Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդ Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանը, որու ձեռնադրութիւնը վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր Վատիկանի մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը յաւերժութեան ճանապարհին պատմութեան մէջ առաջին անգամ այս ծաւալով հիմնանորոգուած է՝ իր գոյութեան 1720-ամեակի սեմին:
Համայն հայութիւնը անհամբերութեամբ կը սպասէ՝ իր ամբողջական վերանորոգութեան ենթարկուած սրբութիւն սրբոցի վերաօծման արարողութեան, որ կը նախատեսուի շաբաթավերջի միւռոնօրհնութեան զուգահեռ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր յայտնի ազգայիններէն, երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեան կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս՝ միշտ հասնելով յաւակնոտ կէտերու։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ «Pegasus» օդային ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէնուհի Կիւլիզ Էօզթիւրքի հետ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ղեկավարներու հերթական շփում:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատրաստակամ են նոր ազդակ հաղորդելու Անգարա-Երեւան կարգաւորման գործընթացին, որ յառաջ կը տարուի առանց նախապայմաններու՝ նկատի ունենալով տարածաշրջանի իրադրութիւնը:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այն օրէն ի վեր, երբ արաբական երկիրները գլխաւորութեամբ նաւթի երկիրներուն, որոշեցին նիւթապէս օժանդակել արտադրելու արաբական առաջին արբանեակը, ես սկսայ մեծ ուշադրութեամբ հետեւիլ այն բոլոր հրապարակումներուն, որոնք մերթ ընդ մերթ լոյս կը տեսնեն թերթերուն մէջ, լոյս սփռելով այս ծրագիրի փուլերուն մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մերօրեայ աշխարհը, որ ընդհանրապէս հաւատքի նկատմամբ օտար եւ նոյնիսկ թշնամական է, հաւատացեալ եւ աւանդապահ ընտանիքներ առաջնահերթ կարեւորութիւն եւ մեծ արժէք ունին իբրեւ կենդանի եւ ճառագայթող ճշմարիտ հաւատքի օճախներ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երթանք, Պերճուհի, երթա՜նք Լիբանանի շոճիներուն տակ, որպէսզի կեանքին դառնամ...
Բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան այսպէս կը գրէր տողերը իր մօր՝ 10 մարտ 1914 թուակիր նամակին մէջ. կեանքին դառնալու համար իրեն Լիբանանը պէտք էր. գուցէ այս մէկը մարգարէութիւն մըն էր, որովհետեւ իր գրած թուականէն տարի մը ետք՝ 1915 թուականին թէ՛ Սուրիան եւ թէ Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար կեանքի կոչուելու կեդրոն պիտի դառնար եւ այսօր այդ կեդրոնը վտանգուած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս տեղի ունեցած անցուդարձերը լաւագոյնս կը լուսաբանուի Մայր Աթոռի «Էջմիածին» հանդէսին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր: Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի» (Առ 23.4-5):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 55)։
23 սեպտեմբեր 2007 թուականը այս տրուպ, խոնարհ գրիչին համար աշնանամուտ մըն է, քանի որ այդ թուականին ան իր Երէցկինը՝ անձնուէր կրթական մշակ Աննիկ Գալփաքճեանը յաւիտենականութեան ուղարկեց հոն՝ ուր այլեւս մահ չկա՛յ եւ անմահութի՛ւնն է, որ կը տիրէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կան պահեր, երբ լռութիւնը կը դառնայ անկարելի՝ հակառակ մեր ունեցած վճռականութեան: Որոշած էի ընդհանրապէս քաղաքականութեան եւ մա՛նաւանդ Արցախի եւ արցախահայութեան մասին չգրել, սակայն անցնող մի քանի օրերուն Հայաստանի պետութեան ղեկավարութեանց կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութիւնը պատճառ եղաւ, որպէսզի խզեմ այդ որոշումը. անոնց քաղաքական ու դիւանագիտական դիրքորոշումը ի՛նչ ալ ըլլայ, կայ մարդկային կողմ մը, որ պարտէին «ցուցադրել»՝ նոյնիսկ երկերեսութեամբ, որովհետեւ որոշ պայմաններու մէջ կեղծ յարգանքը եւս կարելի է «յարգանք» նկատել:
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ կիրակի՝ Բարեկենդան Վարագայ Ս. Խաչի, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ տեսուչն է։ Ս. Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը պատրաստուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն, որոնք հոգեւոր ուրախութիւն կ՚առթեն հայորդեաց սրտերէն ներս։ Հաւատացեալ հոգիներ անհամբերութեամբ կը սպասեն այս հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնք իրենց խորհրդաւոր զօրութեամբը համայն ազգը կը դարձնեն «միասիրտ եւ միախորհուրդ»։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ։
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած վերջին գիրքին շնորհանդէսները կը շարունակուին աշխարհի զանազան հայկական համայնքներէն ներս։
Ամերիկահայ գիտնական, ձեռներէց եւ ազգային բարերար Նուպար Աֆէեանի եւ ընտանիքին կողմէ հիմնադրուած համանուն՝ «Աֆէեան» հիմնադրամը ելմտական օժանդակութիւն տրամադրած է՝ Արցախէն տեղահանեալ ընտանիքներուն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կարեւոր բախտ մը վիճակած է։
Նախագահ Էրտողան այս օրերուն Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի բարձր մակարդակի ձեռնարկներուն։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանը արդէն սկսած է։ Համաշխարհային կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն ներս ներկայիս նոր նստաշրջանի բացման առթիւ ստեղծուած է աշխոյժ մթնոլորտ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կէսը կը բնորոշուի ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման բարձր մակարդակի իրադարձութիւններով։
Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։