Արխիւ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ երկրի սահմանները ներկայիս անառիկ են։ «Զինեալ ուժերու համապատասխան զօրամիաւորման կողմէ կը պաշտպանուին մեր սահմանները։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) տարեմուտի ժողովին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ էր ընտրութիւններու հարցը:
Յարութիւն Շանլը յայտնեց, որ կակնկալեն յառաջիկայ շրջանին տեսակցութիւն մը ունենալ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յունուար 20-ին կը նշենք ծննդեան տարեդարձը տաղանդաւոր բանաստեղծ ու խիզախ մտաւորական Սիլվա Կապուտիկեանի (1919-2006), որ հայ գրականութեան պարգեւեց մայրական շունչով յագեցած Սիրոյ եւ Իմաստութեան ինքնատիպ յուզաշխարհ մը։
Մոսկուայի Թրեթեակովեան պետական պատկերասրահը 2016 թուականի Յուլիս-Նոյեմբեր ամիսներուն Լոնտոնի Դիմանկարներու ազգային պատկերասրահին եւ Վատիկանի թանգարաններուն հետ պիտի կազմակերպԷ Յովհաննէս Այվազովսկիի 200-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը, ուր պիտի ներկայացուին նկարիչի առաւել նշանակալի կտաւները, ներառեալ՝ «Ծիածանը» եւ «Սեւ ծովը»՝ Թրեթեակովեան պատկերասրահէն, ինչպէս նաեւ «Իններորդ ալիքը» եւ «Ալեկոծութիւնը»՝ ռուսական թանգարանէն:
Յունուարի 24-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան, Քահանայից պատրաստութեան լսարանի պատասխանատու Տ. Ներսեհ Վարդապետ Խալաթեանի՝ գեղանկարի եւ կրաֆիքի անհատական ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ծիրէն ներս ներկայացուած են քառասունհինգ նկարներ: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի տեղեկատուականը։
Աշխարհահռչակ երաժիշտ Քրիստոֆ Պենտերեցքի, որ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ, երէկ այցելեց Կոմիտասի թանգարանը։ Ծանօթ է, որ Պենտերեցքի մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեակին ձօնուած յոբելենական շքեղ համերգին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրոյ ամենէն անպատշաճ ու անյարմար գործածութիւնը կը տեսնուի «եսասիրութիւն» բառին մէջ՝ ուր ո՜րքան խորթ կ՚երեւի «սէր»ը հոն։ Արդարեւ եսասիրութիւնը բոլորովին հակադրութիւն մըն է սիրոյ, բայց հոն կը յայտնուի որպէս բաղադրիչ այդ անհաճոյ բառին։
Հայկական-միջազգային գործարար համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, 16 Ապրիլի 2016-ին Westin Paris-Vendôme հիւրանոցին մէջ:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այս Հինգշաբթի՝ Յունուարի 28-ի երեկոյեան Փարիզի մէջ պիտի մասնակցի Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան պաշտօնական ընթրիքին։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձան այն հակահայ բանաձեւերուն, որոնք շրջանառութեան մէջ կը գտնուին Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մօտ։
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի այս օրերուն ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութեան եւ անոր դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու ջնջման յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին կը զուգադիպի այս ուղեւորութիւնը, որ ունի պատմական նշանակութիւն։
Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած գաղթականներուն համար Եւրոպական Միութեան կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրոն պիտի յատկացուի տրամաբանական ժամկէտի մը ընթացքին:
Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
22 Յունուարին, հայ մարդու յիշողութեան պաստառին, տիրական իր ձայնին ներկայութիւնը կը հաստատէ առնական դէմքը հայ երգի եւ երաժշտութեանսիրուած վարպետներէն Առնօ Բաբաջանեանի։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ համերգ մը։ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի հիմնադրութեան 10-ամեայ յոբելանին ձօնուած փառաշուք երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրիի «Վիլլա Կարս» պանդոկը չի սահմանափակուիր միակողմանի գործունէութեամբ ու վերածուած է մշակութային կեդրոնի մը:
Պատմական Ալեքսանտրոպոլի ծխական եկեղեցւոյ կից դպրոցէն ներս բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան ունէր դասընկեր մը…
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Գերապայծառին կ՚ուղեկցէր Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան գումարեց 2016 թուականի իր առաջին ժողովը:
Ելմտական յանձնախումբին կողմէ մեր վարժարաններու վիճակին շուրջ պատրաստուած տեղեկագիրը կը պարզէ ահազանգային պատկեր մը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը շարունակէ իր այցելութիւնը դէպի Լոս Անճելըս։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս ան կը հիւրընկալուի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ, մարդիկ ունին բազմաթիւ պարտականութիւններ, զորս պէտք է կատարեն, այլապէս իրենց «մա՛րդ» կոչումին անհաւատարիմ գտնուած կ՚ըլլան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Միջեկեղեցական աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ փուլը բնորոշեց այս արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Լատին Կաթոլիկներու Վիճակաւոր Լուի Փելաթր Եպիսկոպոսը, Յոյն Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Հայ Կաթողիկէ եւ Անկլիքան եկեղեցիներէ ներկայացուցիչներ։


