Արխիւ
ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան ձօնուած գագաթաժողովը համախմբեց աշխարհի բազմաթիւ ղեկավարները:
Սարգսեան. «Հակառակ մեր սահմաններուն առկայ լարուածութեան, միջազգային խաղաղապահութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը աստիճանաբար կ՚ընդլայնուի թէ՛ աշխարհագրութեան, թէ՛ քանակական եւ թէ որակական իմաստով»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան առթիւ հետեւեալ պատգամը տուաւ ողջ աշխարհի հայութեան։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նկարիչ, արուեստագէտ Աշոտ Աւագեան ծանօթ է թէ՛ իր հայրենի՝ Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ, թէ՛ Հայաստանի սահմաններէն դուրս. տասնեակ զբօսաշրջիկներ տարուան զանազան եղանակներուն կ՚ուղեւորուին Սիսիանի մօտակայքը գտնուող հնավայրեր՝ Զօրաց քարեր, Ուխտասար, որոնց շրջակայքը արուեստագէտը բնութեան մէջ կատարած է իր աշխատանքները կամ տարբեր պատահմունքներու (happening) միջոցով բնութիւնը գործածած է իբրեւ «ցուցասրահ» մը կամ արուեստի հետ հաղորդակցութեան վայր մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժողովրդական յայտնի առածը կ՚ըսէ. «Աւելի լա՛ւ է թշնամիին ապտակը, քան կեղծ բարեկամին ժպիտը»։ Չեմ գիտեր, կեանքի մէջ ո՛րքան գործածական եւ իրական է այս դիտաւորութիւնը, բայց սա ստոյգ է, որ ամէն մարդու կեղծը եւ կեղծաւորութիւնը վտանգաւոր է եւ վնասարա՛ր։
2015-2016 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի այս շաբաթավերջին:
Սահակեան-Նունեան վարժարանը համայնքի զօրակցութեան կ՚ապաւինի՝ իր վերելքին համար:
Նիւ Եորքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Տեւական զարգացման լուծումներու ցանց. երիտասարդական լուծումներ» խորագրեալ գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին հրաւիրուեցաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Թեմիզէլ՝ որպէս Թուրքիոյ միակ ներկայացուցիչը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետին բարձր նախագահութեամբ երէկ պատմական փառաշուք արարողութիւնով մը օրհնուեցաւ սուրբ իւղը:
Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին օրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հերթական անգամ հոգեւոր միասնականութեան զգացումով համախմբեց իր աշխարհացրիւ հօտը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ ապրեցաւ իր բազմադարեան փառաւոր պատմութեան եզակի օրերէն մին, երբ աշխարհացրիւ հայութիւնը հերթական անգամ առաջնորդեց հոգեւոր միասնականութեան։ Հայոց մա՛յր եկեղեցին թէեւ հիմնական գրաւականն է այդ միասնականութեան, նաեւ երաշխաւորը, սակայն երէկուան հանգրուանը իսկապէս գագաթնային էր եւ աննախընթաց՝ իր ապրուած մթնոլորտի իւրայատկութիւններով հանդերձ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը շարունակէ կեանքի կոչել՝ երիտասարդներու համախմբման ուղղեալ ծրագրեր:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պատուեց «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնին բացումը:
Իսթանպուլահայ վարժարաններէն ներս այս առաւօտ հնչեց վերամուտի զանգը։ 2015-2016 կրթական շրջանը սկսաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Մեր վարժարաններու աշակերտները, կրթական մշակները եւ բոլոր պատասխանատուները ապրեցան զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի պայմաններուն ներքեւ Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ ընտանիք մը եւս մեկնեցաւ Հայաստան։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Աթոռը Սուրիայէն Թուրքիա խոյս տուած ընտանիքներուն նկատմամբ կը ցուցաբերէ անմիջական հոգածութիւն եւ աշխատանք կը տանի, որպէսզի անոնք կարենան տեղափոխուիլ Հայաստան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այց մը կու տայ Նիւ Եորք:
Սերժ Սարգսեան կը տեսակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
Շարքի առաջին զեկուցողները եղան Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ Ժան-Փիէռ Մահէ: Բացուեցաւ նաեւ ցուցահանդէս մը:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքին եւ INALCO-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ խորհրդաժողով մը՝ Փարիզի մէջ:
21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ տեղի ունեցան երկօրեայ ծաւալուն ու բազմակողմանի քննարկումներ:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը հանդէս եկաւ Երեւանի բեմին վրայ:
Հրանոյշ Յակոբեան Կարպիս Չափքանը պարգեւատրեց Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վերամո՜ւտ է դարձեալ՝ այն յուզումնախառն օրը, բուռն ապրումներով լեցուն պահը՝ երբեմն ոգեւորուած, երբեմն տրտում եւ տխուր, երբեմն շփոթած, եւ երբեմն ալ վրդոված ու տագնապալից։ Վերամուտը զանազան ապրումներու եւ զգացումներու առիթ կ՚ընծայէ ամէնուն։
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
Երկնային օրհնութիւններն ընկալելու երկու միջոցներ ունինք. Առաջինը՝ ուղղակի Աստուծմէ մեր հոգիին մէջ իջնող ազդեցութիւնն է առանց ոեւէ միջնորդի: Այս առումով մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ոչ մէկ բան կրնայ մտնել:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջի Միւռոնօրհնութեան մասնակցելու համար այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին Սրբազնութեան հետ են նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Հայաստան պատրաստ է ընդունիլ Սուրիոյ մէջ մնացած բոլոր հայերը, եթէ նման անհրաժեշտութիւն յառաջանայ: Այս մասին «Արմէնփրես» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ այս պահու դրութեամբ Սուրիոյ մէջ 15-17 հազար հայ կայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ յաճախ կը խօսինք կեանքի մասին, կեանքի ապրումներուն մասին, պահ մը կը մոռնանք, որ կեանքէն աւելի մեծ ճշմարտութիւն մը կայ այդ կեանքին ընթացքին մէջ՝ մա՛հը ամենէն յստակ, անխուսափելի ճշմարտութի՛ւնն է կեանքին, քանի որ ան որ կեանքը կ՚ապրի, պիտի մեռնի, այն որ կը ծնի, արդէն մահուան ընթացքին մէջ մտած կ՚ըլլայ։