Արխիւ
Ժան-Մարք Էյրօ տեսակցեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ զրոյցին ներկայ էր նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Հայկական արդի երաժշտութեան եզակի խումբերէն «Զուլալ» եռեակը ելոյթ մը պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Համերգին ընդառաջ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան երէկ հիւրընկալուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն ներս:
Գոց շուկայի մէջ սկիզբ առած է վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիր մը։ Երէկ արդէն այդ գործընթացին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ին մէջ հանդէս գալու համար։
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրի նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր առաջնորդ Թերեզա Մէյին։ Այս վերջինը դարձած է Մարկրիթ Թեչըրէ քսանհինգ տարի վերջ անգլիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած իգական սեռէ առաջին գործիչը։
CNN Travel աշխարհի առաջին 15 գինեգործութեան ուղղութիւններուն շարքին դասեց Հայաստանը:
Վայոց ձորի մարզէն ներս Արենիի մէջ շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը պահուին խաղողի տոկուն տեսակներ:
Երեւանի մէջ կը շարունակուի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 13-րդ փառատօնը, որ անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ շարժանկարի աշխարհին կողմէ։
Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան խորհուրդի ժողովը։ Հարկ է նշել, որ 2002 թուականին ստեղծուած էր այս խորհուրդը, սակայն 2014 թուականէն ի վեր անոր աշխատանքը ընդհատուած էր՝ Խրիմի՝ Ռուսաստանին կցուելուն հետեւանքով։
ԱՔ Կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն 110-րդ ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն վերջ, Թուրքիա կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել նաեւ Սուրիոյ հետ:
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայի հրաւէրին ընդառաջ Անգարայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր շփումներ կ՚ունենայ՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Օրուան երկրորդ կէսին ան կը հասնի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը, ուր կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ երէկ բացուեցաւ «Աբրահամեաններ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Նոյն մականունով երեք սերունդ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են այս ցուցահանդէսին շրջագծով
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ասկէ երեք տասնամեակ յետոյ, 2046 թը-ւականին, եթէ աննախատեսելի որեւէ աղէտ չպատահի եւ մարդկութիւնը շարունակէ իր աճի ներկայ կշռոյթը, մասնագէտներու գնահատումով՝ մեր երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի անցնի 9 միլիառը։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ հայկական պարախումբ պահելը, ոչ միայն մշակութային անզուգական գործունէութիւն է, այլ նաեւ ազգապահպանման եւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանման սատարող ազդակ՝ իր ընկերային երեսակով եւս, որուն անդամները իրարու հետ կը շփուին ու կը ծանօթանան հայկական առողջ մթնոլորտի մէջ, լաւ ընկերութիւններ ստեղծելով ու մինչեւ իսկ երբեմն ապագայի հայկական ընտանեկան բոյներ կազմելով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անկարելի՜ է մարդկային սէրը ըմբռնել առանց ըմբռնելու անոր տառապանքը, ցաւը, վիշտը սրտին մէջ՝ զոր կը ստեղծէ սէ՛րը։
Կա՛ն այնպիսի տառապանքներ՝ որոնք սէր կը ստեղծեն, եւ կա՛ն այնպիսի սէրեր, որոնք ցաւ ու տառապանք կը ստեղծեն։
ՍԴՀԿ-ի վարիչ Շահէ Մինասեան. «Հալէպ կ՚ապրի իր ամենածանր օրերը»:
«Շտապ օգնութեան մարմին»ը կը շարունակէ իր ջանքերը՝ փութալով ընտանիքներու օգնութեան:
«Radisson Blu Hotel Yerevan»ի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
«Քարլսոն Ռեզիտոր» ընկերութիւնը Հայաստանի շուկայ մուտք գործած է կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Եթովպիոյ նորանշանակ դեսպան Կրում Ապայ Թեշոմէնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը եւ որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ խնդիրներ։
Խորհրդարանի մէջ Ալա յայտնեց, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը գաղթականներու տեղակայուած շրջաններէն ներս տարած է ծաւալուն աշխատանք։ Թղթածրար առ թղթածրար Թուրքիա ուսումնասիրած է կացութիւնը։