Արխիւ
Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 2016 թուականին իր տարեկան նստաշրջանը պիտի իրականացնէ Թիֆլիզի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովները տեղի պիտի ունենան 1-5 Յուլիս 2016 թուականին։ Սա պիտի ըլլայ ԵԽԽՎ-ի 25-րդ նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցին շուրջ 700 քաղաքական գործիչներ՝ աշխարհի 57 երկիրներէն։
2016 թուականին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի սկսի հանդիպումներ ունենալ՝ 2018 թուականին կայանալիք Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան որակաւորման փուլին շրջագծով։ Եւրոպայի գօտիի E խումբին մէջ Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Ռումանիա, Դանիա, Լեհաստան, Գարատաղ եւ Ղազախիստան։
2016 եւ 2017 թուականներուն յատուկ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ ճշդուած հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ ընդգրկուեցան հայ ժողովուրդին կողմէ յատկանշական երկու իրադարձութիւններ։ Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666 թուական) 350-ամեակը եւ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի (1817-1900) ծննդեան 200-ամեակը ընդգրկուեցան վերոյիշեալ օրացոյցին մէջ։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը 2016-ին մտադիր է այցելել Հայաստան։
Հարցախոյզներու արդիւնքներով՝ մարդկութիւնը լաւ տրամադրուած է Ամանորին:
Աշխարհի բնակչութեան 54 տոկոսը 2016-ի համար ունի լաւատես ակնկալութիւն:
ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը:
Գոնկրէսականները Յունուարին պիտի անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ:
2016-ին համայն հայութիւնը պիտի նշէ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը։ Տարին յոբելենական է այս առումով։ Սեպտեմբերի 21-ին պատշաճ շուքով պիտի նշուի այս յոբելեանը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տարուան վերջին գիրը պիտի թակէ սպասումներու պարիսպին վերջընթեր դուռը: Վերջընթեր, որովհետեւ սպասումը եւ յոյսը իրարու հետ պիտի քալեն երկար ճանապարհով:
Ժողովրդական իմաստութիւնը կատարեալ կը ցոլացնէ կեանքի առարկայական ճշմարտութիւնները. դիպուկ, պարզ ու խորքային։ Ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ, մանաւանդ, գիտնականներու տեսութիւնները որքան որ ալ ամուր բանաձեւուած ըլլան, պատճառահետեւանքային կապերը որքան որ ալ բիւրեղացած ըլլան՝ ժողովրդական իմաստութիւնը կու գայ զանոնք լրացնել իր փորձաքարով։ Սա չափանիշ է, միանշանակ...
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այսօր կէս գիշերին՝ ժամը ճիշդ 24.00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանեայց Առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի գոհաբանական մաղթանք եւ տեղի կ՚ունենայ նռնօրհնէք։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ տարեմուտին օրակարգի կիզակէտին էին հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Ցեղասպանութեան հարցը մնացեալ ամէն ինչը երկրորդական հարթութեան վրայ մղեց. Թուրքիա եւ Հայաստան անցան մեծ մրցակցութեան մը բովով։
ԱՐԱՔՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ-ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ
Կաղանդի օրերը տարօրինակ թախիծով մը կը պատեն հոգիս եւ սիրտս. մանկութիւնս կը վերապրիմ, ումպ առ ումպ կ՚ըմպեմ յուշերուս վառ բաժակէն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է սուրիահայութիւնը, որ կը դիմագրաւէ մեծ ողբերգութիւն մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը 100 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցած է Դամասկոսի Հայոց Թեմին՝ Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել՝ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի 24 Մայիս 1953 թուակիր Կոնդակը՝ ուղղուած Դպրաց Դասերուն եւ Երգչախումբերուն։
Երեւանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ այս օրերուն տեղի կ՚ունենան զանազան ընդունելութիւններ, որոնք կը կազմակերպուին Հայաստանի պետական աւագանիի գլխաւոր դէմքերուն կողմէ։ Այս շրջագծով զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ ալ կը սարքուին ընդունելութիւններ, որոնք առիթ կը հանդիսանան նաեւ յառաջիկայ տարուան սպասումներուն կապակցութեամբ պետական աւագանիին կողմէ պատգամներու փոխանցման։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան դէպի Ռիատ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ՝ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտ թագաւորի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլ Եամամա պալատին մէջ տեղի ունեցան նախագահին եւ թագաւորին բանակցութիւնները։
Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքային խոշոր ներդրումային ծրագրերը կ՚ամբողջանան աստիճանաբար:
Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղիի առաջին հատուածի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պորտիուժա եւս մտահոգուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան սրման պատճառով:
Պատրիարքարանի հովանաւորութեամբ Գաղթականաց յանձնախումբը գործի լծուած:
Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ ընկերակիցները Եոզղատի մէջ տեսակցեցան գաղթականներուն հետ:
Հայաստանէն արտագաղթելով Գումգաբու հաստատուած երեք չարքաշ անուններ կը բանեցնեն «Լավաշ» փուռը, որու արտադրանքը արդէն ունի մեծ համբաւ:
Յակոբ Կարապետեան եւ գործակիցները վերջին շրջանին սկսած են պատրաստել նաեւ Սուրբ Պատարագի մասերը՝ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համար: