արեւիկ Պապայեանը։ Բոլոր անոնք, որոնք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կեանքին, մանաւանդ մանկապարտէզի առօրեային տեղեակ են՝ վերջին շրջանին կ՚ողջունեն Արեւիկ Պապայեանի ներկայութիւնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օրը կը սկսի աւետիսով մը: Հեռաձայնը կը զնգայ, Տիկին Սաթիկ կը փութայ վերցնելու ընկալուչը: Կը սպասէր ան կարծես լուրի մը: Սիրտը կը բաբախէր անոր, գիշերը չէր ալ կրցած քնանալ, աչքերը թարթել. ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն Տիկին Սաթիկին մինչեւ ընկալուչին քով հասնիլը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ ծագումով գրող, երգիծաբան Լեռ Կամսարի ստեղծագործութիւնները վերջին տարիներուն առանձնակի ընդունելութիւն գտած են Հայաստանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն» եզրին կարեւորութիւնը յայտնելէ ետք, ամէն մէկ անունի նշանակութիւնը գիտնալ «անձ»ին արդար եւ բնական իրաւունքն է. անձը իր կրած անունին իմաստը եթէ գիտնայ աւելի կը նոյնանայ անոր հետ եւ աւելի գիտակից կը վարուի, եւ իրաւո՛ւնք է եւ պարտք՝ գիտնալ իր կրած անուան նշանակութիւնը։
Սուրիոյ մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով այդ երկրի տարածքէն ներս գտնուող զօրքերը Էլ Պապի շրջանին մէջ ենթարկուեցան օդային յարձակման։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու 93-րդ օրուան զուգադիպեցաւ այս ցաւալի դէպքը։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտը մասնակցեցաւ «Մանրածախութեան օրեր 2016»ին:
Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կը մատնանշէ ներկայիս աշխարհի հասած նուրբ կէտը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պատճառ դարձած է այնպիսի իրավիճակի մը, որ անկարելի է յառաջընթաց ակնկալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքային շրջանակներէ երկու ծանօթ, աշխոյժ եւ շատ սիրուած դէմքեր՝ Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նաժտա Շատեանը։ Այս շրջանին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը պիտի հաստատէ Թուրքիոյ մօտ:
Նեչիրվան Պարզանի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ՝ տարածքաշրջանի զարգացումներուն շուրջ:
Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղ կը պատկանի Ատրպէյճանին»:
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեակին ձօնուած շքեղ համերգին ներկայ էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ հանապազ զօրակցութիւնը հայցեց իր հոգեւոր եղբօր համար:
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու ոգեկոչման հադիսութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Ոսկեբերան եկեղեցոյ հովիւ եւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նէրկայացուցիչ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով ծնողներ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ հիւրընկալուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու շրջանակներէն խումբ մը աշխատակիցներ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ պարգեւատրեց քանի մը յայտնի լրագրողներ, որոնք կ՚աշխատակցին Հանրային հեռուստատեսութեան եւ Հանրային ռատիոյին։
Սուրիոյ բանակը մուտք գործեց Հալէպի արեւելեան շրջանները, որոնք ընդդիմադիր ուժերու հակակշռին տակ կը գտնուէին։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Հալէպի մերձակայքին մարտերը սաստկացած էին՝ կառավարական զօրքերուն եւ ընդդիմադիր մարտիկներուն միջեւ։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ։ Այցելութեան շրջագծով ան ամենաբարձր մակարդակով կը հիւրընկալուի պետական աւագանիին կողմէ։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ռուսաստանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարը:
Երկկողմանի համագործակցութեան մեծ ներուժը լիարժէք օգտագործելու համար կը նախատեսուին բազմաբնոյթ քայլեր:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Ռուսաց Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան վերահաստատման ուղղութեամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար:
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր։ Թուրք ուղեղի խումբի խմբապետ եւ Մտախաղերու ամսաթերթի ղեկավար Ֆերհաթ Չալափքուլու մասնակցութիւն բերաւ այս ձեռնարկին։
Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց մեր հանգստեան կոչուած կրթական մշակներուն համար նախատեսուած տարեկան պտոյտ ճաշկերոյթը։ Այս հաւաքը մեր իրականութենէն ներս ստեղծուած լաւ աւանդութիւն մըն է թէ՛ կրթական մշակները մեծարելու եւ թէ անոնց փորձառութենէն միշտ օգտուելու տեսանկիւնէն։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ աւանդական պտոյտ-ճաշկերոյթին մասնակցեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ ներկայացուցիչներ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Հայագիտութեան ապագան մթագնած չեմ տեսներ, փակուղիի մէջ չեմ տեսներ, դժուար, դանդաղ, բայց անպայման կը զարգանայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անունը ինքնութի՛ւն է, այս պատճառով, անունը մարդկային թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ կենսական դեր մը կը խաղայ եւ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Այս իմաստով եւ այս տեսանկիւնէն դիտելով «անուն»ը, կը շարունակենք ներկայացնել անուններու նշանակութիւնը՝ օգտուելով Հրաչեայ Աճառեանի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ André-Marie Gerard-ի բառարաններէն։