Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Կի­րա­կին հան­գիս­տի միակ օրս է: Կը մնամ փա­կուած տան մէջ. ե­թէ հար­կա­ւոր չեմ... բայց այս Կի­րա­կին ե­րի­տա­սար­դու­հիի մը տա­րե­լի­ցին պար­տա­կա­նու­թիւն կա­տա­րած ըլ­լա­լու գո­հու­նա­կու­թեան հետ, ե­կե­ղե­ցիի խուն­կի բոյ­րը, մեղ­մօ­րէն մա­շող մո­մե­րու խորհր­դա­ւո­րու­թիւ­նը, սե­ւազ­գեստ մայ­րե­րու եւ քոյ­րե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, հո­գե­հանգս­տեան շա­րա­կա­նով ալ զիս պի­տի վե­րաց­նէր կոչ­նա­կի զան­գէն ետք...։­

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին մո­լու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ եւ թե­րու­թիւն­ներ կան, բայց դժբախ­տու­թիւ­նը այն չէ՛ որ ա­սանկ շե­ղում­ներ, սխալ­ներ կան, դժբախ­տու­թիւ­նը այն է, որ ա­նոնք որ գի­տեն, թէ ո՛ր­քան ա­ղէ­տա­լի է ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քին մէջ՝ կա­մաւ կը զո­հեն այդ ա­ղէտ­նե­րուն ի­րենց մար­մինն ալ, հո­գի՛ն ալ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արքեպիսկոպոս Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեանն ու իր ըն­կեր­նե­րը։ Ներ­կայ էր նաեւ թա­ղի նո­րան­շա­նակ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2016

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Վեր­ջերս, Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նա­նո­րո­գու­մէն ետք հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ իր դռնե­րը բա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հնա­գոյն ու վար­կա­նիշ ու­նե­ցող դպրոց­նե­րէն մին՝ Չայ­քովս­կիի անուան միջ­նա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցը, ո­րուն ե­րեք մաս­նա­շէն­քե­րու ամ­բող­ջա­կան նո­րո­գու­մը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 14-ին Ա­թէն­քի մէջ, Յու­նաս­տան, տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Ա­մե­րի­կեան Apple ըն­կե­րու­թեան 7-րդ սե­րուն­դի iPhone-ի ա­ռա­ջին խմբա­քա­նա­կը, ըստ չի­նա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու, ար­դէն ար­տա­հա­նուած է այլ եր­կիր­ներ: Մա­տա­կա­րա­րուած գրպա­նի հե­ռա­ձայն­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը 371 հա­զար է:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Ի­րա­նի Սպա­հան քա­ղա­քի հայ­կա­կան Ս. Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղե­ցին նե­րա­ռուած է Ի­րա­նի այն տե­սար­ժան վայ­րե­րու ցան­կին մէջ, ո­րոնք պար­տա­դիր են բրի­տա­նա­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան հա­մար: Ցան­կը կազ­մած է բրի­տա­նա­կան International Business Times-ը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Աւստ­րա­լիոյ խորհր­դա­րա­նի 45 -րդ նս­տաշր­ջա­նին Կոլտշ­թէյն հա­մայն­քէն ե­րես­փո­խան ընտ­րուած Թիմ Ո­ւիլ­սըն ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նա­կան ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըստ տեղ­ւոյն ա­ւան­դու­թեան, ան խորհր­դա­րա­նա­կան իր ա­ռա­ջին ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ ար­մատ­նե­րուն եւ ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Յու­նաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Նաֆ­սի­քա Նեն­սի Է­վա Վրայ­լան, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց դես­պա­նը նոր պաշ­տօ­նին բե­րու­մով ու մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ վա­ղը պի­տի ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Ան եր­կօ­րեայ շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

6-7 Սեպտեմբեր 1955 թուականի դէպքերը վերյիշուեցան զանազան ձեռնարկներով:
Կալաթասարայի հրապարակին վրայ ցոյց, «Քարանլըք իշլէր»ի մէջ հետաքրքրական ասուլիս:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

