Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի ընտանիքին ներկայացուցիչները։ Այսպէս, հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քահանայ Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները Պատրիարքարան այցելեցին՝ թաղի վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ։
Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի ընդառաջ աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Քէրմէսի յատուկ կարգադիր յանձնախումբ մըն ալ բերած էր իր աջակցութիւնը այս ծրագրին։
Ամերիկացի ատաղձագործ Ճոյի Մէյըրս ստեղծած է երկուքուկէս մեթր բարձրութեամբ տօնածառ մը, որ տեղադրուած է Միացեալ Նահանգներու Արքանսաս նահանգի համալսարաններէն մէկուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ներկայ բարիքները եւ վայելքները վայելել բնատուր իրաւո՛ւնք մըն է մարդուն տրուած։ Արդարեւ, բարիք կամ վայելք վայելել որքան «իրաւունք» է, բայց ունի «սահման» մը, ինչպէս բոլոր իրաւունք եւ ազատութիւններ անսահման չեն։ Արդէն կեանքը համակարգողը եւ կառավարողը, եւ դիւրատար ընողը այդ սահմաններն են։
VADİP-ի երէկուան ժողովի սկիզբին Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան բազմակողմանի լուսաբանութիւն մը տուաւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան տակ գործող գաղթականաց յանձնախումբի աշխատանքներուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիայէն եւ Իրաքէն խոյս տալով Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայերուն օժանդակելու, աջակցելու համար ներկայ տարուան սկիզբին Պատրիարքական Աթոռը պաշտօնի կոչած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որ անցեալ ամիսներու տեւողութեան ծաւալած է հետեւողական գործունէութիւն։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արծուի Բախչինեան վերջին գրքին հրատարակութեան առթիւ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Կը սիրեմ քալել չտրորուած ճանապարհներով ու տեսնել, թէ ո՞ր երկրի հայ համայնքի պատմութիւնը անտեսուած է, պարզապէս մարդիկ չեն իսկ մտածած, թէ այնտեղ կրնայ ըլլալ հայկական պատմութիւն, բայց մեր ժողովուրդը իսկապէս եղած է ամէն տեղ, կը մնայ միայն գտնել զայն»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Խոհք Եւ Խօսք»էն։
«Հայրս եռանդուն կերպով զաւակներուն կրթութեան եւ ուսման հետամուտ՝ առաջները տեղւոյն թաղական եւ տնական դպրոցներէ կ՚օգտուի, եւ վերջէն Վիչէնին ու Կոմիտասին Լաբլանշի վարժարանը լրացեալ ընթացք կատարել կու տայ, եւ Եւգինէն Սիմոնեանց մօտ գիշերօթիկ կը դնէ, եւ անոր երկու տարի մնալէն ետքը կը հանէ եւ Լուսիկը կը դնէ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ երեկոյեան իր մահկանացուն կնքած է յայտնի պատմաբան ու բառարանագիր Բարսեղ Թուղլաճեան։ Ան եղած էր մեր մտաւորական կեանքի աշխոյժ դէմքերէն մին՝ բարձրագոյն ուսումը ստացած ըլլալով Միչիկընի համալսարանին մէջ։ Մխիթարեանի սան Բարսեղ Թուղլաճեան աւարտած էր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ իր աւարտին հասաւ Թադէոս Կիւնթէրի յիշատակին կազմակերպուած միջմիութենական 20-րդ նարտի մրցաշարքը։ Շուրջ ամիս մը տեւեցին խաղարկութիւնները, որոնք եզրափակուեցան երէկուան աւարտականներով։ Մրցաշարքի ախոյեանը հանդիսացաւ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը, որուն յաջորդեցին Վաքըֆլըգիւղ, Պոմոնթի Մխիթարեան եւ Տատեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ցաւակցական մը ուղարկեց՝ Իսթանպուլի մէջ պատահած վերջին ցնցիչ ահաբեկչական յարձակման բերումով։ Բաց աստի, յանուն Պատրիարքական Աթոռին երէկ ծաղկեպսակ մըն ալ թողուեցաւ Տոլմապահչէի մէջ կազմակերպուած սգահանդէսին ժամանակ։
Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ստանձնեց ԶԻՊԷՉ-ի պատասխանատուութիւնը:
Վարչութեան հրաժարականին զուգահեռ որդեգրուած է ղեկավարման տարբեր եզր մը:
VADİP-ի 2016 թուականի վերջին ժողովին ընթացքին համայնքային շրջանակները ողջունեցին Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքի արժեւորման նոր հեռանկարները:
Պատրիարքարանը, Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հասարակաց յայտարար մը գտան՝ աշխատանքը յառաջ տանելու համար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին մեր անձին մէջ հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ուղղեալ լուրջ սադրանքներով։ Սամաթիոյ վերաբերեալ մեր վերջին հրատարակութիւններուն պատճառով զայրացած էր ան, ու նոյնիսկ քանի մը օր առաջ հեռաձայնի վրայ սպառնացած էր մեզի։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Էական իրողութիւն է, թէ Միացեալ Նահանգներու պետական պահեստը որեւէ պետական կառոյցի հետ առընչութիւն չունի եւ շատեր տեղեակ չեն անկէ: Ան սեփականութիւնն է երեք ընտանիքներու՝ Ռոտսչայլտ, Ռաքըֆէլլըր և Մորկըն (Rothschild, Rockefeller, Morgan):
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծ եղեռնի տեղահանութենէն ետք, երբ քեսապցիք վերադարձած են գիւղ, անոնց թիւը նուազած է 8500-էն մինչեւ 2300, եւ ընդհանրապէս ապրած են հացահատիկներու վարուցանէն: Կ՚ըսուի, թէ լեռներու ծերպերուն վրայ, երբ գտած են փոքրիկ՝ 50 սմ.x50 սմ. ծաւալով փոքրիկ գոգ մը, իրենց բաճկոնին գրպանի («ջըպըգուն» կոչուած) ափ մը ցորենը ցանած, հնձած, ապա ալիւրի ու հացի վերածած՝ կրցած են քարշ տալ իրենց տառապալի կեանքը… Վերապրելով՝ անոնց թիւը հասած է մօտ 7000-ի, Հայաստան ներգաղթի նախօրէին:
ԱՔ կուսակցութիւնը եւ ՄՀՓ շաբաթավերջին վերջնական համաձայնութեան հասան Սահմանադրութեան նոր տարբերակին շուրջ:
2019 թուականը բեկումնային պիտի դառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավարման դրութեան տեսակէտէ, եթէ ամէն ինչ ընթանայ ըստ նախատեսուածին:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած հանդիսութիւններու շարքը շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ծանօթ է, որ Կազդուրման կայանի գործունէութեան կէս դարը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր համայնքային կեանքէն ներս եւ այդ փուլը արժեւորուեցաւ պատշաճ ձեւով՝ հաստատութեան գործունէութեան առանձնայատկութիւններու մատնանշումով։
Թուրքիա շաբաթավերջին խոր սուգի մատնուեցաւ Իսթանպուլի մէջ պատահած իրերայաջորդ երկու պայթումներու ծանր հետեւանքներով:
Ահաբեկչութիւնը դարձեալ խլեց անմեղ զոհեր, մինչ պետական աւագանին փոխանցեց վճռական պատգամներ: Միջազգային ընտանիքը կը պախարակէ տմարդի դէպքը:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ երէկ մեծ պատուի մը արժանացաւ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ իրեն շնորհուեցաւ «Յովհաննէս Կոլոտ» շքանշանը։ Պատրիարքարանը այս կարգադրութիւնը կատարած է՝ գնահատելու համար Մոնիք Երկանեանի կողմէ տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքին համար մատուցուած բազմակողմանի ծառայութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական անգամ ցնցում մը ապրեցաւ։ Իսթանպուլի սրտին վրայ ահաբեկչական վայրագութիւններ խլեցին բազմատասնեակ անմեղ կեանքեր։ Ամբողջ երկիրը կ՚անիծէ այս արիւնալի դէպքը ու կը սգայ նահատակները։ Թուրքիա ծանր փորձութեան մը դէմ յանդիման է դարձեալ։