Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ եւ աւարտեց Աթէնքի շփումները:
«Հայաստան պատրաստ է ընդունիլ այն բոլոր սուրիահայերը, որոնք որոշած են հեռանալ Սուրիայէն»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակի ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդին 5-րդ նիստը:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուցին, որ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ: Անգարայի մէջ որոշուեցաւ նաեւ թափ տալ TANAP-ի շինարարութեան աշխատանքներուն:

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ժա­մա­կար­գու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ ե­կե­ղե­ցա­կան ժա­մա­սա­ցու­թիւն, ծէս, ժա­մե­րու դա­սա­ւո­րում։ Ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով՝ ժա­մե­րու, այ­սինքն ժա­մեր­գու­թեան եւ ժա­մա­սա­ցու­թեան, պաշ­տա­մուն­քի յա­տուկ ե­կե­ղե­ցա­կան կարգն է։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ու­նի ժա­մեր­գու­թեան յա­տուկ կար­գը։ Ուս­տի կ՚ար­ժէ ժա­մա­կար­գու­թիւ­նը դի­տել ան­գամ մըն ալ Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան տե­սան­կիւ­նէն եւ տես­նել, թէ ինչ­պէս հա­սած ենք ներ­կայ վի­ճա­կին։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Փոր­թու­գա­լի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­տուոյ հիւ­պա­տոս մը նշա­նա­կած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէս, դես­պան Մա­րիօ Կու­տի­նիօ տէ Մար­թո­սի մի­ջո­ցաւ պա­տուոյ հիւ­պա­տոս նշա­նա­կուած է Սա­մուէլ Սա­մուէ­լեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Ռուսաստանի զօրքերը այս առաւօտեան դրութեամբ սկսան հեռանալ Սուրիայէն:
Ժընեւի մէջ կը շարունակուին ճգնաժամի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տար Պա­քու, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուէր Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան Բարձր մա­կար­դա­կով ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դին հին­գե­րորդ ժո­ղո­վը։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ խորհր­դա­կան նշա­նա­կած է մեր հա­մայն­քէն Սի­րան Սուր­քին։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Սի­րան Սուր­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ներս պի­տի պաշ­տօ­նա­վա­րէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն գծով եւ քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւին հետ պի­տի աշ­խա­տի՝ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու շուրջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

«Հայ եւ յոյն ժողովուրդները արարած են կողք կողքի՝ իրենց հետքը թողլով պատմութեան էջերուն»:
Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահները Աթէնքի մէջ մասնակցեցան «Արարատի ոգին» ցուցահանդէսի բացման:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին Վիեն­նա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

 Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) ե­րէկ ե­րե­կո­յեան դռնփակ ժո­ղով մը գու­մա­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Նիս­տը գլխա­ւո­րեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։ Ըստ VADİP-ի հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի դի­ւա­նէն մեր ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, ժո­ղո­վը դռնփակ գու­մա­րուած է՝ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Իս­կէն­տէր Շա­հին­կէօ­զի փա­փա­քով։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

​Անգարայի ահաւոր պայթումէն վերջ ամբողջ ժողովուրդը կ՚ամրապնդէ միասնականութեան ու զօրակցութեան գիտակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան համոզուած է, թէ ահաբեկչի եւ ահաբեկչութեան հասկացութիւնները պէտք է վերասահմանուին:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Ֆրան­սա­ցի գրող ու թա­տե­րա­գիր Օք­տաւ Միր­պո­յի «Ժան Ռուլ» թա­տե­րա­խա­ղի բե­մադ­րու­թեամբ սկսած է Թիֆ­լի­զի հայ­կա­կան թատ­րո­նի նոր շրջա­նը` պե­տա­կա­նի կար­գա­վի­ճա­կին ար­ժա­նա­նա­լու փու­լը:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր միշտ վառ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ կը մնայ մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րա Կիւ­լէ­րի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան ձօ­նուած «Իս­թան­պու­լի աչ­քը» կո­չուած փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օ­րերս մա­մու­լը հե­ղե­ղուե­ցաւ բրի­տա­նա­ցի յայտ­նի բնա­գէտ-տե­սա­բան, տիե­զե­րա­բան Սթի­ւըն Հաու­քին­կի մէկ յայ­տա­րա­րու­թեամբ, որ նշա­նա­ւոր գիտ­նա­կա­նը կա­տա­րած է Global Teacher Prize մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն հրա­պա­րակ­ման նուի­րուած իր ու­ղեր­ձին մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Այս­պէս, ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ Մե­լի­սա Ֆե­րա­հեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին դպրո­ցի 8-րդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թին եզ­րա­փա­կիչ հանգ­րուա­նը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Այս տա­րի Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած էր այս մրցոյ­թը, ո­րու ա­ւար­տա­կան հանգ­րուա­նը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ա­զա­տու­թիւն»ը իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւն ու­նե­նալ գոր­ծե­լու կամ չգոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Ա­զա­տու­թեան այս բա­ցատ­րու­թիւ­նը բնա­կա­նա­բար կ՚են­թադ­րէ բա­նա­կա­նու­թիւն՝ խոր­հե­լու եւ մտա­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւն։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ա­րիւ­նա­լի դէպ­քե­րը ի­րա­րու կը յա­ջոր­դեն Թուր­քիոյ մէջ։ Ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը լուրջ մար­տահ­րա­ւէր մը դար­ձած է երկ­րին առ­ջեւ՝ ա­մե­նայն անգ­թու­թեամբ եւ ծան­րա­ծանր հե­տե­ւանք­նե­րով։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ան­գա­րա­յէն հա­սած լու­րե­րը, ժո­ղո­վուր­դի աչ­քին առ­ջեւ ստեղ­ծուած պատ­կե­րը սահմռ­կե­ցու­ցիչ է։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ղօթ­քը կա­րե­լի՞ է «ա­րուեստ» նկա­տել։ Ո­մանք կրնան ա­ռար­կել եւ ը­սել, թէ ա­ղօթ­քը եւ ա­րուես­տը բո­լո­րո­վին տար­բեր ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, այն­քան որ կա­րե­լի չէ՛ այս եր­կու­քը միա­ւո­րել եւ ի­րա­րու կցել, քա­նի որ հա­սա­րա­կաց կէտ մը չու­նին ա­նոնք։ Այս ա­ռար­կու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նե­լէ կամ մեր­ժե­լէ ա­ռաջ կ՚ար­ժէ ա­նոնց էու­թիւ­նը վեր­լու­ծել։

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2016

ՄԱԿ-ի միջ­նոր­դու­թեամբ Ժը­նե­ւի մէջ այ­սօր նա­խա­տե­սուած են Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մին ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Էջեր