Արխիւ
Երէկ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտա-երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազգային երգարան գրպանի» ժողովածոյին շնորհանդէսը։ Քսանմէկ հատորներէ բաղկացեալ այս ժողովածոն հրատարակուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ «Թռչնոց բոյն»էն ներս կեանքի կոչուած ծրագիրը:
Լիբանանահայ տաղանդաւոր ճարտարապետներ՝ Վիգէն եւ Րաֆֆի Թարխանեան եղբայրները վերջին օրերուն այցելեցին Հայաստան:
Թուրքիոյ առկայ բարդ իրավիճակին պայմաններուն ներքեւ, Նոյեմբերի 1-ի կանխահաս ընտրութիւններուն ընդառաջ, կառավարութեան կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը երէկ երեկոյեան այցելեց Պատրիարքարան, ուր ներկայ էին Համայնքային վաքըֆներու հարթակի մասնակից հաստատութիւններուն ատենապետները կամ վարչայինները:
Երկրագործութեան նախարար Մեհտի Էքէր կանգ առաւ անցեալէն ժառանգուած համակեցութեան աւանդութեան վրայ: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յայտնեց, որ ահաբեկչական վերջին դէպքերուն հայոց վերագրուիլը խորապէս կը վիրաւորէ թրքահայութիւնը
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մանուկ տարիքէն լսուած է «դրախտ» եւ «դժոխք» բառերը, եւ ամէն մարդ նուազագոյն տեղեկութիւն մը ունի անոնց մասին։ Բայց անոնք ունին աւելի խոր նշանակութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կ՚անտեսուի։
Sayın
Recep Tayyip ERDOĞAN
Türkiye Cumhuriyeti Cumhurbaşkanı
ANKARA
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անկրկնելի հրաշալիքը» վերնագիրն է Տոց. Դոկտ. Վարդ Շիկահերի, դարձեալ իր բառերով «երեք օրհնեալ ձեռքեր՝ Սահակ Պարթեւ, Վռամշապուհ թագաւոր եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած մեծ գործին ու շարժումին» մասին հետաքրքրական յօդուածին։
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Խորհրդաւոր» խորագրեալ պարի ներկայացում մը։ «Թոռներ. նոր աշխարհագրութիւններու պատկանելիութիւններ» ծրագրին շրջագծով տեղի ունեցաւ այս պարի ներկայացումը։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ առաւօտ 2015-2016 շրջանի սկիզբին բաժնեց այս տարուան կրթաթոշակները, որոնք կը յատկացուին «Փալաքաշեան» հիմնարկի միջոցներով։ Այս տարի մեր համայնքէն 75 երիտասարդներ ստացան կրթաթոշակ։ Անոնցմէ 28-ը համալսարանական է։ Մնացեալ 47-ը՝ նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ահաբեկչութիւնը հերթական անգամ գերեվարած է մեր երկրին օրակարգը։ Վերջին ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ ապրուած ողբերգական դէպքերը շաբաթավերջին իրենց շարունակութիւնը ունեցան մայրաքաղաքին մէջ։ Անհաւատալի վայրագութիւն... Անգարայի մէջ որոտացած պայթիւնը խոր սուգի մատնած է բովանդակ երկիրը։
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած արիւնալի ահաբեկչութեան կապակցութեամբ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցական մը հասաւ Անգարա։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հեռագիր մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան կապակցութեամբ, որ քանի մը տասնեակ անմեղ զոհերու եւ աւելի քան հարիւր վիրաւորներու պատճառ դարձած է
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ահաբեկչական ահաւոր յարձակումը խլեց 97 հոգիի կեանքը, կայ նաեւ 246 վիրաւոր:
Թուրքիա կը ջանայ յամառ ջանքերով յաղթահարել վերջին շրջաններու իրերայաջորդ արիւնալի բռնութիւններուն փակ շրջանը:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Թաղի պատմական վարժարանը հանդիսացաւ տօնական օրուան ժամադրավայրը, մինչ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց հայատառ մամուլին կարեւորութիւնը:
Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ համայնքին առջեւ դրական տուեալներու մատուցման:
Թուրքիա դիմած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ Վանի բերդը համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ընդգրկելու համար։ «Րատիքալ»ի հաղորդմամբ, Վանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուզաֆֆէր Աքթուղ յայտնած է, որ եթէ Վանի բերդը մտնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, ապա ատիկա մեծ ճանաչում եւ օգուտ պիտի բերէ Վանին։
Մոնրէալի «Փլաս Տէ Զար» համերգասրահին մէջ, Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին առիթով, Մոնրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փանտերեցքի, որ անձամբ ղեկավարելով երգչախումբը՝ ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ» ստեղծագործութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմը «մասնակի կլոպալ պատերազմ» մը դառնալու բոլոր բաղադրիչները ունի: Կլոպալ ըսելով պէտք է հասկնալ, որ Ռուսաստանի բացայայտ միջամտութենէն ասդին «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS)ի դէմ տրուելիք հարուածները կը դառնան աւելի հատու եւ վճռական:
Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարաց խորհուրդը կը գումարուի Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ունեցաւ բացառիկ ու շահեկան հարցազրոյց մը:
Լուսաբանող զրոյց՝ Ֆրանսայի հայոց թեմակալ առաջնորդին հետ:
Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան կ՚անդրադառնայ թեմը յուզող ինչ-ինչ խնդիրներու:
Նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, կատարուեցաւ օծման արարողութիւնը Մասիս քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ:
Սփիւռքահայ արուեստագէտ Շահէ Տէր-Յարութիւնեան, որ այժմ իր բնակութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ, վերջերս այցելեց քաղաքս, ուր իր գործերը ցուցադրեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղւոյն մատաղօրհնութեան հանդիսութեանց առթիւ։