Արխիւ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Տաճիկիստանի մայրաքաղաքը՝ Տուշանպէ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին։
Ֆրանսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէվէճեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ դէպի Եւրոպա գաղթականաց հոսքին մասին։ Անցեալի մէջ նախարարի պաշտօն ալ վարած Տէվէճեան Գերմանիոյ դիրքորոշման անդրադառնալով ըսաւ. «Առին մեր հրեաները ու մեզի տուին արաբները»։
Շաբաթավերջին ահաբեկչական դէպքերը շարունակուեցան, ցաւ յառաջացնելով ամբողջ երկրին մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Շըրնաքի եւ Տիարպաքըրի մէջ կատարուած յարձակումներուն հետեւանքով երեք ոստիկան նահատակուեցաւ։
Լաս Վեկասի մէջ կազմակերպուած Ըմբշամարտի համաշխարհային առաջնութեան մասնակցած Հայաստանի հաւաքականը վերադարձաւ Երեւան։ Յունահռոմէական ոճի մէջ աշխարհի ախոյեան դարձած եւ այդ կոչումը արդէն երկրորդ անգամ նուաճած Արթուր Ալէքսանեանին համար յաղթական վերադարձ մըն էր այս մէկը։
Բացման նիստին ընթերցուեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին պատգամները
Շուէտի խորհրդարանի Ընկերային պաշտպանութեան կոմիտէին կողմէ պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Շիշլի։ Այսպէս, գաղթի եւ համարկման նիւթերուն շուրջ կատարած դիտարկումներուն շրջագծով՝ այս պատուիրակութիւնը այցելեց Քուշթեփէ եւ Իզզէթփաշա թաղամասերը։
Ամերիկահայ գիտնական Վոն Թուրէքեան նշանակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Թուրէքեանի պատասխանատուութեան շրջագծին մաս պիտի կազմեն բնապահպանութեան, գիտութեան, փորձագիտութիւններու եւ առողջապահութեան բնագաւառները, որոնք ազդեցութիւն կը գործեն Ուաշինկթընի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան վերջերս Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց մեր պատուակալ աշխատակից Սագօ Արեանը։ Երկար տարիներ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած Կարէն Միրզոյեան այս առթիւ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Մշակոյթի եւ մետիայի գծով նախարար Ճոն Ութինկտէյլի հետ։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին Անգլիոյ խորհրդարանէն ներս կը գլխաւորէր Հայաստանի հետ բազմակուսակցական բարեկամութեան խումբը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ծանօթացաւ ամսավերջին բացուելիք համալիրին:
7500 քառակուսի մեթր մակերեսի վրայ աւելի քան 300 մարզիկներու համար խարիսխ մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսական կողմին վերջին օրերուն կատարած յայտարարութիւնները քաղաքական նոր տեղաշարժերու մասին կը խօսին: Առաջին անգամն է, որ ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ բացայայտ կերպով կը յայտարարեն, որ Մոսկուա ոչ միայն Սուրիոյ ազգային բանակին զէնքեր կը տրամադրէ, այլ նաեւ ռուս զինուորներ երկար ժամանակէ ի վեր հոն կը գտնուին եւ կը մարզեն երկրի ազգային բանակի զինուորները:
Իրաքի հիւսիսին Թուրք զինեալ ուժերը կ՚իրականացնեն սաստիկ գործողութիւններ:
Կարայի մէջ ՓՔՔ-ի մեծագոյն զինանոցը անցեալ գիշեր դարձաւ ռազմաօդանաւերուն թիրախը:
Մեր համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան վերջերս ելոյթ մը ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ան խոր տպաւորութիւն գործեց իր ունկնդիրներուն վրայ։ Պարթեւի մասնակցած ձեռնարկին կապակցութեամբ ստորեւ կը ներկայացնենք Նիւ Եորքէն մեզի ուղարկուած Զարմինէ Պօղոսեանի նկարագրականը։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ կը ներկայացուին Երուանդ Քոչարի Փարիզի եւ Երեւանի ստեղծագործական տարիներու նմոյշները:
Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի մասնակցութեամբ բացուած յայտնի նկարչի գործերուն ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 10-ը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ հինգերորդ տաղաւար, այսինքն եկեղեցւոյ հինգերորդ գլխաւոր տօնն է «Խաչվերաց»ը։ Այս վերջին՝ հինգերորդ տօնը նուիրուած է «Խաչ»ին՝ կոչելով զայն «Խաչվերաց»։ Ինչպէս միւս տաղաւարները, Խաչվերացն ալ ունի պատմական հիմք մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծառը կը ճանչցուի իր պտուղէն, ինչպէս կ՚ըսուի առհասարակ։ Արդարեւ հաւաքականութեան մը արժէքը պէտք է փնտռել զայն կազմող ու կազմաւորող անհատ-անդամներուն մէջ։ Հակառակ կեանքի ամէն տեսակ պայմաններուն, անոնց ժխտական ազդեցութեան, հաւաքականութիւն մը բարձր սկզբունքներու երբ կը հետեւի, այդ սկզբունքները կեանքի կը վերածէ, այդ կը նշանակէ՝ թէ հաստատ ու անշեղ նկարագրի տէր, բարոյապէս զօրաւոր անհատներէ բաղկացած է։
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը՝ Պաքու, ուր պիտի մասնակցի հաւաքական խումբերու նոր ուսումնամարզական կեդրոնի բացման:
Երեւանի «Մարիոթ Արմենիա» պանդոկը նախընթաց օր ուշադրութեան արժանացաւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, պանդոկին խոհարարները պատրաստեցին վիեննական հսկայ շթրուտէլ մը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Մոսկուա կատարուած աշխատանքային այցելութեան եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ երկրի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հայաստա&s
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Յունաստան, հարցազրոյցի մը մէջ անդրադարձաւ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին՝ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։