Արխիւ
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Լրագրողներու տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ ու խմբագիր Յարութ Սասունեանի։
1 Մարտ 2008 թուականին պատահած դէպքերը կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը:
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու երէկուան հանրահաւաքին յաջորդեց բողոքի երթ մը:
Ամերիկեան Forbes հանդէսը այս տարի եւս հրապարակեց աշխարհի միլիառատէրներու ցուցակը։ Արդէն 30-րդ անգամ կը հրապարակուի այս ցանկը, իբր այդ կը համարուի յոբելենական։
Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի վերաբերեալ օրէնսդրական նոր նախաձեռնութիւն մը յառաջ կը տարուի ներկայիս։ Կը հաղորդուի, որ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտումը քրէականացնելու ուղղեալ օրէնքի նոր նախագիծ մը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ։
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ինչպէս անհատներու պարագային, խմբաւորումներ ալ՝ կազմակերպութիւններ, երկիրներ, ազգեր, եւ այլն, կատարեալ չեն ըլլար, այլ կ՚ակնկալուի, որ ձգտի՛ն կատարելութեան: Այդ ձգտումի եւ իրագործումներու արժեչափն է, որ կը հաստատէ անոնց քաղաքակրթութեան մակարդակը:
Եւրոմիութիւն-Հայաստան ամուր գործընկերութիւնը շահեկան է ամբողջ տարածքաշրջանին համար:
Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:
Արհեստի եւ գեղարուեստական աշխարհէ ներս միշտ կը փայլի Սեւան Պըչաքճըի աստղը։ Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Սեւան Պըչաքճըի անունը հերթական անգամ օրակարգի վրայ գայ՝ աներեւակայելիօրէն հետաքրքրական եւ ինքնուրոյն ստեղծագործութիւնով մը։
ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատարը շփումներ կ՚ունենայ Հարաւային Կովկասէ ներս:
Ֆետերիքա Մոկերինի այսօր Երեւան հասնելէ առաջ, երէկ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մասնակցեցաւ Հարաւային կազի միջանցքի խորհրդակցական խորհուրդի նախարարաց մակարդակով կազմակերպուած ժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Ուժանիւթի նախարար Ալպայրաք:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի երիտասարդաց խումբին ներկայացուցիչները։ Յարութիւն Քուրանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Գումգաբուի մէջ Նորին Սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծաւալած գործունէութեան շուրջ։
ԵՆՈՎՔ ՊԱԼԻԿԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 110 տարիներու ընթացքին անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերու պահպանման ու մայր հայրենիքի բարգաւաճման համար:
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Առաջին անգամ զինք տեսայ հրապարակը. նստած մայթի մը վրայ, հաց կ՚ուտէր:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրի: Վայր մը, ուր կ՚ապրի հայ ժողովուրդի խտացուած ցաւի մէկ մասնիկը: Ցաւը, արդէն քսանութ տարիէ ի վեր՝ ներկայ է Կիւմրիի մէջ եւ կարծես հրաշագեղ այս քաղաքը լքելու ցանկութիւն չունի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքան ալ խօսինք, խորհրդածենք իր մասին, մարդը իր ամբողջութեամբ միշտ «անծանօթ» մըն է, այնքան անծանօթ, որ ամենէն աւելի ինքն իրեն անծանօթ է, օտար մը կարծես՝ մարդս իր մէջ։
Իրանի Սպահան քաղաքին մէջ գտնուող Նոր Ջուղայ թաղամասէն ներս, երբ 1985 թուականին եղած է երեք հարիւր հայկական տուն, այսօր պահպանուած է ընդամէնը եօթանասունը:
Նազար Հանչէր կը տեղեկացնէ.-
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքանեան մարմնամարզի ախոյենութիւնը։ Թուրքիոյ Մարմնամարզի դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ տասնվեց երկրէ շուրջ երկու հարիւր մարզիկ։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոպա գաղթականներու առկայ հարցը կրնայ յաղթահարել Թուրքիոյ հետ համագործակցութեամբ։ Գարնանամուտին Եւրոպա հասնելու փափաքով գաղթականներու հոսքը թափ առած է դէպի Թուրքիոյ Եգէականի ափերը։
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս կը շարունակուին փոփոխութիւնները։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան հրամանագրերով Նախարարաց խորհուրդին մէջ նոր դէմք մը ընդգրկուեցաւ։
Ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիոյ «Օսքար»ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան ժամանակ յարգանքի տուրք մատուցուած է «Metro Goldwyn Mayer»ի հիմնադիր հանգուցեալ Քըրք Գըրգորեանի եւ բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք անցեալ տարի հեռացան կեանքէն:
Սուրիոյ հրադադարը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ հրադադարի դրութիւնը ընդհանուր առմամբ կը պահպանուի Սուրիոյ մէջ, հակառակ տեղի ունեցած շարք մը դէպքերուն։
Ժընեւի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 31-րդ նստաշրջանը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ: