Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ Արցախի մէջ յառաջացած ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը բերել հայոց պետականութեան։ Համայն հայութեան մտահոգ սպասման մթնոլորտին մէջ, երէկ առաւօտ, հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց վերջերս Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուած Համաեւրոպական խաղերուն մասնակցած իսթանպուլահայ մարզիկները։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին Հայկարամ Գարասու, Շահնուր Գազանճը, Սեւան Տեւլէթեան, Պուրակ Էլվան, Հերման Պիպէռեան, Առէն Օլկունտեմիր, Արման Խուպեսէրեան, Արտա Տօնիկօղլու եւ Ռոպին Միրզախանեան։
Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ընկեր» թատերախումբի ներկայացումը։ «Քապարէ» անուն խաղը թատերասէրներուն ներկայացուեցաւ՝ բեմադրիչ Արաս Նասի մականին ներքեւ։ Երկու թատերակներէ բաղկացեալ ներկայացում մըն է այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու հետաքրքրութեան։
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
«Գանատա կայք հաստատելու առիթը պէտք չէ վերածել նորաձեւութեան, «մոտա»ի հետեւելու հեւքոտ ճիգի, աւելին՝ արկածախնդրական ծրագիրի մը»
Մահացաւ 65-ամեայ Զահա Մուհամմէտ Հատիտ, որ կը համարուի աշխարհի ամենայայտնի կին ճարտարապետը, ծագումով իրաքցի բրիտանուհի մըն է։ Ան ծնած է 31 Հոկտեմբեր 1950 թուականին, Պաղտատ, Իրաք։ Իսկ ան մահացաւ Մարտի 31-ին, Մայամիի մէջ։
Ռուսաստան ծնած հայ գեղասահորդուհի Եւկենիա Մետվետեւա սահմանեց գեղասահքի կանանց ազատ ծրագրի մրցանիշ: Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած գեղասահքի աշխարհի ախոյենութեան ազատ ծրագրին մէջ 16-ամեայ Եւկենիա նուաճեց 150.10 կէտ, որ աշխարհի մրցանիշ է:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի պարի համոյթը իրերայաջորդ փորձերով կը պատրաստուի յառաջիկայ Ապրիլի 28-ին՝ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլին հետ նախատեսուած համատեղ ելոյթին։
Սպանիոյ «Էլ Քլասիքօ»ն հարուստ էր ֆութպոլը յատկանշող բոլոր դրուագներով. անհատական հնարքներ, խմբային խաղեր, կոլային առիթներ, վարպետօրէն նշանակուած կոլեր, կոշտ խաղարկութիւն, հրմշտկոց, իրաւարարի վիճելի որոշումներ, դեղին քարտեր, նոյնիսկ կարմիր քարտ (Ռէալի խմբապետ Ռամոս):
Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ արարողութիւն՝ հազարաւորներու մասնակցութեամբ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մենք քրիստոնեայ ժողովուրդ ենք, հետեւորդ աստուածապատուէր խաղաղութեան ու համերաշխութեան, նախանձախնդիր՝ աստուածաշնորհ ազատութեան։ Ընդդէմ պարտադրուած պատերազմի՝ հայրենիքի խաղաղութիւնը, ազգի ազատ կեանքի պաշտպանութիւնը սրբազան առաքելութիւն է մեզի համար»:
Արցախի ճակատին վրայ բռնկած բախումներու մթնոլորտին մէջ Պաքուի կողմէ երէկ հնչեց մտահոգիչ սպառնալիք մը եւս։ Ատրպէյճան սպառնաց Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի վրայ յարձակելով։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ նման յարձակումի մը պիտի փոխադարձեն անհամաչափ ու շատ ցաւոտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արդարութեան մասին յաճախ խօսեցանք եւ խորհրդակցեցանք այս սիւնակներուն մէջ, ձեզի հետ սիրելի՜ բարեկամներ։ Արդարութիւնը՝ առաքինութի՛ւն է, ազնուութիւն է, եւ ընկերային ներդաշնակութիւնը, խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը ապահովող՝ անհրաժեշտ տա՛րր մըն է։
Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան հերթական նիստը բացուեցաւ Արցախի ճակատին վրայ նահատակուած զինուորներուն եւ յարձակումներու հետեւանքով զոհուած բնակիչներուն համար պահուած յարգանքի լռութեամբ։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ վերսկսած ռազմական գործողութիւններուն պատճառով ծանր հետեւանքներ կը յառաջանան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ սկսաւ հրապարակել նահատակուած զինուորներուն անունները, մինչ մէկ կողմէ ալ տեղի կ՚ունենան յուղարկաւորութիւնները։ Նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ հպարտ է իւրաքանչիւրի սխրանքով։
Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր հեռախօսազրոյցներ ունեցան Արցախի իրադրութեան շուրջ:
Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդը յատուկ ժողով մը կը գումարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ - Թիֆլիզէն եւ Թեհրանէն կը հնչեն կոչեր:
«Եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին եւ ստանան լայն ծաւալ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ:
Աթագիւղի «Ասլը Չաքըր Ալփթեքին» համալիրէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան կողմէ կազմակերպուած մարմնամարզի միջվարժարանային աւանդական խրախճանքը։ Այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուած խրախճանքը ձօնուած էր Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակի յոբելեանին։
Էսաեան վարժարանի ներկայացուցիչ աշակերտները շաբաթավերջին մասնակցեցան «Պիլֆէն» նախակրթարանին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի վեցերորդ մրցաշարքին։
Գարակէօզեան Տան աշակերտներէն Առէն Տեմիրճի եւ Ալեքսան Զարուքի շաբաթավերջին մասնակցեցան «Պիլֆէն»ի ճատրակի մրցաշարքին։
Էսաեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Նաթալի Պարսամեան, Սեսիլ Կիւկիւշ, Լարիսա Եըլմազ եւ Գարին Մանթօ վերջերս Ֆինլանտիոյ մէջ մասնակցեցան «Էրասմուս» ծրագրին շրջագծով կազմակերպուած «European Job Market For Youth» խորագրեալ հաւաքոյթի մը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը այս շրջանին կը կազմակերպէ սեմինարներու շարք մը՝ մանուկներու նախադպրոցական շրջանի զարգացման վերաբերեալ։ Այս շրջագծով վարժարանի սրահին մէջ երէկ ելոյթի հրաւիրուած էր մանուկներու արտայայտութեան նիւթերու գծով մասնագէտ մը՝ Արուսեակ Սաֆա Ճամիլապատի։



