Արխիւ
ԵԱՀԿ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 22-րդ ժողովը Պելկրատի մէջ:
Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ կը սպասուի Մեւլիւտ Չավուշօղլու-Սէրկէյ Լաւրով տեսակցութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան աշխատակազմը, գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեանի առաջնորդութեամբ։ Այս առթիւ Յովհաննէս Այվազեանին ներկայացուց «Հայկական հանրագիտարան»ի գործունէութիւնը, մասնաւորապէս անդրադառնալով վերջերս լոյս տեսած «Գրատպութիւն եւ գրքարուեստ» հանրագիտարանի հրատարակութեան, նաեւ յառաջիկայ ծրագրերուն։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Իսթանպուլի մէջ ապրուեցաւ պայթում մը։ Պայրամփաշայի մէջ պատահեցաւ դէպքը, որու հետեւանքով մէկ հոգի վիրաւորուեցաւ։
Աֆղանիստանի խաղաղարար առաքելութեան մասնակից երկիրներու արտաքին նախարարներուն ժողովը:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, Հայաստան յաջորդ տարի եւս պիտի շարունակէ «Վճռական աջակացութիւն»ը:
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը ուշագրաւ փոփոխութիւն մը կատարած է՝ նախակրթարանի չորրորդ դասարանին պարտադիր դասաւանդուող «Մարդու իրաւունքներ, քաղաքացիութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» առարկայի դասագրքին մէջ։ Տեղական մամուլին մօտ եւս արձագանգ գտած է այս փոփոխութիւնը, որու հիման վրայ մարդու իրաւուքներն ու ժողովրդավարութիւնը մանուկներուն պիտի բացատրուի թրքական, քրդական, հայկական եւ այլ ժողովուրդներու հէքեաթներուն միջոցաւ։
Էրտողան-Օպամա հանդիպումը Անգարայի դիրքը ամրապնդեց Մոսկուայի հետ լարուածութեան շրջագծով:
Ֆրանսա եւ Գերմանիա եւս Թուրքիոյ հաւանութիւնը կ՚ակնկալեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը օգտագործելու համար:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պոլսահայութիւնը հրաժեշտ կու տայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիին, որու Ազգային յուղարկաւորութեան կարգը վաղը տեղի պիտի ունենայ Պէյօղլուի մէջ։ Մեր ամլացած մշակութային կեանքի պայմաններով անփոխարինելի է այս կորուստը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք խորհա՞ծ էք սիրելիներ, ո՜րքան անիմաստ եւ ն՛ոյնքան անտանելի եւ յուսահատական պիտի ըլլար կեանքը՝ եթէ նպատակ մը չունենար։ Արդարեւ ամէն օր որ կ՚ապրինք, կը ծառայենք նպատակի մը՝ հոգ չէ թէ չանդրադառնանք անոր եւ անգիտակցօրէն զբաղինք մեր առօրեայ գործերով։
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը՝ ի նպաստ Պէզճեան Մայր վարժարանի։ Համանուն սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկը կազմակերպուած էր դպրոցի Ծնողաց միութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։
Թոփգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի այս շաբաթավերջի տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հովանաւորութեամբ, այս Կիրակի Գումգաբուի մէջ պիտի սարքուի Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Արարողութեան ներկայ եղաւ նաեւ եկեղեցւոյ երէց՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
«Նոթոս» գրական հանդէսը Դեկտեմբեր 2015-Յունուար 2016 թուակիր, 55-րդ թիւը նուիրած է հայ գրականութեան։ Այս երկրին մէջ ապրուած մեծ ցաւերէն առաջ եւ յետոյ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները եւ հնագոյն լեզուի մը գրականութեան ներկան, համաշխարհային գրականութեան մէջ ունեցած տեղը կը ջանայ ցոյց տալ «Նոթոս»ի այս թիւը՝ դառնալով հիմնաւոր ուղեցոյց մը բոլոր հետաքրքիրներուն համար։
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ խանդավառ երեկոյթ մը:
Մեր համայնքի համակրելի մեներգիչը՝ Պարթեւ Կարեան դարձեալ վերացուց ունկնդիրները, որոնք ցնծացին իր կատարումներով:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Ուժի մէջ մտած է Հայաստանի եւ Պրազիլիոյ միջեւ մուտքի արտօնագրային կարգը հանելու մասին համաձայնութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական կայքէջը:
Հանրապետութեան նախագահը այս առաւօտ տեսակցեցաւ ԱՄՆ-ի ղեկավարին հետ:
Էրտողան թէեւ երէկ չկրցաւ տեսակցիլ Փութինի հետ, սակայն Անգարա հետզհետէ կ՚ապահովէ միջազգային աջակցութիւնը՝ Մոսկուայի հետ առկայ ճգնաժամին շրջագծով:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսէլ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան կը մասնակցի Աֆղանիստանի «Վճռական աջակցութիւն» խաղաղապահ գործողութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութիւնը երէկ վստահութեան քուէ ստացաւ Ազգային մեծ ժողովին կողմէ։ Վերջին օրերուն կառավարութեան ծրագրին շուրջ ծաւալուած քննարկումներէն վերջ, երէկ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ վստահութեան քուէարկութիւն։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Կը հաղորդուի, որ շուրջ 50 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան (ՃՀՓ) ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակեցման յանձնաժողովի անդամ։ Երէկ, խորհրդարանի այդ յանձնաժողովը գումարեց իր առաջին նիստը, որու ընթացքին Շանլըուրֆայի երեսփոխան Մեհմէտ Քասըմ Կիւլփընար (ԱՔ կուսակցութիւն) ընտրուեցաւ յանձնաժողովի նախագահ։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ խորհրդաժողովը Փարիզի մէջ համախմբեց աշխարհի հարիւրյիսուն երկիրներու ղեկավարները:
«COP 21»ի շրջագծով որոնումները ուղղուած են երկրագունդի ապագային, քաղաքական յանձնառութիւններով հանդերձ:

