ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵՆԻԳԻՒՂ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ պտոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ե­նի­գիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ ա­նոնք ան­ցու­ցին հա­ճե­լի օր մը։ Պտոյ­տը գլխա­ւո­րեց Դպրաց Դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, ո­րու կող­քին էր Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Թէ՛ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վեր­դա­նանց եւ թէ Են­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ալ միա­ցան երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնց կազ­մա­կեր­պած բա­ցօ­թեայ ճաշ­կե­րոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ի­րենց ըն­տա­նե­կան ան­դամ­նե­րը։

Գար­նան խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մը մէջ, Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը Ե­նի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ հիւ­րըն­կալ շրջա­փա­կէն ներս զի­րար վա­յե­լե­ցին, բնու­թիւ­նը վա­յե­լե­ցին եւ ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016