Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

​Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ կարեւոր ծրագիր մը:
Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կանգ առաւ հովուական աշխատանքներուն առաւել եւս թափ տալու անհրաժեշտութեան վրայ: 

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­կե­րա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ բա­րո­յա­կան կեան­քը սեր­տօ­րէն կա­պուած է կրօ­նա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հետ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա­սոնց­մէ է նաեւ «Բա­րե­կեն­դան»ը՝ որ ան­ցեա­լի մէջ, եւ այ­սօր ալ կա­րե­ւոր տեղ մը կը գրա­ւէ մա­նա­ւանդ ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայ­րե­րուն մէջ։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Ճա­բո­նա­կան Հո­կաի­տօ կղզիին վրայ ե­րէկ սկսած է ա­մե­նա­մեայ «Ձիւ­նի եւ սա­ռոյ­ցի փա­ռա­տօ­նը», ո­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս տա­ղան­դա­ւոր քան­դա­կա­գործ­ներ մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց դա­տին կը յանձ­նեն սա­ռոյ­ցէ ու ձիւ­նէ պատ­րաս­տուած ի­րենց հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Հին ժա­մա­նակ հայ­կա­կան տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ու­րախն ու ա­մե­նա­տա­րա­ծուա­ծը Բա­րե­կեն­դանն էր։ Ա­նի­կա կը յա­ջոր­դէր Ս. Սար­գի­սի տօ­նին եւ կը տե­ւէր մին­չեւ Մեծ պահ­քի նա­խօ­րեա­կը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին կը տի­րէ Բա­րե­կեն­դա­նի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Մեր հա­մայնքն ալ ա­ւան­դա­կան ո­գե­ւո­րու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ ոգեւորութեամբ կ՚ող­ջու­նէ Բուն բա­րե­կեն­դա­նը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ բժշկա­կան միու­թիւ­նը «Էտ­վեն­թիս» բժշկա­կան կեդ­րո­նին մէջ գու­մա­րեց իր կազ­մա­կեր­պու­թեան ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րուն ըն­թաց­քին ընտ­րեց իր 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի վար­չու­թիւ­նը:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին եւ Եւ­րո­միու­թեան Վրաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի եւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէր անդ­րա­դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մը ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ մեծ շու­քով պի­տի նշէ Մեծ պահ­քին նա­խոր­դող Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նը: Հայ­կա­կան դի­մա­կա­հան­դէ­սի նա­խա­պատ­րաստ­ման գոր­ծին մէջ մեծ ներդ­րում ու­նին թե­մի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք ճա­շա­ցան­կէն մին­չեւ ա­ւան­դա­կան խա­ղե­րը ու­սում­նա­սի­րած են՝ տօ­նը պատ­շա­ճու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Միայն լա­ւա­գոյ­նը ըն­դու­նե­լի է ին­ծի հա­մա­ր»
«Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­նի ա­նու­նը եւ գոր­ծը շատ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին Փոր­թու­գա­լի մէջ:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ վերյիշեց Սրբոց Վարդանանց նահատակները:
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ մեծահանդէս Հայրապետական Մաղթանք:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

​Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր յօդուած մը գրի առաւ «The Huffington Post» հեղինակաւոր թերթին մէջ:
Գերմանիա կողմնակից է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու աշխուժացման:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

Վարչապետ Տավուտօղլու Լոնտոնի մէջ յայտնեց, որ 70 հազար հոգի ճամբայ ելած է դէպի Թուրքիա:
Սուրիոյ ճգնաժամը բախտորոշ հարթութեան մը վրայ է՝ Հալէպի շուրջ սաստկացած կռիւներով:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի յա­տուկ բա­նագ­նաց Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա Չո­րեք­շաբ­թի օր վեր­ջա­կէտ մը դրաւ Ժը­նե­ւի մէջ տի­րող ընդ­հա­նուր ա­նո­րո­շու­թեան: Տէ Միս­թու­րա իր ը­րած յայ­տա­րա­րու­թեամբ դի­տել տուաւ, որ Ժը­նե­ւի ժո­ղո­վը սկիզբ պի­տի առ­նէ յա­ռա­ջի­կայ 25 Փետ­րուա­րին:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րու շփման գծին վրայ ե­րէկ գի­շեր նկա­տուե­ցաւ լա­րու­ծու­թեան զգա­լի աճ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի զի­նա­տե­սակ­նե­րով հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ ար­ձա­կե­ցին շուրջ 1500 կրա­կոց։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կ՚ը­սենք, ո­րե­ւէ գործ կամ պաշ­տօն կա­տա­րուած ժա­մա­նակ, պայ­ման է եւ անհ­րա­ժե՛շտ՝ տուեալ կա­նոն­նե­րը գիտ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը պա­հել։ Քա­նի որ ա­ռանց կար­գա­պա­հու­թեան եւ ա­ռանց կա­նո­նա­ւո­րու­թեան կա­տա­րուած գոր­ծը ան­կա­տար կը մնայ՝ ան­յա­ջող եւ անն­պա­տա՛կ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ Թեմի առաջնորդը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան. «Անգլիահայութիւնը ունի ներկայացուցչական անձեր, որոնք լաւ յարաբերութիւններու մէջ են զանազան շրջանակներու հետ»:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նին առ­թիւ նա­խըն­թաց օր ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազ­գե­րու կեան­քին մէջ կը գտնուին շրջան­ներ եւ դէպ­քեր՝ ո­րոնք ի­մաստ կը ստա­նան եւ կը դառ­նան պատ­մու­թեան ա­ռանց­քը, մեկ­նա­կէ­տը, էու­թեան պատ­ճա­ռը եւ կեան­քին նպա­տա­կը։ Ինչ­պէս ան­հա­տա­կան, նոյն­պէս ըն­կե­րա­յին կեան­քի գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար կեն­սա­կան դրոշմ­ներ են այդ շրջան­նե­րը եւ կամ դէպ­քե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Հա­յազ­գի ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ, գեր­մի­ջին ծան­րու­թեան կար­գի աշ­խար­հի ա­խո­յեան Ար­թուր Աբ­րա­համ կրկին ճանչ­ցուած է Գեր­մա­նիոյ տա­րուան լա­ւա­գոյն բռնցքա­մար­տի­կը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 4, 2016

Բրի­տա­նա­կան «Տի Ին­տի­փեն­տընթ» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, որ Զուի­ցե­րիոյ մէջ պի­տի քննար­կուի ա­ռա­ջարկ մը, ո­րուն հա­մա­ձայն, երկ­րի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցի, ան­կախ այն ի­րո­ղու­թե­նէն, թէ գոր­ծա­զուրկ է կամ ոչ, իւ­րա­քան­չիւր ա­միս պի­տի ստա­նայ 2500 զուի­ցե­րա­կան ֆրանք (շուրջ 2450 տո­լար):

Էջեր