Արխիւ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ գումարեց 2017 թուականի առաջին ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուեցան Սուրիոյ իրադարձութիւնները։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ժողովը տեւեց շուրջ ութ ժամ, որու աւարտին հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ հակազդեցութիւն հասցէագրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն՝ առանց անուն տալու։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս պայմանագրերու ստորագրման արարողութիւն:
Ուսումնասիրութիւնները առաջնահերթ են՝ պետական քաղաքականութեան նոր մօտեցումներու համար:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան անցեալ դիւանագիտական տարին ամփոփելով՝ քննադատութիւններ հասցէագրեց Պաքուին:
«Հայաստան պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները, որոնք այլընտրանք չունին»:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» մարդուժի զարգացման հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որ կը վերաբերի «Մշակութային կանգառ» ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն նախագիծը կ՚ենթադրէ ներկայ տարուան տեւողութեան երկրի զանազան մարզերէն ներս 426 մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Այս աշխարհիկ կեանքին մէջ ի՞նչն է կարելին եւ ի՞նչը՝ ոչ։ Անհասանելի, անգիտակից, հարեւան կամ թշնամի սահմաններ թեւակոխելու իրաւասութիւնները որո՞նք են որ կրնան անհատական, ընտանեկան կամ ընկերային մարզերու մէջ յայտնաբերուիլ։ Թէկուզ եթէ հզօր ես միտքով, ֆիզիքապէս կամ նիւթով (ոչ բոլորը միատեղ), այն ժամանակ թերեւս քեզի կարելի թուի ամէն արարք, իրենց պայմաններով եւ պարագաներով. եւ սակայն՝ ո՛չ միշտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբան հայրերէն մին է Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Օր մը իր աշակերտներէն մին կը մօտենայ իրեն եւ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է քրիստոնէական առաջնակարգ առաքինութիւնը»։ Եւ Սուրբ Օգոստինոս կը պատասխանէ. «Խոնարհութի՛ւն»։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Յարութիւն Թորոսեան անունը անմիջականօրէն արուեստասէրը կը կամրջէ հայկական արդի գեղանկարչութեան հետ: Լիբանանէն մինչեւ եւրոպական ոստաններ, Հայաստան եւ ովկիանոսէն անդին՝ Միացեալ Նահանգներ, անոր հռչակը անցեալ դարու ուշ 50-ական տարիներէն սկսեալ տարածուած է նկարչութեան աշխարհին մէջ, ոչ միայն ստեղծագործական վաստակին շնորհիւ, այլ նաեւ իբրեւ արուեստի ու գեղանկարչութեան դասախօս-արուեստաբան:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
National Geographic-ի եւ Time ամսագիրներու աշխատակից, World Press Photo եւ Ռոպերթ Կապայի անուան հեղինակաւոր մրցանակներու արժանացած յայտնի լուսանկարիչ՝ Ճոն Շթէյնմայէր, անցեալ տարի Հայաստան այցելած է քանի մը առիթներով: Ան անցեալ տարուան Մարտին Կիւմրի քաղաքին մէջ աշխատանոց մը վարած է զանազան երկիրներէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Իտալիայէն, Փորթուգալէն, Լեհաստանէն եւ այլ երկիրներէն ընտրուած խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնք հետաքրքրուած էին լուսանկարչութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմացականութիւնը, մարդկային առաքինութիւններու՝ գլխաւոր, ամուր, կեցուածք մըն է՝ կայուն տրամադրութի՛ւն մը։ Ան սովորական կատարելութիւն մը կ՚ենթադրէ, որ կը կանոնաւորէ մարդուս արարքները, կը կարգաւորէ մարդկային կիրքերը եւ կ՚առաջնորդէ վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատալիքներու, անշեղ սկզբունքներու։
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ:
Ըստ Եակլանտի, Վրաստանի բարեփոխումները կը պաշտպանուին Եւրոպական կառոյցներուն կողմէ:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ Թեհրանի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները կը հանդիսանան տարածքաշրջանային անվտանգութեան կարեւոր գործօն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թեհրանի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ Ճեւատ Զարիֆ մատնանշեց կողմերու համագործակցութեան աւելի քան հինգդարեայ պատմութիւնը։
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Ատրպէյճան։
Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Գրիգորեանի յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը երէկ տեղի ունեցաւ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Վախճանեալ սրբազան հօր մարմինը ամփոփուեցաւ Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի անունով հանդիպում՝ ամերիկացի դիւանագէտներու հետ:
Դեսպան Ճոն Պեսսի եւ Աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիսի զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Թորոս Ալճան:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Ռեքս Թիլըրսըն կը նախատեսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ աշխատիլ՝ խաղաղութեան ու կայունութեան համար:
Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմը այս եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցիները իրերայաջորդ երեք յաղթանակ ապահոված են եւ առանց պարտութեան կը շարունակեն իրենց ճանապարհը։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան մէջ, Յունուարի 25-ին, Յովհաննէս Թումանեանի՝ Դսեղի տուն-թանգարանի ենթակառուցուածքներու շինարարութեան համար համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրուած է: Փաստաթուղթը ստորագրած են ամերիկահայ երաժիշտ, բարերար Աշոտ Տիգրանեան եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան, արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարապետ Վարդանեան։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վերջին օրերուն տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութեան հետ:
Ատրպէյճան կը ջանայ խոչընդոտել կազմակերպութեան Երեւանի գրասենեակին գործունէութեան ընթացքը:
Հայաստանի Հանրապետութեան Զինեալ ուժերու 25-ամեակին առթիւ տօնակատարութիւններ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ռազմական որեւէ գործողութիւն չի կրնար ապահովել Արցախի հարցի լուծումը»:
Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին պաշտօնական այց մը տուաւ Թուրքիա:
Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան. «Անգարա եւ Լոնտոն ընդունակ են համատեղ քայլերով յառաջ ընթանալ»:
