Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին առ­թիւ կը գտնուի Տա­ւո­սի մէջ, ուր կ՚ու­նե­նայ նաեւ շարք մը կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ։ Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին ղե­կա­վար­նե­րու եւ թէ գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կը մէկ­տե­ղուի Տա­վու­տօղ­լու, որ կը հե­տե­ւի ծան­րա­բեռ­նուած ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցի մը՝ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­նե­րով։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ցիւ­րի­խի մէջ։ Այս առ­թիւ ա­նոնք ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շքեղ արարողութիւն մը:
«Գիտական նոր նուաճումը կամ արուեստի նոր ստեղծագործոթիւնը իսկական գնահատականը կը ստանայ, երբ կ՚անցընէ ժամանակի քննութիւնը»:

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­սաւ Պէ­շիկ­թաշ ա­կում­բին հետ։ Ծա­նօթ է, որ Ա­րաս Էօզ­պի­լիզ նախ­կին թրքա­հայ մըն է, ծնած է Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, եւ ա­ւե­լի վերջ հա­սած է Հո­լան­տա­յի մէջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Իւնալ Չեւիքէօզի ելոյթը:
«Այսօր Թուրքիոյ սահմանները բաց են այնպիսի հարեւան երկիրներու հետ, ուրկէ սպառնալիքներ կու գան իր ազգային անվտանգութեան դէմ։ Հետեւաբար, անընդունելի կը համարեմ Հայաստանի հետ սահմանին փակ մնալը», կ՚ըսէ վաստակաւոր դեսպանը՝ մեկնաբանելով այժմու իրադրութիւնը:

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կը մեկ­նի Լոս Ան­ճե­լըս, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

ԱՆ­ՆԱ ԳԷՈՐ­ԳԵԱՆ

Իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քը բնու­թագ­րող ա­մե­նաազ­նիւ ու հա­րուստ բնա­գա­ւառ­նե­րէն է եր­գա­րուես­տը: Հայ եր­գը ու­նի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն՝ ընդգր­կե­լով հո­գե­ւո­րէն մին­չեւ ա­շու­ղա­կան, ժո­ղովր­դա­կա­նէն՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան, դա­սա­կա­նէն՝ քա­ղա­քա­յին ֆոլք­լոր ե­ւայլն:

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016

Ն. ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Աշ­խար­հահռ­չակ գծան­կա­րիչ եւ փո­րագ­րա­կան գե­ղան­կար­չու­թեան հայ վար­պետ Էտ­կար Շա­հին (1874-1947) մեծ համ­բա­ւի տէր է:

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Զուի­ցե­րիոյ Տա­ւոս քա­ղա­քին մէջ այ­սօր կը բա­ցուի Հա­մաշ­խար­հա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցի նաեւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան այս առ­թիւ կը տե­սակ­ցի մի­ջազ­գա­յին ներդ­րող­նե­րու հետ եւ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Տա­ւո­սի հիմ­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Հրանդ Տինք երէկ վերյիշուեցաւ՝ իր դէմ գործուած մահափորձին վերաբերեալ բազում հարցականներու մթնոլորտին մէջ:
Օսմանպէյի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցութիւն բերին հոծ թիւով ցուցարարներ, որոնք կը կրէին պաստառներ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Վոլքան Վուրալի ելոյթը:
Վաստակաւոր դեսպանին համոզմամբ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս վերջ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուէին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, այս քայլին տակաւին չառնուած ըլլալը մեծ դժբախտութիւն մըն է, իսկ Պաքուն համոզելը կը վիճակի Անգարային:

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն յայտ­նի ու­տա­հար­ներ՝ հայր ու որ­դի Ռի­չըրտ եւ Հե­րոլտ Յա­կո­բեան­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լե­ցին Իս­թան­պուլ։ Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Պէ­յօղ­լուի մէջ, բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կէ ներս մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պուած էր Ռի­չըրտ Յա­կո­բեա­նի հա­մար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Ն. ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Ո՛չ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ը­սուած խօսք է, ո՛չ ալ այդ­պէս` շռայ­լան­քով տրուած գնա­հա­տա­կան է շա­րու­նակ շեշ­տուող այն հաս­տա­տու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն, հայ մա­մու­լը հիմ­նա­կան դեր խա­ղա­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դի լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սա­գոր­ծու­մը յա­ռաջ մղե­լու, մշտա­նո­րոգ պա­հե­լու եւ նպա­տա­կաս­լաց հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­լու ազ­գա­կերտ գոր­ծին մէջ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­ղա­նա­կի խորհր­դա­նիշն է ձիւ­նը եւ ա­հա­ւա­սիկ ձիւ­նը կ՚իջ­նէ մեծ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ եւ կը տե­ղա­ւո­րուի հետզ­հե­տէ ո՛ւր որ մա­կե­րես մը գտնէ։ Եւ խե՜ղճ ձիւ­նը կը կար­ծէ, թէ իր այս հա­մայ­նա­տա­րած տի­րա­պե­տու­թիւ­նը տե­ւա­կան պի­տի ըլ­լայ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ պի­տի պսա­կուի։ «Խե՜ղճ ձիւն», այս ի՜նչ պա­րապ մտա­ծում, ի՜նչ խա­բէու­թիւն, աշ­խար­հի վրայ տե­ւա­պէս մնալ, ան­վերջ տի­րա­պե­տել…։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ դէ­պի Քա­րա­տաղ, իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ի­կոր Լուք­շի­չի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ այդ երկ­րի գոր­ծա­դիր եւ օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քին մէջ այս շրջա­նին կ՚ապ­րուին նոր խմո­րում­ներ։ Վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­սուն­ցած եւ սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քուէի շրջա­նին հան­րա­յին կար­ծի­քի աչ­քին առ­ջեւ ա­ռա­ւել յստա­կա­ցած գոր­ծըն­թաց­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ խիստ հա­ւա­նա­կան է, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին հա­մա­խո­հա­կան նոր իշ­խա­նու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րուի երկ­րէն ներս։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հեռախօսազրոյց:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Պարաք Օպամա վճռական՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակութեան ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

19-րդ դա­րուն աղ­ջիկ­նե­րը տղոց հա­ւա­սար ու­սում չէին ստա­նար: Հա­րուստ­նե­րու աղ­ջիկ­նե­րը քիչ մը հա­յե­րէ­նի եւ քիչ մըն ալ ֆրան­սե­րէ­նի անձ­նա­կան դա­սեր կ’առ­նէին, իսկ աղ­քատ­նե­րը ա­տոնց­մէ ալ զրկուած էին:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան Հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նին կից գոր­ծող Տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու կեդ­րո­նի տնօ­րէն, Հա­յաս­տա­նի Գրա­դա­րա­նա­յին միու­թեան վար­չու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տեա­նի հետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի զրոյ­ցը ա­ռա­ւե­լա­բար կը վե­րա­բե­րի իր ղե­կա­վա­րած կեդ­րո­նի տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Տիար­պա­քը­րի մէջ մահ­կա­նա­ցուն կնքեց քա­ղա­քի վեր­ջին հա­յե­րէն Սար­գիս Է­քէն, որ 25 օ­րէ ի վեր դար­մա­նում կը տես­նէր «Տիճ­լէ» հա­մալ­սա­րա­նի հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ 2014 թուա­կա­նին ան կորսն­ցու­ցած էր իր 65 տա­րուան կո­ղա­կի­ցը՝ Պայ­ծառ Է­քէ­նը, ո­րու մա­հէն վերջ իր կեանքն ալ դուրս ե­կած էր բնա­կա­նոն հու­նէն։

Էջեր