Արխիւ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2015

Կիւմ­րիի մէջ ռու­սա­կան ռազ­մա­կա­յա­նի հա­մա­լի­րէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­ցեալ Յու­նուա­րի 12-ին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դամ­նե­րը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին նիս­տը։ Հա­յաս­տա­նի Շի­րա­կի մար­զի Ընդ­հա­նուր ի­րա­ւա­սու­թեան ա­տեա­նին կող­մէ կը դա­տուի մե­ղադ­րեա­լը, դա­տա­ւոր Յա­րու­թիւն Մով­սէ­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով, դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ միշտ կը յա­ռա­ջա­նան բար­դու­թիւն­ներ, ո­րոնք շա­րու­նակ նոր ի­րա­վի­ճակ­ներ կը ծնին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս այս մա­հա­փոր­ձին մէջ հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­նե­րուն ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը պար­զե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ յա­ւե­լեալ հար­ցաքն­նու­թիւն մը եւ պատ­րաս­տուե­ցաւ նոր մե­ղադ­րա­կան մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Թուր­քիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րէն սկսեալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ պաշ­տօ­նա­պէս սկսած է ձիւ­նա­հա­լի մը գոր­ծըն­թա­ցը։ Ծա­նօթ է, որ «Մա­ւի Մար­մա­րա» նա­ւու դէպ­քով ծա­գած ճգնա­ժա­մը պատ­ճառ դար­ձած էր, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն մեծ լա­րուա­ծու­թիւն մը ապ­րուի եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ, ո­րոնք մինչ այդ ի­րենց կա­պե­րը հաս­ցու­ցած էին ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մա­կար­դա­կին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Սիր­քէ­ճիի Սա­նա­սա­րեան խա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին վե­րա­դարձ­նե­լու խոս­տու­մով, որ­պէս պե­տա­կան պաշ­տօ­նեայ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին ներ­կա­յա­ցած եւ ան­կէ գու­մար ստա­ցած Քե­մալ Թայ­ֆուն Նար­կին դա­տա­պար­տուե­ցաւ բան­տար­կու­թեան եւ տու­գան­քի։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Յու­նաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Փա­նոս Քա­մե­րոս, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան, ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Վի­գէն Սարգ­սեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

«Անձամբ կարգադրեցէ՛ք» ցուցահանդէսի հետազօտութիւնը կատարած խումբին բանախօսութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հոգելոյս Զաւէն Պատրիարքի, Զապէլ Եսայեանի եւ Շաւարշ Միսաքեանի վկայութիւններուն, ինչպէս նաեւ 1915-ին գործած պաշտօնեաներու աւելի ուշ հրապարակուած յուշագրութիւններուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

​Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմախարիսխէն ներս այս առաւօտ սկսաւ ոճրագործ Վալերի Փերմեաքովի դատավարութիւնը:
Տարեսկիզբին՝ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամերը սպաննած ռուս զինուորականը հաշիւ կու տայ Հայաստանի Հանրապետութեան դատական մարմիններուն: Հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Ե­րե­ւա­նի ա­րուար­ձան­նե­րէն Ա­րաբ­կիր թա­ղա­մա­սին մէջ ներ­կա­յիս կը կա­ռու­ցուի նոր ե­կե­ղե­ցի մը, ո­րու շի­նա­րա­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան թա­փով։ Մինչ այս մեծ թա­ղա­մա­սի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կը սպա­սեն ի­րենց նո­րա­կա­ռոյց ա­ղօ­թա­տան բաց­ման՝ ե­րէկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը օ­ծուե­ցան այս ե­կե­ղեց­ւոյ խա­չե­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Ընտանեկան ստացուածքի կառավարման նիւթին շուրջ ուշագրաւ խորհրդաժողով մը:
Յայնտի հնագէտ Րաֆֆի Փորթագալ անդրադարձաւ գեղարուեստի նկատմամբ վերաբերմունքին:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Նա­խա­ճա­շը ա­ճա­պա­րան­քով կը պատ­րաս­տէ, ա­մու­սինն ու զա­ւակ­նե­րը կ՚արթնց­նէ, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր գոր­ծին կը ճամ­բէ, տան անհ­րա­ժեշտ պէտ­քե­րը կը հո­գայ, մեծ գա­ւաթ մը սուր­ճը ձեռ­քը կը նստի հա­մա­կար­գի­չին դի­մաց ու ան­համ­բեր կը բա­նայ դի­մա­տետ­րին է­ջը...:

 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

«Էվ­րէն­սէլ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ան­ցեալ ա­միս լոյս ըն­ծա­յած էր Հնչա­կեան քսան կա­խա­ղան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ յուշ-կեն­սագ­րու­թեան գիր­ք մը։ Սա 1921 թուա­կա­նին Իս­թան­պու­լի մէջ լոյս տե­սած եւ իր տե­սա­կին մէջ դա­սա­կա­նա­ցած «Քսան կա­խա­ղան­նե­րը» ա­նուն գոր­ծին թրքե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնն էր։ Այդ թուա­կա­նին Ե­դուարդ Չո­փու­րեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թեան հի­ման վրայ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տուած գիր­քը վեր­ջերս թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նեց լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ա­րիս Նալ­ճը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«ՊԱՆԴԽ­ՏՈՂ­ՆԵ­ՐԻՆ

«Ի՞նչ էք ա­նում, ա՛յ խեղճ հա­յեր

«Որ երկ­րու­մը ցան­կա­լի

«Թո­ղած ա­նուշ օդն ու ա­յեր

«Դի­մում էք գիրկն օ­տա­րի։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

​Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս կը շարունակուի բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի տեսակցին Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբերին:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Յա­ճախ կը խօ­սուի Հա­յաս­տան-Թուր­քիա մշա­կու­թա­յին երկ­խօ­սու­թեան անհ­րաժշ­տու­թեան մա­սին, որ պի­տի ըլ­լայ նաեւ մշա­կոյ­թի մի­ջո­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը հա­մախմ­բե­լու եւ ա­րուես­տի խա­ղա­ղա­րար ու­ժի շնոր­հիւ նոր պատ­գամ­ներ յղե­լու նոր սե­րունդ­նե­րուն: Այդ ա­ռու­մով ո­րոշ յա­ջո­ղուած ծրագ­րեր ար­դէն կեան­քի կո­չուած են, իսկ վեր­ջի­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս շաբ­թուան սկիզ­բը՝ 14 Դեկ­տեմ­բե­րին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, թէ՛ շա­րու­նա­կու­թիւնն է ո­րոշ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ սկսած երկ­խօ­սու­թեան եւ թէ իր ձե­ւի մէջ նո­րու­թիւն է:

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Գրիչ բռնել» կամ «գրիչ շար­ժել», այ­սինքն՝ գրի­չը գոր­ծա­ծել, օգ­տա­գոր­ծել եւ գրի­չին կեա՛նք տալ, մէկ բա­ռով ե­թէ ար­տա­յայ­տել ու­զենք՝ գրե՛լ։ Լաւ է այս։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Աշ­խար­հը ծա­ռե­րը զար­դա­րեց:

Ծառս ու ես զի­րար կը փնտռենք.

Տէն Հաա­կի շու­կա­նե­րուն մէջ, շուա­րած ոտ­քե­րով, խե­լառ, մո­լոր աչ­քե­րով, ծառս

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

ԾՈ­ՎԻԿ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵ­ՏԵԱՆ

Աշ­խար­հը ծա­ռե­րը զար­դա­րեց:

Ծառս ու ես զի­րար կը փնտռենք.

Տէն Հաա­կի շու­կա­նե­րուն մէջ, շուա­րած ոտ­քե­րով, խե­լառ, մո­լոր աչ­քե­րով, ծառս կը փնտռեմ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ար­տա­սո­վոր ո­գե­ւո­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սին առ­թիւ։ Ա­մա­նո­րին ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ա­ւան­դա­կան ձեռ­նար­կը՝ Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նախ­կին շէն­քի սրա­հին մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ թա­ղի վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս շա­բա­թա­վեր­ջին։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ պի­տի հա­մախմ­բուին զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Ե­շիլ­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կ՚ար­ձա­նագ­րէ յա­րա­տեւ վե­րելք։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2015

​Երեւանի դրական մօտեցումը. «Կրթութիւնը այն ոլորտն է, ուր երախաները պէտք չէ տուժեն»:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան տեսակցեցաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ:

Էջեր