​Թուրք զինեալ ուժերը նպատակասլաց քայլերով յառաջ կը տանին «Եփրատի վահան» լայնածաւալ գործողութիւնները:
Ուաշինկթըն կը փափաքի Ռաքքայի համար աշխատիլ Անգարայի հետ, սակայն համամիտ չէ Սուրիոյ մէջ թռիչքներու փակ գօտիի մը ստեղծուելուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Մատենադարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը:
Հրաչեայ Թամրազեանի յուղարկաւորութիւնը առիթ հանդիսացաւ իր խօսքերու վերյիշման. «Կեանքի առեղծուածը դեռ չենք բացայայտած, սակայն ամէն ինչ մարդու մէջ է թէ՛ կեանքի առեղծուածը եւ թէ կեանքի իմաստը»:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ, ե­րէկ, Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ սկսաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) հեր­թա­կան ժո­ղո­վը։ Բաց­ման նիս­տին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ԳՀԽ­-ի հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ան­դամ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թիւնն ու պատ­գա­մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նա­խա­գահ Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան եւ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ 2 Հոկ­տեմ­բե­րին կրօ­նա­կան եւ աշխ­ար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով պի­տի նշուին դպրաց դա­սու եւ երգ­չա­խում­բի կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րը՝ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին մտա­յին կազ­մու­թիւ­նը այն­պէս է որ մարդս չի կրնա՛ր պարզ կեր­պով, այ­սինքն՝ ա­ռանց զգա­լի՛ բա­նե­րու ա­նուն­նե­րը կամ բա­ռե­րը գոր­ծա­ծե­լու, բա­ցատ­րել մտքի կամ վե­րա­ցեալ ճշմար­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ գա­ղա­փար­ներ, հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­ներ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ներ­կայ գտնուած է հիմ­նա­նո­րո­գուած Ե­րե­ւա­նի Չայ­քովս­կիի ա­նուան միջ­նա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեանի «Պատմութիւններ ճանապարհէն» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը ստեղծած է լայն ու դրական արձագանգ:
«Ինծի համար Արա Կիւլէրը շատ հարազատ է, սրտիս մօտ են՝ անոր քաղաքի դրուագները, իր նկարած Իսթանպուլի կեանքը»:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016

ՍԱՐ­ԳԻՍ ՓՈ­ՇՕՂ­ԼԵԱՆ

Կարգ մը ման­կա­կան խա­ղեր կար­ծես կը բա­ցա­յայ­տեն խո­շոր ճշմար­տու­թիւն­ներ: Այս­պէս, ման­կու­թեանս՝ երբ տու­նե­րը այս­քան խիտ չէին, ընդ­հան­րա­պէս դպրո­ցա­կան ա­զատ պա­հե­րը մօ­տա­կայ փոքր ու մեծ դաշ­տե­րու մէջ կ՚անց­ընէինք եւ հոն զա­նա­զան խա­ղե­րու են­թա­կայ տղաք կ՚ըլ­լա­յին. ա­մէն ոք իր նա­խընտ­րու­թեան:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք մարդ էա­կին մա­սին՝ որ իր ա­րար­չու­թե­նէն ի վեր միշտ «ան­ծա­նօթ» մըն է, թէ՛ իր էու­թեամբ, թէ՛ իր ա­րարք­նե­րով։ Տքթ. Ա­լեքս Գա­ռէլ, իր «Մար­դը՝ Սա Ան­ծա­նօ­թը» գիր­քին մէջ (1901) կ՚ու­սում­նա­սի­րէ մարդ էա­կը, բայց ան կը մնայ միշտ «ան­ծա­նօթ» մին­չեւ այ­սօր, որ­պէս ան­լու­ծե­լի «հարց» մը՝ իր մարմ­նա­կան, հո­գե­կան եւ մտա­յին էու­թեամբ։

 

 

Էջեր