Արխիւ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Իս­րա­յէ­լի Էյ­լաթ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­յի մին­չեւ քսան տա­րե­կան­նե­րու ծան­րա­բար­ձու­թեան ա­ռաջ­նու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի նե­րկա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Դա­ւիթ Յով­հան­նի­սեան այս մրցա­շար­քին ըն­թաց­քին դար­ձաւ ոս­կէ մե­տա­յլա­կիր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակը:
«Գործունէութիւնը անփոխարինելի է, որովհետեւ խումբ մը մարդիկ ճիշդ ժամանակին կարողացան գտնել ճիշդ ճանապարհը»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Անգ­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պո­րիս Ճան­սը­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պրիւք­սէ­լի մէջ, ուր ա­նոնք կը գտնուէին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչին ուշագրաւ յայտարարութիւնները:
Սմենթա Փաուըր. «Էլի Վիզել ականատես եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2016

Թուրքիա եւ Ռուսաստան ունին թէ՛ ներուժ եւ թէ կամք՝ իրենց համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով առաւել եւս զարգացնելու համար:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Վլատիմիր Փութինի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելով բազմակողմանի հարցեր:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ա­նոնք մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ ա­ւան­դա­կան քէր­մէ­սի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը թա­փով կ՚ըն­թա­նան ի նպաստ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին՝ շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Այս­պէս մեր հիւ­րերն էին՝ Եւ­գի­նէ Վան­լը, Նուր­հան Սու­ճեան եւ Ե­դուարդ Պալ­ճը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը «Ար­մէնփ­րէս» եւս ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հա­ւա­քա­ծո­յէն կոր­սուած իւ­ղան­կա­րի հար­ցին։ Գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը մատ­նանշած է, որ երկ­րի Քննչա­կան վար­չու­թիւ­նը այս հար­ցին շուրջ որ­պէս վկայ ունկնդ­րած է Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ըն­դու­նեց այն ինն նո­րաօծ քա­հա­նա­նե­րը, ո­րոնց ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րուած էր վեր­ջերս։ Նո­րապ­սակ քա­հա­նա­նե­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կրկին քննարկ­ման ա­ռար­կայ էր վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ: 26 Նո­յեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Հա­լէ­պ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան ե­րի­տա­սար­դաց խոր­հուր­դը Կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց «Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. մար­տահ­րա­ւէր­ներ, հե­ռան­կար­նե­ր» խո­րագ­րեալ հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն ա­ւար­տին մաս­նա­կից­նե­րու եզ­րա­յան­գու­մը մէկ էր՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի լե­զուա­կան հայ­րե­նի­քը պէտք է ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Նա­խա­պէս գիւ­տե­րը ար­դիւնք էին միայն անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մը, կա­րի­քի մը: Այժմ յա­ռա­ջա­ցած է շու­կա­յա­կան մրցակ­ցու­թեան գոր­ծօ­նը եւ զար­մա­նա­լի չէ, որ ըն­կե­րու­թիւն­ներ այս ա­ռա­ջադ­րան­քով բուռն մրցակ­ցու­թեան դաշտ նե­տ-ւած են: Այս ըն­թաց­քով կար­ծես թէ մար­դը կը սկսի դառ­նալ երկ­րոր­դա­կան…:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ներ­սէս Լամբ­րո­նա­ցի կ՚ը­սէ, թէ՝ ինչ­պէս հա­ցը մեր նիւ­թա­կան մար­մի­նը կը զօ­րաց­նէ, այն­պէս ալ Ա­նոր ե­րախ­տար­ժան գոր­ծե­րու յի­շա­տա­կը՝ մեր հո­գի­նե­րը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հա­լէ­պի մէջ յոյ­սի ծի­լեր կան. հրթի­ռա­կոծ­ման վտան­գը շեշ­տա­կի նուա­զած է, կեն­ղա­ցա­յին բա­րե­լա­ւում­ներ կը նկատուին, կ՚ակն­կա­լուի ջու­րի, աս­տի­ճա­նա­բար նաեւ՝ ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան խնդիր­նե­րու լու­ծում:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Դա­նիոյ մէջ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին եւ Zulo service-ը, օժան­դա­կու­թեամբ Դա­նիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան, կը կազ­մա­կեր­պեն Նոր տա­րուան եւ Ս. Ծննդեան տօ­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ձեռ­նարկ մը:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը՝ փոր­ձա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ։ Այս­պէս, անջր­պետ ու­ղար­կուե­ցաւ «Göktürk-1» ար­բա­նեա­կը։ Այս ձեռք­բե­րու­մը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ռազ­մա­վա­րա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Վիեն­նա­յի մէջ, ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով մի­ջազ­գա­յին նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը։ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թեան կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 140 եր­կիր­նե­րէ բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան կ՚ըն­դու­նուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆոր­տի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­րէկ Հու­լու­սի Ա­քար Ա­տա­նա­յի մէջ ու­նե­ցաւ շարք մը շփում­ներ, տեղ­ւոյն վրայ քննե­լով բա­նա­կի ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Հալէպի Ս. Գէորգ եւ Ս. Վարդանանց հայկական եկեղեցիները կը մնան կանգուն:
Հակառակ ծանր վիճակին ու ռմբակոծումներուն անոնք կը դիմադրեն բոլոր փորձութիւններուն:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2016

Ա­նուշ Թրուանց կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.- 
ՀԲԸՄ-ի Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» համալիրէն ներս բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
«Քլաուտիա Նազարեան» բժշկական կեդրոնը կ՚ընդգրկէ մասնագիտական բազմաթիւ բաժանմունքներ:

Էջեր