Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, Պուլ­կա­րիոյ Հա­յոց Թե­մէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի ընտ­րու­թիւ­նը։ Վառ­նա­յի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Ուք­րայ­նոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Մար­կոս Եպսկ. Յով­հան­նի­սեան, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Ինչ­պէս յայտ­նի է, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը վեր­ջերս սրբա­դա­սուած էին Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ եւ այս շրջագ­ծով պատ­րաս­տուած էր նաեւ սրբան­կար մը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, նա­հա­տա­կաց այս սրբա­պատ­կե­րը զե­տե­ղուած էր Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ, որ­պէս­զի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը բե­րեն ի­րենց խո­նար­հու­մը եւ ա­ղօթ­քը։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ նշանաւոր լուսանկարիչներուն դրուագները ժամանակի ընթացքին արդարանալով իսկապէս անմահացուցած են համաշխարհային բազում յայտնի դէմքերը:
Երեւանի մէջ Վահան Քոչարի ջանքերով բացուած ցուցահանդէսը եզակի պատուհան մըն է նշանաւորներու կերպարը նորովի ընկալելու  համար:

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լա­ֆոն­թէ­նի ա­ռակ­նե­րը ծա­նօթ են շա­տե­րուն։ Ա­նոնց­մէ մէ­կուն մէջ կը պատ­մուի մա­հա­մերձ ա­գա­րա­կա­պա­նի մը պատ­մու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ՝ Քո­լին Քա­յըք­ճըօղ­լու, Ռո­պէրթ Սէր­տար Շա­հին, Լի­նա Չավ­տար, Նա­թան Սիւս­լիւ, Հե­լին Մու­րա­տեան, Մա­սիս Տէմի­րէլ եւ Այգ Թու­րաչ, ո­րոնք կ՚ան­դա­մակ­ցին «Միա­ցեալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թիւն (ՄԱԿ)-Ման­րա­տի­պ» ա­կում­բին, ու­ղեկ­ցու­թեամբ ի­րենց ու­սուց­չու­հիին՝ Սե­սիլ Քո­ճա­յին, 12-16 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն, «Քո­չ» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ մաս­նակ­ցե­ցան «ՄԱԿ-Ման­րա­տի­պ»ի անգ­լե­րէ­նով կա­յա­ցած ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նօթեր՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Փարիզի ելոյթէն վերջ - Ա
Լոզանի դաշնագրին յղում ընելով՝ ճանաչման ու հատուցման սպասումներուն մէջ Նորին Սրբութիւնը նոյն զուգահեռականին վրայ կը տեսնէ հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու իրաւունքներուն հետապնդումը:

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Տաթ Չափըլի երէց Վերապատուելի Բենիամին Ռեկընզփուրի։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Ֆո­թոլ­րագ­րող Ա­րա Կիւ­լէ­րի լու­սան­կար­նե­րով ճո­խա­ցած կեն­սագ­րա­կան հա­տո­րը վեր­ջերս լոյս տե­սաւ «Ֆո­թոկ­րա­ֆէ­վի» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն՝ «Աչք մը, մե­քե­նայ մը եւ ի­րա­կա­նու­թիւն» խո­րագ­րով։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

«Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման զի­նեալ­նե­րը ա­կա­նա­պա­տած են Սու­րիոյ տա­րած­քին գտնուող Փալ­մի­րա հնա­գոյն քա­ղա­քին ա­ւե­րակ­նե­րը։ Ըստ հա­սած լու­րե­րու, ա­կան­ներ տե­ղադրուած են հնա­գոյն յու­շար­ձան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հռո­մէա­կան ամ­փի­թատ­րո­նին շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Զի­նեալ ու­ժե­րու նախ­կին գնդա­պետ Տուր­սուն Չի­չէք, որ ներ­կա­յիս դար­ձած է ՃՀՓ­-ի ե­րես­փո­խան, խոս­տո­վա­նե­ցաւ, որ բա­նա­կը 2000-ա­կան­նե­րու սկիզ­բէն հա­մա­ցան­ցա­յին յա­տուկ կայ­քեր հաս­տա­տած էր՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով վար­կա­բե­կել ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոր կող­մէ հիմ­նուած կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­յե­րը, քիւր­տերն ու Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի շար­ժու­մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Կար­սե­ցի գրող Ի­սա Եըլ­մազ վեր­լու­ծեց Կար­սի պատ­մա­կան յու­շար­ձան­նե­րու այժ­մու կա­ցու­թիւ­նը։ Ան նշեց, թէ քա­ղա­քը իր պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րով անգտա­նե­լի գանձ մըն է շար­ժա­րուես­տի ու գրա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ, սա­կայն դժբախ­տա­բար ա­նոնք բար­ձի­թո­ղի վի­ճա­կի մէջ կը գտնուին այժմ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տուա­կան գրա­սե­նեա­կը կը կազ­մա­կեր­պէ հրա­պա­րա­կա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն մը՝ հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տին զար­գա­ցում­նե­րը։ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու հա­տու­ցու­մը նոր հո­րի­զոն­նե­րու եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց» ձեռ­նար­կին ժա­մա­նակ հրա­պա­րա­կա­յին դա­սա­խօ­սու­թեամբ հան­դէս պի­տի գայ ա­կա­նա­ւոր պատ­մա­բան Փրոֆ. Թա­նէր Աք­չամ։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

Ար­ցա­խի մէջ գտնուող Գան­ձա­սա­րի վան­քին կից պի­տի կա­ռու­ցուի մա­տե­նա­դա­րան մը, պե­տա­կան պիւտ­ճէով։ Շի­նու­թիւ­նը, ուր պի­տի պահ­պա­նուին հին հայ­կա­կան ձե­ռա­գիր­ներն ու մա­տեան­նե­րը, 2004 թուականին կա­ռու­ցուած էր որ­պէս հո­գե­ւոր դպրա­տուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2015

​Քրիս Պոհչալեան իր գործերով կը գրաւէ գրասէրներու ուշադրութիւնը:
Մեծ եղեռնի մասին պատմող այս վէպը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Նախ­կին նա­խա­գահ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէլ շա­բա­թա­վեր­ջին հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ իր ծննդա­վայ­րին՝ Սպարթայի Իսլամ­գիւղին մէջ, ուր  պիտի կառուցուի յուշադամբան մը։ Ան­ցեալ շա­բաթ ան կնքած էր իր մահ­կա­նա­ցուն յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման ակնկալութեամբ բացուած դատը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել հայկական հանրային կարծիքի օրակարգը:
Թուրքիոյ սահմանադրական ատեանը կարգ մը ապացոյցներ ունենալ փափաքած է, անթիլիասի կողմէ կատարուած դատական նախաձեռնութեան կապակցութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին բացայայտումներ ըրաւ Փարիզի մէջ:
 

 

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Հրա­ւի­րուած ըլ­լա­լով կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ, ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք իր խօս­քին բնա­գի­րը, զոր ան ո­րոշ յա­պա­ւում­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց՝ տե­ղա­ւո­րուե­լու հա­մար կլոր սե­ղա­նի ժամ­կէտ­նե­րուն մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Երկու դրացիներու՝ Կարսի եւ Կիւմրիի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւն:
Սահմանակից քաղաքներու կանայք միասնաբար ճաշ պատրաստեցին եւ դարձան սեղանակից:

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած պաս­քէթ­պո­լի 26-րդ մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Ա­ռաջ­նու­թեան դափ­նին նուա­ճեց Սա­հա­կեան սա­նուց միու­թեան խում­բը։

Երկուշաբթի, Յունիս 22, 2015

ՍԾՏՀԿ­-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ նշա­նա­կուած է Ար­սէն Ա­ւա­գեան։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ար­սէն Ա­ւա­գեան օ­տար ա­նուն մը չէ, քա­նի որ 2001-2005 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ նոյն պաշ­տօ­նը վա­րած էր քա­ղա­քիս մէջ։

Էջեր