Արխիւ
Վաստակաւոր դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզ յայտարարեց, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կրնան բարելաւել իրենց յարաբերութիւնները յանուն ապագային։
Սուրուչի ահաբեկչական դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին ուղարկեց ցաւակցական մը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.
Ձերդ գերազանցութիւն,
Ցաւով տեղեկացայ Յուլիսի 20-ին Թուրքիոյ Շանլըուրֆա նահանգի Սուրուչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած եւ քանի մը տասնեակ զոհերու պատճառ դարձած պայթումին։
Աշխարհահռչակ երգահան Տիգրան Մանսուրեան նախընթաց օր խումբ մը երաժշտասէրներու հետ մէկտեղուեցաւ Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի երդիքին տակ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական լեռնաշխարհի ամենահին կոթողները միշտ կը մնան անմիջական ուշադրութեան առարկայ՝ վերանորոգ հետաքրքրութեամբ:
Ազգագրագէտ Արսէն Բոբոխեանի կողմէ ուսումնասիրութեան վայրին իսկ վրայ շահեկան բացատրութիւններ տրուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Մաթիաս Քեսլէրը, որ յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան վերջերս այցելեցին Նիս։
ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար եւ վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու տօնական արձակուրդի օրերէն վերջ վերստին կը ձեռնարկէ համախոհական կառավարութիւն մը ստեղծելու ջանքերուն։
Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովի օրակարգին վրայ բերաւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան խնդիրը:
ՃՀՓ-ական երեսփոխանը խորհրդարանի դիւանին հարցման առաջարկ մը ներկայացուց՝ ակնկալելով Պիւլենտ Արընչի պատասխանը:
Մամէտեարով այցելեց Մոսկուա, միջնորդները կ՚ուղեւորուին դէպի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Լաւրովի, անհրաժեշտ է աշխուժացնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոսի մէջ՝ Քրիստոսով ապրուած կեանք մը խաղաղ ու հանգստաւէտ կեանք մըն է։ Եւ այս խաղաղ կեանքը վստահութիւն կը ներշնչէ մարդուն՝ որ կարօտը ու պահանջքը ունի ապահովութեան եւ պէտքը կը զգայ միշտ վստահելի անձնաւորութեան մը։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք այսօր տարածքաշրջանային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
14 Յուլիսը, աշխարհով մէկ, ֆրանսացիներուն վերապահուած տօնական օր է։ 14 Յուլիս 1789-ին, ֆրանսացիք գրաւեցին եւ կործանեցին իրենց պետականութեան բռնակալական էութեան խորհրդանիշը՝ Պասթիյի տխրահռչակ բերդբանտը։
Երեւանի «Միսաք Մանուշեան» պուրակին մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ գրքի տօնավաճառ մը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ «Ընթերցող Երեւան» խորագրեալ այս երկօրեայ ծրագիրը համախմբեց աւելի քան երկու տասնեակ կազմակերպութիւններ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 12-րդ անգամ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան նշանակուեցաւ Տաւուշի Թեմի առաջնորդ։
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն ներս յատկանշական օր մը:
Կիլիկեան Աթոռի միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինը (SARF) կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը եւ «Անի» պարախումբը որոշած են յատուկ ելոյթով մը իրենց մասնակցութիւնը բերել սուրիահայութեան համար կատարուող նպաստի աշխատանքներուն:
ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցնող օրերուն, սուրիահայութիւնը իր դառն առօրեային մէջ յոյսի եւ ուրախութեան եզակի պահեր ապրեցաւ, երբ հայկական վարժարաններու բեմահարթակներուն վրայ միջնակարգի եւ երկրորդականի շրջանաւարտ հունձքերու պայծառ ներկայութիւնը վայելեց:
Միջազգային պանդոկներու ցանցերը մասնաճիւղեր կը բանան Հայաստանի մէջ:
Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Երեւանի «Doubletree By Hilton»ի բացման: