Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան իր «Եղբայր ենք մենք» բանաստեղծութեան իւրաքանչիւր տունը սապէս կը վերջացնէ. «Ընդ աստեղօք ինչ կայ սիրուն, Քան զանձկալի եղբայր անուն…»։
Եգիպտոսի կառավարութիւնը չինական «Չայնա Ֆորչուն Լենտ Տեւելոփմընթ» ընկերութեան հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, որուն ծիրին մէջ չինական կողմը 20 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Եգիպտոսի նոր մայրաքաղաքի կառուցման նախագծին մէջ:
Նշանաւոր հայ բեմադրիչ-վաւերագրող, բեմագիր, դերասան Արտաւազդ Փելեշեան Չեխիոյ Եիկլաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Վաւերագրական շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին արժանացած է պարգեւի՝ համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած աւանդին համար։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորանշանակ աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան, որ 1 Նոյեմբերի դրութեամբ ձեռնարկած է պաշտօնի, երէկ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ներկայացուեցաւ՝ երկրի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Պետրոսեան նշեց, որ կը պատրաստուի փոփոխութիւններու ենթարկել հայկական ընտրանին։ Իր օգնականները պիտի ըլլան՝ Սարգիս Յովհաննիսեան եւ Ռազմիկ Գրիգորեան, որոնք երկար տարիներ մաս կազմած են հայկական հաւաքականին։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք եւ Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք երէկ շփումներ ունեցան Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ։ Անոնք այցելեցին Ռէյհանլըի պահակակէտերը եւ աւելի վերջ փութացին Հաթայի կուսակալութիւն։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, թէ ՆԱԹՕ-է ներս Թուրքիա կը հանդիսանայ այն միակ երկիրը, որ պատժամիջոցներ չի կիրարկեր Ռուսաստանի դէմ։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ դժուար օրերուն Ռուսաստան ապացուցանած է, որ իսկական բարեկամ մըն է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալ Մայքըլ Քարփենթըր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի կողմէ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի երկօրեայ միացեալ ժողովը եզրափակուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ 2018 թուականը հռչակուեցաւ երիտասարդութեան տարի, որու ընթացքին մեծ հաւաք մը պիտի կազմակերպուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Հիւսիսային Ամերիկայէ ներս հայ նոր սերունդի ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ կը նախատեսուին բազմակողմանի նախաձեռնութիւններ:
Գարակէօզեան Տան աշակերտութեան համար կ՚ընձեռուին ստեղծագործական հնարաւորութիւններ:
Որոշուած է գեղարուեստական աշխատանոց-կեդրոնը ձօնել Տիգրան-Նատիա Կիւլմէզկիլ ամոլի անուան:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 1-ին կը նշենք ծննդեան 146-րդ տարեդարձը հայ դասական երաժշտութեան մեծատաղանդ վարպետին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի (1871-1928)։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Վաղը ամուսինիս տարեդարձն է, իրիկունը մեր բոլոր հարազատներն ու բարեկամները պիտի գան. պէտք է ամէն ինչ իր ուզածին պէս պատրաստեմ, մանաւանդ իրեն ամենասիրելի քաղցրեղէնին՝ Նափոլիոնին համը պէտք է իր քիմքին գոհացում տայ: Ուրիշ ի՞նչ պատրաստեմ, կ՚ուզեմ որ ամէն ինչ ձեռքիս գործը ըլլայ, դուրսէն պատրաստ բան մը պիտի չապսպրեմ»:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ձեռագրաց հաւաքածոյին մէջ կը պահպանուին Գրիգոր Նարեկացիի երկերու, ձեռագիր մատեաններու եւ հնատիպ գիրքերու կարեւորագոյն հաւաքածոն՝ զանազան դարերէ եկած եւ այսօրուան ու գալիք սերունդներուն համար պահ դրուած:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը» (ՄԱՐԿ. ԺԲ 43-44), (ՂՈՒԿ. ԻԱ 1-4)։
Նուրհան Տավուլճեան մասնակցեցաւ JUNWEX Yerevan Show 6-րդ ցուցահանդէսին:
Իսթանպուլահայ երիտասարդ վարպետը կը պատմէ արծաթագործութեան արհեստին գաղտնիքները:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս ամիս Երեւանի մէջ կ՚ոգեկոչուի հայկական երաժշտութեան տիրական անուններէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան՝ իր ծննդեան 145-ամեակին առթիւ։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը նախաձեռնած է մեծանուն յօրինողի ոգեկոչման ծրագրին, որ սկսաւ երէկ ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկեան ծեռակոյտին կողմէ վաւերացուած ՃԱՍԹԱ (Justice Against Sponsors of Terrorism Act) օրէնքը յարաբերութիւններու նոր ընթացակարգ մը կրնայ գծել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ սիւննի աշխարհի յառաջատար երկիր համարուող Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս «նախապաշարումը», մարդկային թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական կեանքին համար վտանգաւոր եւ վնասակար ունակութիւն մըն է։
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Վերլուծաբան Վիգէն Չըթրեանի կարծիքով՝ «ԻՇԻՊ-ը, ամբողջովին դուրս պիտի չգայ Իրաքէն եւ տեղափոխուի Սուրիա, քանի որ անոր ինքնութիւնը, գոնէ իր ողնաշարը՝ իրաքեան է»: Ան շարունակեց. «Մուսուլի անկումէն ետք, ԻՇԻՊ-ի ամենամեծ քաղաքը՝ սուրիական Ռաքքան պիտի դառնայ: Չեմ գիտեր, թէ անոնք որքանով պատրաստ են Ռաքքայի համար մեծ ճակատամարտ մղելու եւ կամ անապատային շրջաններու մէջ հաստատուելու»:
Յայտնի նկարչուհի Ասիլվա վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Փարիզի մէջ, ի շարունակութիւն անցեալ Սեպտեմբերին Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի իր գործերու ներկայացման։ Արդարեւ, Փարիզի Փանթէոնի հրապարակին վրայ գտնուող 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի շքեղ սրահներուն մէջ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան բացումը կատարուեցաւ Ասիլվայի ցուցահանդէսին, նուիրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին։
Երեւանի մէջ այս եղանակին արդէն ձիւնած է առաջին անգամ։ Հայաստանի լրատուական գործակալութիւնները արդէն կը սփռեն ձիւնածածկ մայրաքաղաքէն դրուագներ։ Ընդհանրապէս, այս տարի ձմեռը կանուխ վրայ հասած է Հայաստանի մէջ։