Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն յատ­կաց­ման նպա­տա­կով Թուր­քիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 428 մի­լիոն­նոց բա­ժի­նը պի­տի յատ­կա­ցուի Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Գեր­մա­նիոյ Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 1 մի­լիա­ռը պի­տի տրա­մադ­րուի ԵՄ-ի հա­սա­րա­կաց պիւտ­ճէէն, իսկ մնա­ցեալ 2 մի­լիառ եւ­րոն պի­տի տրա­մադ­րեն ան­դամ եր­կիր­նե­րը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ երկ­րի հայ հա­մայն­քը կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել անն­կա­րագ­րե­լի ող­բեր­գու­թիւն­ներ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րը ե­րէկ դար­ձեալ են­թար­կուե­ցան հրթի­ռա­կո­ծու­թիւն­նե­րու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ Թուր­քիա այս օ­րե­րուն կ՚ո­րո­նէ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ազ­դու մի­ջոց­ներ։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն Սու­րիոյ սահ­մա­նա­կից Քի­լի­սի մէջ ստեղ­ծուած է ար­տա­սո­վոր կա­ցու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, Ի­ՇԻՊ-ի ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը ռմբա­կո­ծեն այս քա­ղա­քը, ուր ցարդ շուրջ եր­կու տաս­նեակ քա­ղա­քա­ցի­ներ զո­հուած են։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով:
Հանրապետութեան նախագահը Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած շուրջ մէկ ժամուան հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Ֆրանսայի Պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նի Հա­լա­պեան փո­ղո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը։ Փո­ղո­ցի թիւ 11 շէն­քին մօտ օ­թօ­պիւ­սի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով եր­կու հո­գի զո­հուե­ցաւ, կան նաեւ վի­րա­ւոր­ներ։ Հա­լա­պեան-Ար­զու­մա­նեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին՝ «Նիգ» սրճա­րա­նի մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ այս պայ­թու­մը, որ­մէ ան­մի­ջա­պէս վերջ սկսան փրկա­րա­րա­կան եւ քննչա­կան աշ­խա­տանք­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ պտոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ե­նի­գիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ ա­նոնք ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Թրքահայ գեղարուեստասէրները կը սպասեն Հինգշաբթի օրուան ձեռնարկին:
«Մարալ»ի ընտանիքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ կը հիւրընկալէ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը, որու անդամներուն ի պատիւ երէկ երեկոյեան սարքուեցաւ բարիգալստեան ընթրիք մը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց խումբ մը հաշ­ման­դամ պա­տա­նի­ներ։ Ի ծնէ հաշ­ման­դամ եւ ման­կա­կան ու­ղե­ղա­յին կա­թուա­ծէ տա­ռա­պող Աշ­տա­րակ քա­ղա­քի բնա­կիչ Դա­ւիթ եւ Յաս­միկ Խա­չատ­րեան­նե­րը կը պատ­րաս­տուին դար­ման­ման հա­մար մեկ­նիլ Գա­նա­տա եւ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լած էին՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու հա­մար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Ա­գեան պատ­կե­րաս­րահն ու Ան­տի­կեան պատ­կե­րաս­րա­հը ներ­կա­յա­ցու­ցին Ա­րա­րատ Սարգ­սեա­նի «Ո՛ւր փնտրել դրախ­տը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի Հայ մա­տե­նագ­րու­թեան թուան­շա­յին գրա­դա­րա­նը վեր­ջերս հա­մալ­սա­րա­նի «Մա­նու­կեա­ն» սրա­հին մէջ շնոր­հան­դէ­սի մի­ջո­ցաւ նե­րա­կա­յա­ցուց իր նոր կայ­քէ­ջը՝ նո­րա­ցուած բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ար­դի գոր­ծի­քա­կազ­մով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գէորգ Դ Քե­րես­տէ­ճեան (1866-1882) Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը փոր­ձեց Սսի եւ Աղ­թա­մա­րի կա­թո­ղի­կո­սա­կան խնդիր­նե­րը լու­ծել։ Այս հար­ցին լուծ­ման վրայ մեր­ձա­ւոր հսկո­ղու­թիւն ու­նե­նալ կ՚ու­զէր Հայ­րա­պե­տը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Լի­բա­նա­նա­հայ օգ­նու­թեան խա­չի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ «Ա. Պուլ­ղուր­ճեան» ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նի նա­խազ­գու­շա­կան բա­ժան­մուն­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ինչ­պէ՞ս պաշտ­պա­նուիլ շրջա­պա­տի ման­րէ­նե­րէն­ներ» նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն, զոր ներ­կա­յա­ցուց հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­զի մաս­նա­գէտ Վեր­ժին Սա­րա­ֆեան-Խոր­շի­տեան:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ հայ զի­նուորն ու կա­մա­ւո­րը Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն սխրանք­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին, ա­զէ­րի յե­լու­զակ­նե­րը ետ մղե­ցին գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէ եւ հայ­կա­կան դրօ­շը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին Թա­լի­շի, Մա­տա­ղի­սի ու շրջա­կայ դիր­քե­րու վե­րեւ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը, օրհ­նու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի, լոյս ըն­ծա­յեց հո­գե­լոյս Տ. Վա­հան Ծ. Վրդ. Բաս­տա­մեան­ցի (1842-1881) կա­նո­նա­գի­տա­կան եր­կե­րու ժո­ղո­վա­ծոն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ յանձ­նուե­ցաւ «Աու­րո­րա» մրցա­նա­կը, ո­րու ա­ռա­ջին դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Մար­գա­րիտ Փա­րան­կի­ցէ (Պրուն­տի)։ Միւս թեկ­նա­ծու­ներն էին՝ Թոմ Քա­թի­նա (Սու­տան), Սաի­տա Ղու­լամ Ֆա­թի­մա (Փա­քիս­տան) եւ Հայր Պեռ­նար Քին­վի (Կեդ­րո­նա­կան Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւն)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Թիւնէլի հրապարակին եւ Հայտարփաշայի կայարանին մօտ ոգեկոչումներ՝ անվտանգութեան միջոցառումներով:
Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան զանազան շրջանակները այս տարի եւս նշեցին Ապրիլի 24-ը՝ հանդէս գալով մամլոյ յայտարարութիւնով մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը դարձեալ մագնիսացուց հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «2016 թուականի Ապրիլի 24-ին, ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ Արցախի մէջ պիտի չըլլայ հայերու բնաջնջում կամ բռնագաղթեցում»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը այս ա­ռա­ւօտ կա­նուխ ժա­մա­նեց քա­ղաքս։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հրա­ւէ­րով ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Իս­թան­պուլ հա­սաւ Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը։ Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նին մէջ խում­բը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ «Մա­րալ»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քա­նին եւ այլ ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016

Համայնքային շրջանակները յարատեւութեան մաղթանքով ու զօրակցութեան տրամադրութեամբ ողջունեցին Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Էթիլէրի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքը փայլուն անցաւ:

Էջեր